«Ասպարեզ». Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Քեթրին Պարկըրի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, 19 Ապրիլին գումարած իր նիստին ընթացքին, խորհուրդը դարձեալ որոշեց Ապրիլ 24-ը «Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր» հռչակել՝ «նշելու համար մարդկային պատմութեան ամէնէն մութ օրերէն մէկը»։
Իր կարգին, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Հիլտա Սոլիս յայտնեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրը իւրայատուկ օր մըն է ամբողջ Լոս Անճելըսի հայութեան համար՝ աւելցնելով, որ երկար տարիներ Մոնթեպելլոյի հայութեան սպասարկելէ ետք, ուրախ է, որ իր ընտրատարածաքին ընդարձակումով առիթը կ՛ունանայ սպասարկելու նաեւ Փոքրիկ Հայաստանի հայութեան։
Նշենք, ու աւելի կանուխ, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը ապրիլ ամիսը «Հայոց պատմութեան ամիս» հռչակած էր։