Ինչ որ ալ ըլլան պայմանները եւ ինչպէս որ ալ դիտուին, վերլուծուին, քննադատուին կամ գնահատուին Շուշիի ազատագրման 30-ամեակի ձեռնարկներն ու հաւաքները, պարզապէս կարելի է ամենայն ցասումով, ընդվզումով եւ սրտի խորքէն բխած վրդովումով՝ մէկ բառով եզրակացնել. ՄԵ՜ՂՔ…։
Մե՛ղք, որ ամբողջ 30 տարի մեր յաղթանակի խորհրդանիշը դարձած ու անոր խորհուրդը խտացուցած քաղաքը, ուր հայակերտ բայց սրբապղծուած Սուրբ Ամենափրկիչ-Ղազանչեցոց եկեղեցին անճանաչելի դարձած է եւ վերջերս հետեւողականօրէն կիզակէտն է Պաքուի արտաքին յարաբերական լոպիինկին։ Հիւրերու ներգրաւման համար գումարներ կը մսխուին, որպէսզի այցելեն Շուշի, գիտաժողովներու մասնակցին եւ ապագայի մասին մտածեն, թէ՝ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ այդ քաղաքը ատրպէյճանական մշակութային կեդրոնի վերածել։
Եւ դեռ այլ մե՛ղք մըն ալ. ճիշդ Շուշիի ազատագրման 30-ամեակի օրերուն, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնները լուր մը հրապարակեցին, թէ Թուրքիա կը ծրագրէ Շուշիի մէջ հիւպատոսարան բանալ եւ այդ նպատակով բանակցութիւններ յառաջ կը տարուին: Սա այն «դժբախտ ու անգոյն Շուշին» է, ուր ահաւասիկ համաթուրանական թափանցումն ու տիրապետութիւնը նոր քայլերու կը պատրաստուին, իսկ պաշտօնական Երեւանը կը նախընտրէ պապանձած վիճակի մէջ մնալ:
Մեղքը մեր բոլորի՛ վզին, շուշեցիէն մինչեւ հեռաւոր՝ նորզելանդացի կամ ամերիկացի սփիւռքահայը, որ չկրցանք տէր կանգնիլ այդ պատմական բերդաքաղաքին։ Իսկական յանցաւորները յստակ են եւ խոստովանութիւն կատարած, սակայն ընդհանուր կրաւորականութիւնը կը մնայ տիրական:
Կարդացեք նաև
Մե՛ղք․․․ «Լեռներու Հարսանիք» կարելի չեղաւ 9 Մայիսին իրագործել Երեւանի մէջ։
Սակայն վհատելու ժամանակը չէ. պէտք է աննահանջ շարունակել հետզհետէ ծաւալ ստացող ցոյցերը, իսկապէս փաստելու համար, որ մեր հայրենիքի ժողովրդականութեան օրրան է, հայրենիքի փրկութեան շարժումը յաջողութեան պիտի հասնի համաժողովրդային ալիքով, որպէսզի ո՛չ միայն թուրք-ազերիական համաթուրանականութենէն զերծ պահուին Հայաստանն ու Արցախը, այլ նաեւ վերականգնին մեր իրաւունքները, արդար ու անվիճելի իրաւունքները, սկսելով Արցախէն ու հասնելով մեր պատմական հողերուն:
Որպէսզի չկրկնուի «ՄԵ՜ՂՔ» աւաղումը:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում