ՀՅԴ Կեդրոնական Եւրոպայի Կոմիտէութիւնը (Գերմանիա, Աւստրիա, Իտալիա, Զուիցերիա) ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի մէջ սկիզբ առած բողոքի ցոյցերուն ընդդէմ ներկայ գործող իշխանութեան։
2018-ին իշխանութեան հասնելէ ի վեր, ներկայ իշխանութիւնը բազմիցս ապացուցեց երկիրը կառավարելու ունակութենէն եւ կարողութենէն զուրկ ըլլալու փաստը։ Ան կազմաքանդեց բանակը, և անխոհեմ քաղաքականութեամբ եւ չմտածուած յայատարաութիւններով հրահրեց պատերազմ։ Որպէս արդիւնք մենք ունեցանք 5000 նահատակներ, տասնեակ հազարներով հաշմանդամներ, հարիւրաւոր գերիներ, Արցախի տարածքներու 73% կորուստ։
Այժմ, ներկայ իշխանութիւնը կը պատրաստուի «հաշտութիւն եւ խաղաղութիւն» կնքել թրքական և ազերիական պետութիւններու հետ:
Փաշինեան «հաշտութեան ու խաղաղութեան» լոզունքներով անգամ մը եւս կը մոլորեցնէ եւ կը խափէ իր, հայութիւնը։
Կարդացեք նաև
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը քաջ գիտակցելով մեկնարկեց ներկայ Դիմադրութեան պայքարը հեռացնելու ապազգային ու չարիքի իշխանութիւնը։ Ներկայ պայքարը արժանապատուութեան պայքար է, ներկայ պայքարը Հայաստանի եւ Արցախի գոյութեան պայքար է՝ լինելու ու չլինելու։ Այս պայքարը բոլորիս է՝ Հայաստանի եւ Սփիւռս աշխարհի։
Առ այդ ՀՅԴ Կեդրոնական Եւրոպայի Կոմիտէութիւնը իր անվերապահ աջակցութիւն կը յայտնէ այս պայքարի բոլոր մասնակիցներուն, կը պահանջէ, որ ոստիկանութիւնը դադրեցնէ բռնաճնշումները եւ անյապաղ կը պահանջէ այս թրքամէտ իշխանութեան հրաժարականը։
ՀՅԴ