Յանուն արդար վարչակարգի, յանուն Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութեան, յանուն հայութեան միասնակամութեան, յանուն խաղաղ ու արժանապատիւ կեանքի՝ գանատահայութիւնը իր պայքարի բռունցքը վեր բռնած մասնակից եղաւ մայիս 1-ին Երեւանի մէջ կայացածընդդիմութեան հանրահաւաքին, եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հայաստանի «Դիմադրութեան» շարժման:
ՀՅԴ ԳԵՄ-ի (Գանատայի Երիտասարդական Միութիւն) «Սիմոն Զաւարեան», «Լեւոն Շանթ», «Բեկոր Աշոտ», «Արամ Մանուկեան», «Յառաջ» եւ «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղերու կազմակերպութեամբ տարբեր քաղաքներու մէջ կազմակերպուեցան զօրակցական հաւաքներ։
Մոնթրէալի հայ կեդրոնին մէջ կայացած զօրակցական հաւաքին հեռակապով իր պատգամը փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը։ Ան ըսաւ, որ պետականութիւն ունենալ չունենալու խնդիր ունինք այսօր, Արցախի գոյութենական խնդիր ունինք, խաղաղութեան կեղծ օրակարգով կը պարտադրուի Արցախի հայաթումն ու հայոց պահանջատիրութենէն հրաժարումը։ Ան ըսաւ. «Այսօր մարդիկ միաւորուել էին յանուն մէկ նպատակի՝ պետականութեան պահպանումը։ Պայքարի ալիքը հասել է Արժանթին, Ուրուկուէյ, Կլէնտէյլ, Մինթրէալ, Թորոնթօ։ ՄԵնք առջեւում ունենք մէկ նպատակ՝ պետականութեան պահպանման եւ հայրեթինքի գոյութենականութեան պահպանման խնդիր»։
ՀՅԴ ԳԵՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ռիթա Մուրատեան խոսք առնելով ըսաւ. «Դառնանք մէկ բռունց ու պայքարինք։ Այստեղ կը գտնուինք զօրակցելու եւ ոչ մէկ զիջում ընդունելու։ Դէմ ենք, որ մեր ազգի իրաւունքները ուրացուին։ Հայաստանի ընկերներ, մենք ձեր կողքին ենք, մենք այստեղ ենք, Արցախի ժողովուրդին յայտնելու, որ ձեր կողքին ենք։ Հեռացնենք այս ազգադաւ իշխանութիւնը։ Զարթի՛ր լաօ»։
Կարդացեք նաև
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան խօսքը ուղղելով հաւաքին ըսաւ. «Հայ Ժողովուրդը կը մերժէ ենթարկուիլ մեծապետական քաղաքական բեմադրութիւններուն, կը մերժէ կեղծ «թաւշեայ» յեղափոխութիւնները։ Այսօր պէտք է պատրաստուինք երկարաշունչ պայքարի։ Մենք հայրենի ժողովուրդին թիկունքին պիտի կանգնինք։ Չենք կրնար հանգիստ ունենալ, երբ Արցախը դրուած է սակարկութեան սեղանին։ Մենք պիտի շարունակենք մեր զօրակցութիւնը դիմադրութեան շարժումին։ Այս պայքարը հայրենական իր բնոյթէն՝ վերածենք համազգային պայքարի։ «Արցախի նշաձողը վար բերելու» ազգակործան տեսութիւնը կը մերժենք։ Մենք մեր ճակատագրին տէրը պէտք է ըլլանք, եւ այսօր, մեր դիմադրող ընկերները, մեր դիմադրող ժողովուրդը հայութեան ճակատագրին տէրը ըլլալու կամքը դրսեւորեցին Մայիս 1-ին։ Ճակատագրական պահ է, Գերլարում պէտք է ճիգերու։ Կեցցէ՛ դիմադրութեան շարժումը, կեցցէ՛ մարտունակ Արցախը, կեցցէ՛ մեր համազգային պայքարը»։
Հանրահաւաքի ամբողջ ընթացքին ներկաները հնչեցուցին «Հայաստա՛ն, ոտքի», «Արցա՛խ, ոտքի, «Սփի՛ւռք, ոտքի», «Սփիւռքը Արցախի կողքին է», «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Թուրքն իմ թշնամին է», «Հայաստան թրքական միջանցք չէ», «Արցախը Ազրպէյճանի մաս պիտի չկազմէ», «Տէր ենք Արցախի, տէր ենք Հայաստանի» վանկարկումները:
ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութիւններու, յանձնառու երիտասարդութեան եւ հայ համայնքի մասնակցութեամբ դիմադրութեան շարժման զօրակցական հաւաքներ կայացան նաեւ Վանգուվըրի, Գէմպրիճի, Համիլթընի եւ Սէնթ Գաթրինզի մէջ։
Սիլվի Աբէլեան
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում: