ԵՌԱԳՈՅՆ. Իրանը Հայկական Թանգարան Պիտի Բանայ Թաւրիզի Մէջ, Որպէսզի Երկրի Այցելուները Ճանչնան Հայոց Պատմութիւնը –
Ըստ իրանական աղբիւրներու՝ յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Թաւրիզը Իրանի՝ հայերով բնակեցուած քաղաքներէն է, որոնց մեծ մասը կը համարուին արուեստագէտներ եւ շատ լաւ յարաբերութիւններ ունին Իրանի կառավարութեան հետ՝ սկսած Սեֆեաններու ժամանակաշրջանէն։
Այսօր Թաւրիզի մէջ մեծ հայկական համայնք կայ։ Քաղաքին մէջ կը գործէ «Արարատ» հայկական կրթական, մշակութային, մարզական եւ կրօնական կեդրոնը, որուն տարածքին մէջ հայերը իրենց կը զգան ինչպէս իրենց հայրենիքին մէջ։
Իրանը այս տեղեկատւութիւնը տարածեց, Շուշիի մէջ ազրպէյճանցիներու կողմէ իրականացուող այսպէս կոչուած «աշխարհի ազրպէյճանցիներ»ու համագումարի մասին յայտարարութենէն ետք։