Յայտարարութիւն Հարաւային Ամերիկայի Հ․Յ․Դ Կեդրոնական Կոմիտէի
Ապրիլ 24- ին Հարաւային Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն յայտարարութիւն տարածեց դատապարտելով Ապրիլ 23-ին Ուրուկուայի Մոնթեվիտէօ քաղաքին մէջ Թուրքիոյ դեսպանատանը բացումէն դուրս եկած ժամանակ Թուրքիոյ Արտգործնախարար Մեւլութ Չավուշօղլուի հայ համայնքի ցուցարարներուն ուղղուած՛ թուրք ազգայնական «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան նշանը ցոյց տալու կապակցութեամբ:
«Գորշ գայլերը» ծայրայեղ ազգայնական կազմակերպութիւն մըն է, որ կը դաւանի Օսմանեան գերակայութիւնը, նեոֆաշիստական եւ ահաբեկչական՝ կազմակերպուած քաղաքական եւ կիսառազմական ճանապարհով:
Կարդացեք նաև
Ան Եւրոպայի ամենամեծ ծայրայեղ աջ կազմակերպութիւնն է, որու հիմնական նպատակն է վերջ տալ ինչպէս իրենք կանուանեն, «Թուրքիոյ թշնամիներուն», ոչ աւելի կամ պակաս, քան «ուրիշի» կառուցումը, որը հիմնուած է ամենատարբեր խտրականութիւններու եւ իրեց «ցեղային գերազանցութեան» հայեցակարգի վրայ», բացատրեց Հարաւային Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն:
«Տարբերութիւնը, ըլլայ ան կրօնքի, ցեղախումբի պատկանելութեան, քաղաքական կամ գաղափարական կարծիքի, սեռի, գենդերային ինքնութեան կամ անոր արտայայտման, ազգային ծագումի, սոցիալական կարգավիճակի, ֆիզիկական յատկանիշներու եւ այլնի, իրենց կողմէ կ՛ընկալուի որպէս վտանգ:»
«Անոնք դաժան են եւ մարդասպան։ Այս մէկը հստակ է այլ թուրքերուն համար, որոնց հարազատները սպաննուեցան «Թաքսիմ»ի հրապարակին վրայ, հստակ է նաեւ Մարասի ջարդէն փրկուած ալեւիներուն համար, գիտէ Վատիկանը Յովհաննէս Պողոս II-ի դէմ կատարուած մահափորձով: Գիտեն նաեւ, որով կը շարունակեն տարապիլ կիպրոսցիները, քրտերը, Պոնտոսի յոյները, սիրիացիները, լիպիացիները, ասորիները եւ հայերը: Գիտէ Ֆրանսան, ով Ղազախստանի նման անօրինական է դարձուցած իրենց գործունէութիւնը։ Նման արարք երբեք միամիտ չէ», զգուշացուց Հ.Յ.Դ.-ն։
«Ողջոյնները, կարգախօսերը եւ ամբողջատիրական գաղափարախօսութիւններու հետ կապուած խորհրդանիշերու օգտագործումը անհամատեղելի են ժողովրդաւարական արժէքներու եւ մարդկային արժանապատւութեան յարգման հետ։ Ատելութիւն, ցեղապաշտութիւն, օտարատեացութիւն եւ խտրականութիւն քարոզող արարքը, որը կուգայ պետութեան ներկայացուցիչի մը կողմէ, ակնհայտ կը հակասէ մարդու հիմնական իրաւունքներուն։ Այս տեսակի արտայայտութիւն մը կը նշանակէ խտրականութեան, ցեղասպանութեան եւ, հետեւաբար, 107 տարի առաջ կատարուած յանցագործութեան մը վերահաստատումը, որը տակաւին չէ ճանաչած, որու համար ոչ զխչացած եւ ոչ ալ հատուցում կատարած է:» նշեց ՀՅԴ-ն։
«Թուրքիոյ արտգործնախարարի կատարած նշանը արհամարհելի պատահար մը չէ, բացի ժխտողականութենէն, սա սպառնալիքի ցուցմունք է մարդկանց, այն իմաստով, որ նման բան կարող է իրենց ալ պատահիլ: Այսպիսով թոյլ չտալով անոնց որպէսզի իրենց բնականոն կեանքը ապրին, լիարժէք մասնակցին հասարակութեանը, ստիպելով անոնց ապրիլ մշտական տագնապի մէջ: Այս ձեւով ուղերձը բարոյական եւ հոգեբանական բռնութիւն կատարած կ՛ըլլայ անոնց վրայ:»
«Արտաքին Գործոց նախարարը, ժպտալով, բարձրացուց իր բռունցքը եւ հպարտօրէն ցոյց տուաւ իր ատելութեան դրոշը եւ արժանացաւ իր շրջապատի մարդկանց ծափահարութիւններուն: Այս մէկը կը վերահաստատէ «Գորշ Գայլերու» ներկայութիւնը թրքական պետութեան մէջ, ինչպէս ամենուր, հետեւաբար սպառնալիք դառնալով աշխարհի բոլոր հայերուն եւ անոնց ժառանգորդներուն համար:
Վճռականապէս կը դատապարտենք Թուրքիոյ Արտաքին Գործերու նախարարի վարմունքը, ժխտելով իր պետութեան կողմէ կատարուած յանցագործութիւնը, ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը պաշտպանելու, ատելութիւն եւ խտրականութիւն գարոզելու համար: Նման վարքագիծ մեր երկրի մէջ բացայայտօրէն հակասական է մեր իրաւական համակարգին համար, ուրեմն կոչ կընենք մեր հասարակութեանը «բերսոնա նոն գրադա» յայտարարել Մեվլութ Չավուշօղլուին՝ հայերու նկատմամբ իր կատարած ծանր վիրաւորանքին պատճառաւ:
«Մեր զոհերուն համար, մեզ համար, յիշողութեան, ճշմարտութեան, արդարութեան եւ արդար հատուցման համար»
Հարաւային Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէ