Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Մեր փոքրիկ Հայաստանը

Հունիս 09,2022 12:30

Ամբողջ քսանամեակ մը՝ մանկութիւն, պատանեկութիւն եւ վաղ երիտասարդութիւն, անցընելէ ետք հայահոծ, հայաշունչ ծննդավայրիս՝ Պէյրութի մէջ, ուր կեանքը կը բաբախէր ազգային-գեղարուեստական, մտաւորական շունչով, ոգիով, գործունէութեամբ, ամուսնութեան բերումով տեղափոխուեցայ Կիպրոս, որ վաղուց ճանչցուեր է որպէս «Կղզի նման չիք մեր Կիպրեայ», Ռուսինեանի յայտնի երգին տողով… Ինչ խօսք, ամէն ինչ դրախտային էր առաջին հայեացքով, ունէի հոգատար, ազնիւ ամուսին եւ լաւ շրջանակ, բայց հոգիս կը տուայտէր կարօտովը՝ Պէյրութի ազգային-միութենական հայաբոյր կեանքին: Կիպրոսը շատ փոքր գաղութ է բաղդատած Լիբանանին, խիստ սահմանափակ հայ կեանքով եւ հնարաւորութիւններով: Բարեբախտաբար, հայաշունչ կեանքի այդ մեծ բացը լրացնելու եւ անհուն կարօտս մասամբ ամոքելու եկաւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը:

Դեռ մանկութեան օրերէս, հայրս բարձր գովասանքով կը խօսէր Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մասին, անոր ունեցած տեղին ու դերին մասին հայապահպանումի եւ հայակերտումի սրբազան նպատակներուն գծով, բայց ան անչափ անհասանելի կը թուէր ինծի: Կիպրոսի մեր բարեկամական շրջանակին մէջ կար աննման եւ ջերմսիրտ զոյգ մը՝ Հայրապետ եւ Սօսի Թորոսեանները, երկուքն ալ հարազատ Մելգոնեանցիներ, որոնք զիս ուղղորդեցին Մելգոնեան, ներկայ ըլլալու անոր բազում եւ բազմապիսի ձեռնարկներուն: 70-ական թուականներուն, Մելգոնեանը կ՚եռար գրական-թատերական-երաժշտական ձեռնարկներով եւ հանդիսութիւններով, արենուշական եւ մարզական շարժումներով: Շուտով մտերմացանք այս բացսիրտ եւ ազնուահոգի զոյգին հետ եւ մեր առջեւ բացուեցաւ նոր աշխարհ մը, Մելգոնեանի արտադասարանային գործունէութեանց հայաշխարհը…

Օր մը՝ թատերական երեկոյ կ՚ըլլար, ուրիշ օր մը՝ երաժշտական համերգ, կամ գրական երեկոյ՝ նուիրուած մեր մեծ բանաստեղծներէն կամ գրողներէն մէկուն յոբելեանին: Նոյնիսկ, Մելգոնեանի տարեկան մարզահանդէսներն ու արենուշական հաւաքոյթները զիս կը հրապուրէին անչափ: Մեծ բախտաւորութիւն էր տեսնել սփիւռքահայ աւելի քան քսան երկիրներէ ժամանած պարման-պարմանուհիներ միատեղ հաւաքուած Մելգոնեանի կրթական յարկին տակ, ոչ միայն չոր ու ցամաք ուսում ստանալու, այլեւ ու մանաւանդ իրենց սրտի ու մտքի, ոգիի ջահը վառելու այնտեղ բոցավառող Մեսրոպեան ջահէն, յետոյ այդ ջահով լուսաւորելու Սփիւռքի չորս ծագերուն սփռուած իրերայաջորդ սերունդները…եւ ի կատար ածելու Մելգոնեան անմահ Բարերարներուն՝ աղա Կարապետ եւ աղա Գրիգոր Մելգոնեաններու Մեծ Երազը, որ կը խտանար Բարերարին պարզ եւ դիպուկ խօսքերուն մէջ. «Ես այս դպրոցը կը բանամ ազգիս վրէժը լուծելու համար»:

Մելգոնեանի կեանքին հետ առաւել սերտօրէն կապուեցայ, երբ Տիկ. Սօսի Պետիկեանը նշանակուեցաւ Տնօրէնուհին Հաստատութեան, փոխարինելու Պրն. Ասատուր Պետեանը: Ան, որպէս իմ վաղեմի ուսուցչուհին ՀԲԸՄ Դարուհի Յակոբեան երկր. Վարժարանէն ներս, զիս մղեց որ գործօն մասնակիցը դառնայի ՀԲԸՄիութեան Նիկոսիոյ Մասնաճիւղի մշակութային կեանքին, որ կ՚ընթանար միասնական գործակցութեամբը Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան:

Տէր եւ Տիկ. Վարուժան եւ Սօսի Պետիկեանները նոր շունչ բերին Մելգոնեանի կեանքին, նոր աւիշ ու աւիւն փոխանցեցին անոր հայկականութեան: Բազմապատկուեցան գրական-գեղարուեստական ձեռնարկները, ասուլիսները, հայրենի արուեստագէտներու այցելութիւնները, հանդիպումները…եւ մենք՝ կողակիցս ու ես, հայրենիքէն փարսախներով հեռու, աւելի մօտէն հաղորդակից դարձանք՝ Միջերկրականի գեղածիծաղ ափերուն փռուած այդ փոքրիկ Հայաստանին հայատրոփ կեանքին, ըմպեցինք անոր լոյսն ու յոյսը, սէրն ու հաւատքը առ մայրենին ու հայրենին եւ մեր տարագիր հոգիները թեւ առին դէպի եզերքները հայրենական…: Այստեղ անշուշտ անուրանալի է նաեւ կրթական այլ մշակներու ներդրումը, յատկապէս երաժիշտ-խմբավար Սեպուհ Աբգարեանի, Հայագիտութեան ուսուցիչներ՝ Վահան Պետիրեանի, Արտեմ Սարգսեանի, Մինաս Գոճայեանի, Երուանդ Մելքոնեանի եւ շատ ուրիշներու, որոնք ոչ միայն հայերէնի եւ հայ գրականութեան ու պատմութեան դասատու էին, այլեւ Սփիւռք-Հայրենիք ոգեղէն կապը սերտացնող ու ամրացնող մշակներ…

Այնուհետեւ, իմ կեանքս միահիւսուեցաւ Մելգոնեանի կեանքին, բառիս ամբողջական իմաստով: Անիկա իսկապէս դարձաւ իմ երկրորդ տունս, հարազատ օճախ, որ ժամադրավայրն էր Սփիւռքէն ու Մայր հայրենիքէն Կիպրոս այցելող կռունկներու, որոնց համար Մելգոնեանի սիրտը գտնուող մեծ Բարերարներու դամբանը իւրօրինակ ուխտատեղի էր, իսկ ողջ աշակերտութիւնը՝ կոտորուած, կոտորակուած ու ցեղասպանուած արեւմտահայութեան նորաբողբոջ ծիլերու անդաստանը, ուր կ՚աճէին ու կը ծաղկէին անոնք, որպէս արեւմտահայ լեզուի, բառ ու բանի նորագոյն կրողները յանուն լոյսին եւ հացին կենաց… Արդարեւ, ինչպէ՞ս չյիշատակել այստեղ յետ-Եղեռնեան Սփիւռքը եւ որբերը, որոնց մասին Վահան Թէքէեան կը գրէ. «Կը խլեն գիրքը անոնք, կատաղօրէն, հացի՜ պէս…»: Այդ բազմահազար որբերուն համար լուսոյ տաճար եղաւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, ուր անոնք ստացան հայեցի կրթութիւն, եւ հայասպանութեան դէմ զինուեցան մշակութապահպանութեամբ: Դժուար տարիներ էին յետ-Եղեռնեան տարիներն ու տասնամեակները…Ամէն Ապրիլ 24-ի ոգեկոչում կը վերածուէր լաց ու ողբի…: Հայրենի գրող, Մելգոնեանցի Շաքէ Վարսեան յուզումով կը պատմէր, թէ նման ոգեկոչումի օր մը, երբ ցեղասպանութեան վէրքը շատ թարմ էր եւ ամէն հայ տարագիրի սիրտը արիւն կու լար, Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան սան-սանուհիներ երբ կը կատարեն Կոմիտասեան երգեր, սրահին մէջ ծայր կ՚առնէ լաց ու ողբի փղձկում մը, որ կը վարակէ բոլորը…Արիւնալի յուշերը կ՚ալեկոծեն բոլորին հոգիները…եւ յանկարծ, բեմին վրայ կը յայտնուի երաժշտութեան ուսուցիչ Բարսեղ Կանաչեան եւ կը յորդորէ. «Ինչո՞ւ կու լաք, այսպիսի երգ ունեցող ժողովուրդ մը չի մեռնիր, պէտք չէ մեռնի»…

Անցեր էին տասնամեակներ այդ սեւ օրերէն, կէս դարէն ալ աւելի, բայց դեռ նմաններուն ոգին կը թեւածէր Մելգոնեանի մթնոլորտին մէջ, զոյգ շէնքերուն եւ դալարագեղ պուրակին մէջ, ուր ամէն մէկ ծառ տնկուած էր որբի մը ձեռամբ… «Մեռելներուս իբրեւ խաչ, Ես այս ծառը տնկեցի», ինչպէս պիտի գրէր Լեւոն Սիւրմելեան… Ամէնշաբաթեայ յաջորդականութեամբ, Մելգոնեանի բեմէն կը հնչէին ելոյթները հայրենի կամ սփիւռքահայ բանաստեղծներու, գրողներու, մտաւորականներու թէ արուեստագէտներու, որոնք հիւրաբար կ՚այցելէին Մելգոնեան, իրենց հայու հոգիէն նոր շունչ ու հեւք թողելով այնտեղ: Բանաստեղծներէն յիշեմ անունները՝ Վահէ Վահեանի, Գէորգ Էմինի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Վահագն Դաւթեանի…արձակագիրներէն՝ Կարպիս Սուրէնեանի, Անդրանիկ Անդրէասեանի, Վարդգէս Պետրոսեանի, Շաքէ Վարսեանի, Սեւտա Սեւանի… Հրապարակագիրներէն՝ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի, Պարոյր Աղպաշեանի, Ժիրայր Դանիէլեանի, Հայր Անդրանիկ Կռանեանի, Լեւոն Վարդանի … պատմաբաններէն՝ Դոկտ. Վահագն Տատրեանի, Դոկտ. Արա Սանճեանի, Բարսեղ Թուղլաճեանի… երաժիշտներէն՝ Վարդան Պետրոսեանի, Գրիգոր Արծրունիի, Արթուր Փափազեանի, Կոմիտաս քառեակի, Լուսինէ Զաքարեանի, Գոհար Գասպարեանի, Մելանիա Աբովեանի…եւ ուրիշ շատ-շատերու… Ելոյթներէն ետք, աւանդոյթ դարձած էր զանոնք հիւրընկալել ճաշկերոյթի մը շուրջ կամ խրախճանքով՝ ՀԲԸՄիութեան Նիկոսիոյ ակումբին մէջ կամ տնօրէնութեան վիլլային մէջ թէ այլուր, եւ կը շարունակուէր ստեղծուած հայաջերմ մթնոլորտը՝ խօսք ու զրոյցով, հայ երգ ու ասմունքով…

Նման հանդիպումներէն կամ պաշտօնական հանդիսութիւններէն բացի, տեղի կ՚ունենային ասուլիսներ, ասմունքի մրցոյթներ, խարուկահանդէսներ, մարզահանդէսներ, որոնց ներկայ գտնուիլը առանձնաշնորհում կարելի է նկատել… Կը յիշեմ նոյնիսկ բարոյախօսութիւնները ամէն Երեքշաբթի առաւօտեան, դասերէն առաջ, երբ բացի ուսուցիչներէն բարոյական նիւթի մը շուրջ խօսք կ՚առնէին գաղութէն հրաւիրեալներ, քանզի բարոյական կրթութիւնը անբաժանելի մասն էր Մելգոնեանի ուսումնակրթական կեանքին: Տիկ Պետիկեանը զիս ալ հրաւիրած է քանիցս խօսք առնելու բարոյախօսական նիւթի մը շուրջ՝ աշակերտութեան համար հրատապ կամ կարեւոր նկատուող:

Իսկ տարեկան համերգները՝ Մելգոնեանի Երգչախումբին կատարողութեամբ եւ խմբավարութեամբը Մայեստրօ Սեպուհ Աբգարեանի, երաժշտական բացառիկ վայելք էին, հոգեպարար եւ հոգեվարար…Այդպէս էր նաեւ Ս. Ծննդեան երգերու յատուկ Երեկոն, որ տեղի կ՚ունենար Դեկտեմբեր ամսուան մէջ, Ս. Ծննդեան եռալեզու երգերու կատարողութեամբ, տօնական օրերու համն ու բոյրը, անոնց խորհրդաւորութիւնը փոխանցելով սիրտէ սիրտ, հոգիէ հոգի…

Զիս յատկապէս տպաւորած են տակաւին Մելգոնեանի Ամավերջի հանդիսութիւնները, երբ շրջանաւարտներ եւ շրջանաւարտուհիներ ուրախութեան եւ տրտմութեան խառն զգացումներով կը դիմաւորէին Մելգոնեանէն իրենց շրջանաւարտութիւնը: Դժուար էր հրաժեշտ առնել իրենց պատանեկութեան օրրանէն, Մելգոնեանի մեծ ընտանիքէն, իրենց քոյր ու եղբայրներէն, պարման սիրտերու մէջ բողբոջած ու ծաղկած մաքուր ու անմեղ սէրերէն…Ուրախութեան արցունքներուն կը միախառնուէր բաժանման դառն կսկիծը…: Բարեբախտութիւն է որ շատ մը սիրող զոյգեր միասին կազմեցին յետոյ իրենց ընտանեկան բոյնը, յաւերժացնելով պատանի սիրտերու մէջ ծնած սիրոյ թրթիռը, հարթելով ցեղին յաւերժացման ճամբան…

Այսպիսին էր Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, Սփիւռքի լայնածաւալ տարածքին մէջ՝ հայութեամբ ու հայկականութեամբ շնչող դալարագեղ ովասիսը, որ իրերայաջորդ շատ մը սերունդներուն համար եղաւ հայակերտումի լուսաջերմ օճախ, որուն սերմանած հունտերը տուին բերքառատ հունձք ի վայելումն սփիւռքացած հայատոչոր հոգիներու, ցրուած աշխարհի չորս ծագերուն… Մելգոնեանի հայկական աւազանին մէջ, ես նոյնպէս կրկին անգամ կարծես մկրտուեցայ հայկականութեամբ, հայ բառ ու բանի լուսապաշտ խորհուրդով, հայոց պատմութեան աննկուն ոգիով, հայ մշակոյթի անմահական արժէքներու վերիմաստաւորումով, մեր Մեծերու թողած ժառանգութեան շառայլներով, հայրենեաց հողի ոգեղէն եւ լուսեղէն հրայրքներով… Անոր սրբանուէր յարկին տակ, իմ մէջ կազմաւորուեցաւ հրապարակախօսն ու հրապարակագիրը, խմբագիրն ու հայ գիրի մշակը… Մելգոնեանը եղաւ այն արգաւանդ հողը, ուր նետուած սերմերը տուին ոգեղէն եւ լուսեղէն հարուստ եւ հարստացնող հունձք, մերթ կրկնապատի՜կ, մերթ ալ բազմապատի՜կ… Բիւր օրհնութի՜ւն եւ խոնարհո՜ւմ Մեծ Բարերարներու տեսիլքին, անոնց սիրտերը հրավառող սուրբ վրէժին որ ծնունդ տուաւ այն ԼՈՒՍՈՅ ՏԱՃԱՐԻՆ, որ կոչուեցաւ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ:

Երան ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Յունիս 2022

«Առավոտ» օրաթերթ
08.06.2022

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930