Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան միջեւ տարակարծութիւնները բնաւ լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր․ «Հայրենիք»

Հունիս 04,2022 10:15

Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան միջեւ տարակարծութիւնները բնաւ լաւատեսութիւն չեն ներշնչեր։
Մինչ ատրպէյճանական կողմը վերջին օրերուն իր հռետորաբանութեան դարձեալ թափ տուած է, յայտարարելով, որ Հայաստան պէտք է նոր իրողութիւններուն ճիշդ գնահատականներ տայ, հայաստանեան քաղաքական կեանքին մէջ տիրական է խոր տարակարծութիւնը, ինչ կը վերաբերի Հայաստան – Ատրպէյճան բանակցութիւններուն օրակարգին եւ Արցախի վերջնական կարգավիճակին, որ տագնապին էութիւնն է։

Ընդհանուր իրավիճակին լոյսին տակ պէտք է ուշադրութիւն կեդրոնացնել քանի մը կարեւոր հանգամանքներու վրայ, որոնց շուրջ է, որ իշխանութիւններ – ընդդիմութիւն տարակարծութիւնները օրէ օր աւելի կը շեշտուին։ Առաջին խնդիրը կը վերաբերի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն մէջ ատրպէյճանական զօրամիաւորումներու գոյութեան, որուն ներկայացուցած իրական վտանգին եւ սպառնալիքին տակ է, որ Երեւանի իշխանութիւնները կը պատրաստուին բանակցութիւններ վարելու ատրպէյճանական կողմին հետ։ Բնականաբար այս կէտին շուրջ իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան տեսակէտերը, մօտեցումները եւ մեկնաբանութիւնները էապէս կը տարբերին իրարմէ։

Ընդդիմութիւնը կը համարէ, որ կարելի չէ վարել բանակցութիւններ, երբ ատրճանակը ճակտիդ ուղղուած է։ Այս սպառնալիքը իրական է եւ նման իրավիճակի մէջ բանակցութիւնները անիմաստ են։ Ըստ ընդդիմադիր ճակատին, սահմանազատման եւ սահմանագծման հոլովոյթները պէտք է ընթացք առնեն, ատրպէյճանական զօրամիաւորումներուն Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն հեռանալէն ետք։

Իշխանութիւնները սակայն ընդդիմութեան այս արդար պահանջը նախապայման կը համարեն եւ կը շեշտեն, որ Երեւան ոչ մէկ ատեն նախապայմաններու լեզուով խօսած է։ Իսկ ատրպէյճանական զօրամիաւորումներու ներկայութեան պատճառով ստեղծուած վտանգաւոր կացութեան մէջ բանակցութիւններու սկսելու տրամաբանութիւնը, ըստ Երեւանի իշխանութիւններուն, կը բխի Հայաստանի պետութեան շահերէն։ Այլ խօսքով, երբ կարելի չէ եղած ատրպէյճանցիները համոզել, որ իրենց ուժերը Հայաստանի տարածքներէն հեռացնեն, աւելի նպատակայարմար է սկսիլ սահմանազատման եւ սահմանագծման բանակցութիւններուն եւ աշխատանքներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ ընդհանուր նպատակներու։

 

Ա.Ա.

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930