Լրահոս
Դա պե՞տք է մեզ. «Ազգ»
Օրվա լրահոսը

Սփիւռքը եւս պառակտելու «ազնիւ նպատակը»․ «Հայրենիք»

Մայիս 21,2022 10:10

Ըսենք՝ առանց բառերը ծամծմելու. սին եւ սնոտի է Զարեհ Սինանեանի՝ իբրեւ Հ.Հ․ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար կատարած աշխատանքը, որ կրկին ու կրկին կ’ապացուցէ, թէ յանձնառու է միայն զինք նշանակողին եւ ո՛չ թէ պետութիւն կոչուած արժէքին:

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը խղճալիօրէն շեղած կ՛ըլլայ իր յանձն առած պարտականութենէն, աւելի՛ն՝ կը բացայայտէ իր իշխանաւորներուն դիտաւորութիւնը, այսինքն՝ Սփիւռքը եւս պառակտելու «ազնիւ նպատակը»… Եւ այդ ալ՝ ի՜նչ «թայմինկ», երբ այս տարի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ կաթողիկոսի կոչին ընդառաջելով, գործի լծուած ենք՝ նշելու «Սփիւռքի Տարի»-ն։ Վեհափառը մեր եկեղեցւոյ ամէնէն բարձրաստիճան առաջնորդն է, որուն հետ տեսակցած է գլխաւոր յանձնակատարը եւ հարցազրոյցին մէջ ալ հպանցիկ եւ կիսատ-պռատ բացատրութեամբ կը փորձէ պղտոր ջուրի մէջ ձկնորսութիւն կատարել, իր ենթադրութիւններն ու եզրակացութիւնները պատշաճեցնել․․․ ամենայն անպատշաճութեամբ։

Յստակ է, թէ ղեկավարի դիրքի վրայ գտնուող պաշտօնատարի մը պարտականութիւնը շատ աւելի դժուար է, քան ընդդիմադիր հոսանքին պատկանող անձի մը դիրքորոշումը։ Եւ ամենադոյզն սխալ արտայայտութիւնն ու կեցուածքն իսկ կրնայ դուռ բանալ տարակարծութեան եւ ընդհարումի։

Անգամ մը եւս կրկնենք։ Իբրեւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի հաւատարիմ արարած՝ պարոն Սինանեան ազատ է այցելելու զանազան գաղթօճախներ, հիմնելու համար իր պատկանած կուսակցութեան կորիզներն ու կեդրոնները։ Մինչեւ հոս՝ ոչ մէկ արգելք, այնքան ատեն, որ Զարեհ Սինանեան իր կազմակերպական աշխատանքը կը կատարէ անձամբ եւ անշուշտ առանց պետական գանձարանէն օգտուելու, սակայն երբ Հ․Հ․ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի անունով կը կատարուին այս սին եւ սնոտի աշխատանքները, այդ պարագային անտառի քաղաքականութիւնն է, որ կը կիրարկուի։

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031