Թէժ է կացութիւնը:
Որքա՜ն ահաւոր եւ քանդիչ:
Անբացատրելի իրավիճակ:
Երբ հայրենիքին ղեկավարութիւնը կորսնցուցած է ամենադոյզն հեղինակութիւնն ու ողջախոհութիւնը (common sense)…
Երբ խորհրդարանէն ներս մեծամասնութիւն վայելող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը բացէ ի բաց եւ կատարելագործուած անփորձութեամբ նոյնքան թրքամէտ եւ հայատեաց աշխատանք կը տանի, որքան Անգարայի եւ Պաքուի լոպպիինկի մեքենան…
Երբ ապագայ մը (ո՛չ փայլուն, այլ խաւար) կերտելու անուան տակ տարուող եւ ծրագրուած քանդիչ աշխատանքը կը շարունակուի…
Կարդացեք նաև
Երբ ռազմական գետնի վրայ 44 օր դիմադրելէ (միաժամանակ՝ ստելէ) եւ ծանր պարտութիւն կրելէ ետք, աւելի քան մէկ ու կէս տարիէ ի վեր դիւանագիտական գետնի վրայ եւս շարունակ կը նահանջենք եւ հետեւողականօրէն կը ջախջախուինք, փրոթոքոլային աշխարհէն բոլորովին հեռու մնալով…
Երբ ամէն գնով գլուխ ծռելով եւ շարունակ տեղի տալով, կը ստեղծուի առանց պայմանի, առանց պարզ տրամաբանութեան (simple logic) հայ-թուրք յարաբերութիւններու կլոր սեղանը…
Երբ նոյնինքն Հայոց Ցեղասպանութիւն, Մեծ Եղեռն, Աղէտ հասկացութիւնները կը վերածուին հպարգելքի (tabou)…
Այս ամբողջ խորապատկերին առջեւ, լուսանցքային կրնայ թուիլ Ապրիլ 24-ի ոգեկոչումը:
Այդպէս ալ կը հաստատէ Ազգային Ժողովը, մեծամասնութիւն վայելող «Իմ (տեղ)քայլ»-ականներուն ժառանգորդ՝ ՔՊ-ականներուն բերնով եւ անոնց քմահաճոյքին համաձայն:
Ըստ երեւոյթին, այլեւս ո՛չ կ’ուզենք յիշել, ո՛չ ալ պահանջել: Մոռցած ենք Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նշանակը:
Կ’ապրինք «դարաշրջան» մը, երբ Ցեղասպանութիւն հասկացութիւնն անգամ սկսած է խեղաթիւրել ողջ աշխարհը, ամէն օր անտեղի բաղդատականներ կատարելով եւ չարափոխելով այս եզրը աշխարհի բառարանին մէջ ամրագրած Ռաֆայէլ Լեմքինի հաստատումները, որոնք բխած էին երկարաշունչ եւ սպառիչ ուսումնասիրութիւններէ, եւ ուր հայոց ցեղասպանութիւնը արձանագրուած էր իբրեւ աղաղակող նախընթաց-օրինակ:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում