«Գանձասար». Հովանաւորութեամբ «Պաաս» կուսակցութեան Հալէպի պետական համալսարանի քարտուղար դոկտ. Իպրահիմ Հատիտի, օրհնութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան, Կիրակի, 5 Յունիս 2022-ի միջօրէի ժամը 12:00-ին, Հալէպի պետական համալսարանէն ներս տեղի ունեցաւ «Հայ Մշակոյթի Շաբթուան» նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը:
Բացման արարողութեան ներկայ էին՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Հալէպի պետական Համալսարանի ղեկավար դոկտ. Մահէր Քարման, «Պաաս» կուսակցութեան համալսարանի պատասխանատուներ, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, Հալէպի պետական համալսարանի տարբեր ճիւղերու տնօրէններ, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան եւ Բերիոյ Թեմի Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներ։
Հալէպի Համալսարանի ղեկավար դոկտ. Մահէր Քարման խօսք առնելով ըսաւ, որ հայկական մշակոյթին նոր չէ որ կը ծանօթանանք, հայերը արդէն փաստած են իրենց ներկայութիւնն ու դերը Սուրիոյ մէջ, ապա լուսարձակի տակ առաւ հայ-արաբական բարեկամութեան արմատները եւ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին հայ գիրերու գիւտին, մշակոյթին, պատմութեան նուիրուած պաստառներ ու իրեր։
Կարդացեք նաև
Ցուցահանդէսի բացումէն վերջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն, Հալէպի բժշկական համալսարանի բաժինին մէջ, դասախօսն էր՝ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան։ Ան ներկայացուց հայ մշակոյթը իր զանազան բաժիններով, ինչպէս՝ պարարուեստը, երաժշտութիւնը, թատրոնը, քանդակագործութիւնը, կերպարուեստը եւ այլն: Ապա անդրադարձաւ հայ գիրերու գիւտին ու հայոց լեզուի ու գրականութեան զարգացման մինչեւ ներկայ ժամանակներ:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի Երկուշաբթի, Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի օրերը ժամը 10:00-15:00:
Իսկ «Հայ Մշակութային Շաբթուան» ընթացքին տեղի պիտի ունենան դասախօսութիւն եւ հայ երգի ու պարի փառատօն։
Մանրամասնութիւնները՝ «Գանձասար»-ի Յունիս Բ. համարով։