Արցախի վերջնական կարգավիճակին վերաբերեալ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն մօտեցումներուն եւ դիրքորոշումներուն միջեւ հակասութիւնը շատ յստակ է։
Երեւանի իշխանութիւնները կը խօսին Արցախի վերջնական կարգավիճակին մասին նշաձողը իջեցնելու միջազգային ընտանիքին ակնկալութեան մասին, իսկ Ստեփանակերտի իշխանութիւնները կը շեշտեն կարմիր գիծը, որ կը տեսնեն Արցախի կարգավիճակին պարագային։
Այլ խօսքով՝ Ստեփանակերտ Արցախի կարգավիճակը կը համարէ կարմիր գիծ, զոր կարելի չէ հատել։ Իսկ Երեւան կը խօսի նշաձողի իջեցման հաւանականութեան մասին, որպէսզի ստանայ միջազգային ընտանիքին զօրակցութիւնը։
Արցախի կարգավիճակի որոշման խնդիրը Արցախեան երկրորդ պատերազմէն առաջ կը կոչուէր Արցախի անկախ հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ապահովման խնդիր։ Պատերազմէն ետք Արցախի պետութիւն հասկացողութիւնը փոխուեցաւ եւ ստացաւ «Արցախի կարգավիճակ» եզրը, որ ինքնին անկախ պետութեան գաղափարէն եւ նպատակէն յստակ նահանջ է։ Հոս է, որ հարցին տարբեր երեսները երեւան կու գան։ Ինչպիսի կարգավիճակ պիտի ապահովուի Արցախի, որուն իշխանութիւնները յստակօրէն կը մերժեն Ատրպէյճանի կազմին վերադառնալու քաղաքական որեւէ որոշում եւ կարգադրութիւն։
Կարդացեք նաև
Այս կեցուածքը շեշտեց Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան, որ ահազանգ հնչեցուց բնաջնջման իսկական վտանգին մասին, զոր արցախցիները պիտի դիմագրաւեն, եթէ քաղաքական սակարկութիւնները Արցախը վերադարձնեն Ատրպէյճանի իշխանութեան տակ։ «Անշուշտ Արցախի ժողովուրդին ապահովութեան երաշխաւորութիւնը եւ Արցախին կարգավիճակ մը տալը լաւ է։ Բայց խնդիրը այն է, թէ ինչպիսի ապահովութիւն եւ կարգավիճակ պիտի տրուի։ Այսինքն Ատրպէյճանի կազմին մէջ Արցախի կարգավիճակը չի կրնար երաշխաւորել արցախցիներուն ապահովութիւնը։ Ընդհակառակը՝ Արցախի եւ արցախցիներուն գոյութիւնը պիտի դրուի հարցականի տակ։ Պատերազմ, կոտորած, հայաթափում եւ ցեղասպանութիւն», ահազանգեց Արցախի արտաքին գործոց նախարարը, որուն համաձայն, խաղաղութեան օրակարգին մասին խօսիլը չի նշանակեր ընդունիլ Արցախ մը Ատրպէյճանի իշխանութեան տակ։
Ա.Ա.
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում