Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը ջութակահար Արա Մալիքեանի` 11 յունիսին Անգարայի մէջ նախատեսուած համերգը ջնջեց` առանց պատճառը նշելու: Այս մասին հաղորդեց «Թրքիշ Մինըթ»-ը` աւելցնելով, որ վերջին երկու շաբաթներուն երկրին մէջ բազմաթիւ համերգներ ջնջուած են:
Ըստ տեղական լրատուամիջոցներու, Մալիքեան 11 յունիսին «մշակութային ուղիի փառատօն»-ի ծիրին մէջ համերգ պիտի ունենար նախագահական սինֆոնիք նուագախումբին հետ:
Մալիքեան ընկերային ցանցերու վրայ թուրքերու կողմէ բուռն քննադատութիւններու ենթարկուած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին նախապէս անոր կատարած յայտարարութիւններուն համար: Թուրքեր «Թուիթըր»-ի վրայ հայ ջութակահարը կոչեցին «թուրքերու թշնամին» եւ մշակոյթի նախարարութեան կոչ ուղղեցին ջնջելու համերգը:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այսօրվա համարում: