Մտահոգ է հայութիւնը։ Առաջին անգամ ըլլալով, Հայաստանի ու Արցախի 30-ամեայ անկախ գոյութեան պատմութեան մէջ, ամէնէն պաշտօնական բերանէն կը հնչէ այնպիսի հիասթափեցնող յայտարարութիւն, տեղատուութեան խոստովանութիւն, ծածկուած միջազգային ուժերուն կողմէ պարտադրուած «նշաձողի իջեցման» յորդորով, որ անյարիր է ժողովուրդի մը համար, որուն պատմական երթը, թէկուզ փշոտ, եղած է դիմադրութեան ու վերապրումի լուսաւոր օրինակ։
Ահա, այս ենթապատկերին մէջ, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի գլխաւորութեամբ եւ յունահայ կազմակերպական կառոյցի միասնական նախաձեռնութեամբ, յունահայութեան նամակը կոչ կ՚ուղղէ Հայաստանի վարչապետին, գէթ բանակցութիւններու այս կարեւոր հանգրուանին, ցուցաբերել այն խիզախութիւնը, որ կը պահանջուի երկրի մը ղեկավարի պաշտօնը ունեցող անձէն։
Պետութեան մը ղեկավարութիւնը պէտք է գիտակցի, նոյնիսկ եթէ պարտուած կողմի դիրքերէն կը բանակցի, ցուցաբերել այն ազգային արժանապատուութիւնը, որ ժողովուրդ մը ամբողջ կը սպասէ տեսնել իշխանաւորներու բարոյական եւ ազգային կեցուածքին մէջ։
Երեւան վաղուց կորսնցուցած է թուրք-ատրպէյճանական վտանգին դէմ համահայկական դիմադրութեան ոգին վահանի վերածելու իր գիտակցութիւնը։
Յունահայութեան կողմէ ահազանգ հնչեցնող նամակի մէկ արտայայտութիւնը կու գայ անգամ մը եւս յիշեցնելու այն սկզբունքը, որով պարտին առաջնորդուիլ պետական այրերը՝ «Խաղաղութիւնը կենսական է ոչ միայն մեզի, այլ նաեւ շահագրգիռ բոլոր երկիրներուն համար՝ թշնամի թէ բարեկամ: Սակայն խաղաղութիւն՝ փոխադարձ յարգանքի ու արդարութեան հիմունքով, եւ ոչ թէ սակարկելով հերոսներու արիւնը, ազգի արժանապատուութիւնը, իրաւունքը եւ հպարտութիւնը, որոնց հանդէպ նախանձախնդրութիւնը գործն է ամէն մէկ ազգայինի եւ առաջին հերթին՝ իշխանաւոր ղեկավարութեան»:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ Հունաստանում տպագրվող «Ազատ Օր» օրաթերթի այսօրվա համարում