Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Արժեւորում եւ վկայութիւններ». լոյս տեսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական գահակալութեան 25-ամեակին նուիրուած յատուկ հրատարակութիւնը

Հունիս 07,2022 15:31

Լոյս տեսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Հայրապետական Գահակալութեան 25-Ամեակին նուիրուած Յատուկ Հրատարակութիւնը՝«Արժեւորում եւ Վկայութիւններ»՝ Անթիլիաս, Լիբանան։ Կը բաժնեկցիմ ձեզի հետ իմ գրութիւնը որ լոյս տեսաւ սոյն հրատարակութեանը մէջ։

Վեհափառ Հայրապետին Հորիզոնները

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

«Պատմութիւնը պէտք է կերտել՝մերժելով դառնալ գերին անոր պարտադրած գոյավիճակներուն։ Պատմութիւնը պէտք է կերտել՝կառչելով այնպիսի արժէքներու ու իտեալներու, որոնք կը կազմեն ազգի մը ինքնութիւնը ու կամրացնեն անոր գոյութիւնը։ Պատմութիւնը պէտք է կերտել՝զարգացնելով ազգի մը ստեղծագործական ոգին ու ամրապնդելով անոր ներքին միութիւնը։ Պատմութիւնը պէտք է կերտել՝ճիշդ կարդալով ժամանակները (Ղուկաս 12: 54-56) եւ քաջօրէն դիմագրաւելով մարտահրաւէրներն ու տագնապները»։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի խօսքն է։

Քսանհինգ երկար տարիներու առաքելութիւն մը, որ խարսխուած է հաւատքի գիտակցութեանը վրայ, եւ որ վերածուած է գործի, աշխատանքային իրական եւ ապրող կեանքի։ Կեանք մը, որ կը ստեղծէ եւ կը ստեղծագործէ։ Կեանք մը, որ պատմութիւն է կերտած, եւ կը շարունակէ կերտել։ Վեհափառ Հայրապետի համար այս կեանքը «հաւատքի առաքելութիւն» է, ուր ան մարդկային կեանքը կը դիտէ «իբրեւ համայնական մէկ աբողջութիւն՝…համապարփակ ու ամբողջատեսիլ մօտեցումով»։ Վեհափառ Հայրապետի պատմութիւնը եւ այդ պատմութեան մէջ անոր առաքելութիւնը թէեւ մէկ կողմէ հայուն եւ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրուած է՝իր համահայկական բնոյթով, բայց եւ այնպէս անիկա նոյնքան ալ համամարդկային է, եւ՝ համաքրիստոնէական։ Այս Է Վեհափառ Հայրապետի ստեղծող եւ ստեղծագործող պատմութիւնը։

Վեհափառ Հայրապետին հաւատքի առաքելութեան հիմքը Աստուածաշունչն է։ Անոր համար «Աստուածաշունչը Աստուծոյ յայտնութիւնն է՝իւրայատուկ, սուրբ եւ բացարձակ արժէք մը քրիստոնէութեան համար»։ Վեհափառ Հայրապետ կը յիշեցնէ, «բաւարար չէ որ անձ մը ունենայ Աստուածաշունչը, այլ պէտք է ճանչնայ զայն»։ Իսկ Աստուածաշունչը ճանչնալու համար անհրաժեշտ է, որ մարդ գիտակցի անոր ներկայացուցած արժէքին եւ դնէ զայն հաւաքականութեան ընդհանրական կեանքի մէջ՝նպատակ ունենալով զայն ճանաչելի դարձնել մարդոց, եւ անոր ընդմէջէն փոխելու մարդոց կեանքը։ Վեհափառ Հայրապետը կը բացատրէ, թէ այս փոխելու եւ փոխուելու գործընթացը աննպատակ չէ, այլ «հոգեւոր կեանք» մը ստեղծել է, որ մարդուն կեանքին կուտայ «որակ, ուր կը ճառագայթեն Աստուածաշնչական ճշմարտութիւնները»։ Վեհափառ Հայրապետը ինք այս կեանքի որակը՝ իր աստուածաշնչական ճշմարտութիւններով, մինչեւ օրս «եկեղեցւոյ միջոցաւ կը տանի հայ ժողովուրդին», բայց նաեւ հայ «եկեղեցին կը բանայ ներկայ աշխարհին»։

Արդարեւ, հայ ժողովուրդի կեանքի մէջ եկեղեցին ունի կարեւոր առաքելութիւն, որովհետեւ հոն կարիքը կայ «մարդկութեան ամբողջական փոփոխութեան, հոն, ուր մարդը կ՚ըլլայ իսկական մարդկային էակ»։ Անհրաժեշտ է, որ մարդը դառնայ մարդկային էակ, որովհետեւ «մարդը արժէք է Աստուծոյ համար եւ ան գործակից է Աստուծոյ՝ իբրեւ պահապանը ու պաշտպանը Անոր ստեղծագործութեան»։ Այս ստեղծագործութեան պահապանն ու պաշտպանն է Վեհափառ Հայրապետը, որուն համար առաջնահերդ անհրաժեշտութիւն է մարդուն դաստիարակութիւնը, որովհետեւ այդպիսով նոյն այդ մարդը կարելիութիւն կ՚ունենայ դառնալու «ստեղծագործ»։ Պէտք չէ նաեւ մտահան ընել այն իրականութիւնը, թէ եկեղեցին չի կրնար մեկուսացած հաստատութեան մը վերածուիլ։ Եկեղեցին «ժողովուրդին եկեղեցին» է։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը թէեւ Կաթողիկոսն է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահին, բայց եւ այնպէս ան ունի համահայկական տեսիլք եւ մտահորիզոն. «Հայ ազգը, իր հայրենաբնակ ու սփիւռքաբնակ զաւակներով, ես կը դիտեմ որպէս մէկ ամբողջութիւն»։ Այս մէկ ամբողջութիւնը Վեհափառ Հայրապետին միտք բանին է, որ ուժ կը ներարկէ հայկական իրականութեան։ Անթիլիասի կաթողիկոսարանը սոսկ հոգեւոր կեդրոն մը չէ։ Ան հայութիւնը քով-քովի բերող եւ հայկական միտքը դարբնող ու կերտող կառոյց է, որովհետեւ Վեհափառ Հայրապետը կրցած է «յստակ ուղեգիծ մը ճշդելով՝մեր ժողովուրդին ամբողջականութեան գործնական արտայայտութիւնը ապահովել»։ Այս գործնական արտայայտութեամբ, Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Կաթողիկոսարանը կրցած է վերածել հայութեան տան՝անոր բոլոր խաւերով եւ ենթակառոյցներով, նեռարելով նաեւ Մայր հայրենիքը։ Ան հաւատացած է ու կը շարունակէ հաւատալ, որ «մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը մեր հայրենիքի ապահովութեան մեծագոյն, անփոխարինելի ու ամենազօրեղ կռուանն ու երաշխիքն է»։

«Աշխարհը այսօր դարձած է համայնական մէկ աբողջութիւն», կըսէ Վեհափառը։ «Ազգեր, եկեղեցիներ, կրօններ, մշակոյթներ, աւանդութիւններ միասին ու միատեղ կապրին»։ Կաթողիկոսը կը հաւատայ «բացուելու» քաղաքականութեան, սակայն պահելով հայու ինքնութիւնն ու ազգային դիմագիծը։ «Միութիւն չի նշանակեր ինքնութեան ուրացում։ Զանազանութեան մէջ զանազանուիլ», կըսէ ան, որովհետեւ մեր համաշխարհային կապերն ու յարափերութիւնները կը ծառայեն «մեր ժողովուրդը, մեր եկեղեցին, մեր պահանջներն ու մեր արժէքները բանալու ուրիշին»։

Արամ Ա. Կաթողիկոս երկար տարիներու փորձառութիւն եւ կարեւոր ներդրում ունի միջ-եկեղեցական յարափերութիւններու եւ գործունէութիւններու մէջ։ Այդ բոլորը բնականաբար հետեւողական աշխատանք կը պահանջեն։ Անդրադառնալով սկզբնական տարիներու իր միջ-եկեղեցական փորձառութեան, Վեհափառը կը գրէ. « Միջ-եկեղեցական յարափերութիւնները սոսկ ակադեմական հետաքրքրութիւն էին ինծի համար»։ Բայց ան իր ակադեմական հետաքրքրութիւնը վերածեց ապրող եւ գործող կեանքի. «Քրիստոնէական եկեղեցին չի կրնար դիտողի վիճակի մէջ ըլլալ»։ Այս իմաստով Վեհափառ Հայրապետը բացուած է իր շրջապատին, իրեն հետ նաեւ տանելով Հայ Եկեղեցին, որպէսզի ան դիտողի կարգավիճակէն անցնի գործօն մասնակցութեան՝ «ուրիշին բացուած»։ Ասոր կողքին, Վեհափառ Հայրապետը կը հաստատէ որ միջ-եկեղեցական յարափերութիւնները նաեւ մաս կը կազմեն «դաստիարակչական գործընթաց»ի, ուր եկեղեցի, հաստատութիւն եւ հաւաքականութիւն կը սորվին «ուրիշը»։ Այս դաստիարակչական գործընթացին մէջ մարդ կը սորվի «ոչ միայն իրար հետ խօսիլ, այլ միասին ապրիլ»։

Վեհափառ Հայրապետի ուշադրութեան կիզակէտը ու առանցքը միշտ մարդն է։ Մարդուն կեանքին հանդէպ ան կը տածէ յարգանք եւ սէր։ Եթէ ան մէկ կողմէ կը հաւատայ տարբեր կրօններու եւ մշակոյթներու համակեցութեան, որ «Աստուծոյ կողմէ նուէր է եւ մարդկութեան համար առաքելութիւն», բայց միւս կողմէ կը վերադառնայ քրիստոնէական Աստուածաբանութեան հիմքին, թէ՝ «Քրիստոսի ծնունդի նպատակը մարդուն վերստին ծնունդը եւ փրկութիւնն է»։ Վեհափառ Հայրապետը հոգեւոր իրականութիւն մը կը տեսնէ, մարդկային կեանքին ուղղութիւն տալու պարտք մը, երբ մարդ կ՚ուղղուի դէպի Աստուած՝Ան, որ մարդուն կեանք կը շնորհէ։

Վեհափառ Հայրապետի համար մարդուն այս նոր կեանքի գիտակցութիւնը կուգայ քրիստոնէական դաստիարակութեան ընդմէջէն, ուր Աստուածաշունչին գիտութիւնը, ճշմարտութիւնը եւ արժէքները կը փոխանցուին, որպէսզի մարդ կրնայ հետեւի Քրիստոսի՝հաւատքով եւ երկիւղածութեամբ։ Քրիստոնէութիւնը Վեհափառ Հայրապետի համար ամբողջական ուսուցում մը չէ, ոչ ալ հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու դրուածք։ Քրիստոնէութիւնը արժէքային կեանք մըն է, որ կը մարմնաւորուի Յիսուս Քրիստոսի միչոցաւ, որ եկաւ «որպէսզի դուք կեանք ունենաք եւ ալ աւելի» (Յովհաննու 10:10)։ Այս «աւելի» կեանքն է, որ մարդը կը ստանայ, եւ որուն ճամբով կ՚արտացոլայ Քրիստոսի աստուածային ճշմարտութիւնը եւ յաւիտենականութեան պատգամը։ Վեհափառ Հայրապետը կը ձգտի մարդուն կեանքին հասանելի դարձնել այս «աւելի» կեանքը։

Վեհափառ Հայրապետին հորիզոնները։

Եթէ հայութիւնն է Կաթողիկոսին համահայկական հորիզոնը, որովհետեւ «հայ ժողովուրդը մէկ ամբողջութիւն է՝Հայաստանով, Արցախով եւ Սփիւռքով», եթէ քրիստոնէութիւնն է՝ իր համաքրիստոնէական պիտակով, որովհետեւ, « քրիստոնէութիւնը չանջատեց հայ ժողովուրդը արտաքին աշխարհէն», բայց եւ այնպէս պէտք չէ մոռնալ, որ անոր հորիզոնին վրայ կայ Քրիստոսի եկեղեցին, որ տիեզերական եւ ընդհանրական է, եւ Վեհափառ Հայրապետը կը՚նդգծէ, թէ քրիստոնէութիւնը հայ ժողովուրդին համար բացաւ նոր հորիզոններ, ուր հայը տարբեր ազգութիւններու հետ կրցաւ, եւ կը շարունակէ հաղորդակցիլ։ Եւ վերջապէս, Վեհափառ Հայրապետի մտահորիզոնին կեդրոնը կայ մարդն ու անոր կեանքին բարօրութիւնը։ Հոն, ուր մարդ կրնայ, եւ պէտք է հետեւի Քրիստոսի։ Վեհափառ Հայրապետը կը հաւատայ եւ կը տքնի, որպէսզի «մարդուն կեանքին առանցքը դառնայ Քրիստոսը եւ Անոր վրայ բարձրացնէ իր կեանքի շէնքը»։

Այն հորիզոնները, որոնցմով ան կերտեց իր կեանքը, նաեւ կը տքնի կերտել հաւաքականութիւններու կեանքերը։ Այս հորիզոններով կերտուած կեանքին հիմքը «Աստուծոյ հետ ըլլալու» իրականութեան մէջ է։ Աստուծոյ հետ ըլլալու իր այս կեանքով, Վեհափառ Հայրապետը կերտեց ու տակաւին կը շարունակէ կերտել արժէք ունեցող կեանք մը։

Վեհափառ Հայրապետին գործունէութիւնն ու նուիրումը կը նպատակադրեն այդ արժէքի կերտման, այդպէս է, որ ան կը ստեղծէ համահայկական, համաքրիստոնէական եւ համամարդկային կեանքեր։

Յարգանքի եւ երախտագիտական զգացումներով պիտի ուզէինք շնորհաւորել Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 25րդ տարեդարձը։ Երկար կեանք եւ արեւշատութիւն։ Շնորհակալ ենք, Վեհափառ Տէր, որ ձեր մտահորիզոնները կը բաժնէք մեզի հետ։ Մեզ նաեւ կը քաջալերէք կերտելու արժէքաւոր կեանքեր՝հաւատքի վրայ խարսխուած համահայկական, համաքրիստոնէական եւ համամարդկային հորիզոններով։

Վեհափառ Հայրապետի հորիզոններուն ընդմէջէն կը կերտուի արժէք ունեցող կեանք, եւ այդպէս պատմութեան շարունակականութիւնը կ՚ապահովուի։

Յունիս 2022

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930