Լրահոս
Մի կտրեք եղեւնի…
Օրվա լրահոսը

«Ժա­մա­նակ­նե­րը փո­խո­ւել են ու, ցա­ւօք, չեն բա­րե­լա­ւո­ւել. ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը մարդ­կու­թեան ուղ­ղո­ւած ո­ճիր ու հայ­հո­յանք է, պար­տա­ւոր ենք թոյլ չտալ կրկնու­մը». «Ազատ օր»

Ապրիլ 20,2022 10:05

Յու­նաս­տա­նի մէջ նշո­ւած ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 107-ա­մեա­կի ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյթ­նե­րու շար­քին, ­­Կի­րա­կի, 17 Ապ­րիլ 2022-ի ա­ռա­ւօ­տեան, Ա­թէն­քի պա­տե­րազ­մա­կան թան­գա­րա­նի շքեղ սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ կեդ­րո­նա­կան քա­ղա­քա­կան ե­լոյ­թը, ներ­կա­յու­թեամբ յոյն եւ հայ բազ­մու­թեան, բարձ­րաս­տի­ճան պե­տա­կան, քա­ղա­քա­կան, զի­նո­ւո­րա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու եւ հո­գե­ւոր դա­սուն։
Ինչ­պէս նշած էինք մեր նա­խորդ թի­ւով, ե­լոյթ­նե­րու ամ­բողջ շար­քը ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ Ա­թէն­քի, ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի ու Թ­րա­կիոյ մարզ­պե­տու­թիւն­նե­րու հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թեամբ։

Ս­րա­հի մուտ­քին պա­տո­ւոյ խումբ կազ­մած էին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ա­րի-ա­րե­նուշ­նե­րը, ո­րոնք մէկ առ մէկ պա­տո­ւի ա­ռին ժա­մա­նող հիւ­րե­րը։ ­­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը դի­մա­ւո­րե­ցին բո­լոր հիւ­րե­րը եւ ա­ռաջ­նոր­դե­ցին ի­րեն հա­մար նկա­տի առ­նուած տե­ղե­րը։ ­­Նաեւ սրա­հի նա­խա­մուտ­քին, զե­տե­ղո­ւած էին մե­ծա­դիր պաս­տառ­ներ, ո­րոնց վրայ կ­­՚ե­րե­ւէին նկար­ներ ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ ­­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տի պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն։

­­Ներ­կայ ե­ղան ­­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ­նա­խա­րար ­­Քոնս­թան­տի­նոս Ֆ­րա­կոեան­նիս, հել­լէն խորհր­դա­րա­նի փոխ­նա­խա­գահ ­­Նի­քի­թաս ­­Քաք­լա­մա­նիս, Ա­թէն­քի եւ հա­մայն ­­Յու­նաս­տա­նի Իէ­րո­նի­մոս ար­քե­պիս­կո­պո­սի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­­Ղաւ­րիիլ վար­դա­պե­տը, ­­Սի­րի­զա եւ ­­Քի­նալ կու­սակ­ցու­թեանց նա­խա­գահ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը Ա­լեք­սանտ­րոս Թ­րիան­տա­ֆի­լի­տիս եւ ­­Ռոք­սա­նի ­­Պէի, հայ յու­նա­կան խորհր­դա­րա­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան նա­խա­գահ ե­րես­փո­խան ­­Տի­միթ­րիս ­­Մաք­րո­փու­լոս, ե­րես­փո­խան­ներ Եոր­ղոս ­­Քու­մու­ցա­քոս, Օլ­կա ­­Քե­ֆա­լոեան­նի եւ Իոան­նիս Թ­րա­ղա­քիս, եւ­րոե­րես­փո­խան Ան­նա-­­Մի­շէլ Ա­սի­մա­քո­փու­լու, Ատ­տի­կէի մարզ­պետ Եոր­ղոս ­­Փա­թու­լիս, Ա­թէն­քի, ­­Նէա Զ­միռ­նիի եւ ­­Մա­րա­թո­նա­յի փոխ­քա­ղա­քա­պետ­ներ Իոան­նիս ­­Պա­քա­ցե­լոս, ­­Վան­կե­լիս ­­Խա­չա­տու­րեան եւ Է­վան­կե­լոս ­­Քի­փա­րի­սիս։

­­Նաեւ ներ­կայ ե­ղան ­­Յու­նաս­տա­նի մէջ հրէա­կան հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, զի­նո­ւո­րա­կան, օ­տար դես­պա­նա­տու­նե­րու, ­­Յու­նաս­տա­նի հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան, ­­Յու­նաս­տա­նի ա­սո­րի­նե­րու միու­թեան, դա­տա­կան եւ կրօ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։

­­Հայ­կա­կան կող­մէն ներ­կայ ե­ղան ­­Յու­նա­հա­յոց Ա­ռաջ­նորդ ­­Գե­ղամ արք. ­­Խա­չե­րեան, հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­­Վի­գէն ­­Չո­լա­քեան, քա­հա­նա­յից դա­սը, ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան ­­Տիգ­րան Մկրտ­չեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­­Թագ­ւոր ­­Յո­վա­կի­մեան, Հ.Յ.Դ. ­­Բիւ­րո­յի ան­դամ ընկ. Մկր­տիչ Մկր­տի­չեան, Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­­Յա­րու­թիւ­նեան, ­­Մե­ծի ­­Տանն ­­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ազ­գա­յին կեդր. վար­չու­թեան ան­դամ Ար­մէն ­­Տէ­րեան, Հ.Կ.­­Խա­չի, ­­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. ­­Վար­չու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ։

­­­­Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ու վար­չա­պե­տին ա­նու­նով խօսք ա­ռաւ ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ­նա­խա­րար ­­Քոս­թաս Ֆ­րա­կոեան­նիս, որ նշեց. «­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ե­ղաւ մարդ­կու­թեան հան­դէպ ա­մէ­նէն քսմտե­լի ո­ճիր­նե­րէն մէ­կը։ Ինձ­մէ ա­ւե­լի մաս­նա­գէտ­նե­րէ լսած եմ, որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան վեր­ջին ա­րա­րը մո­ռա­ցու­թիւնն է, ճա­նաչ­ման լրիւ վե­րա­ցու­մը։ ­­Պէտք չէ մոռ­նալ, վստա­հա­բար։ ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման գոր­ծըն­թա­ցը եր­կար եւ դժո­ւար ե­ղած է հա­յե­րուն հա­մար։ ­­Սա­կայն, այ­սօր պէտք է հպարտ ըլ­լաք, որ ա­ւե­լի քան 30 եր­կիր­ներ, 17 մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ եւ այլ բազ­մա­թիւ կա­ռոյց­ներ ճանչ­ցած են ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան անժխ­տե­լիու­թիւ­նը»։
­­Յու­նաս­տա­նի խոհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Ք. ­­Թա­սու­լա­սի ա­նու­նով ու­ղերձ կար­դաց ե­րես­փո­խան Ե. ­­Քու­մու­ցա­քոս եւ յայտ­նեց. «­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­հիճ­նե­րը մին­չեւ այ­սօր սար­սա­փա­հար կը խու­սա­փին, նոյ­նիսկ ծա­ծուկ, նե­րո­ղու­թիւն խնդրե­լ ի­րենց գոր­ծած ո­ճի­րին հա­մար, որ­պէս­զի այ­լեւս խա­ղա­ղու­թիւն գտնեն ան­հա­մար նա­հա­տակ­նե­րու հո­գի­նե­րը։ ­­Չեն հան­դուր­ժեր, չեն կրնար, չեն ու­զեր։ ­­Կը նա­խընտ­րեն պար­տա­կան մնալ Աս­տու­ծոյ եւ մարդ­կու­թեան առ­ջեւ, քան թէ ճանչ­նալ ի­րենց ո­ճի­րը»։

­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պան ­­Տիգ­րան Մկրտ­չեան իր ար­տա­սա­նած ու­ղեր­ձին մէջ ի մի­ջի այ­լոց ը­սաւ. «­­Դա­րից ա­ւել է ան­ցել այն օ­րե­րից, երբ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան պա­րագ­լուխ­ներն, օգ­տո­ւե­լով Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տի ի­րո­ղու­թիւն­նե­րի ըն­ձեռ­նած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րից, ո­րո­շե­ցին, որ հա­զա­րա­մեակ­ներ շա­րու­նակ սե­փա­կան հայ­րե­նի­քում ապ­րած, ա­րա­րած, մշա­կու­թա­յին ու հո­գե­ւոր ար­ժէք­ներ ստեղ­ծած հայն այ­լեւս չպէտք է ապ­րի ու, ա­ռա­ւել եւս, չպէտք է ապ­րի սե­փա­կան հայ­րե­նի­քում: ­­Տե­ղի ու­նե­ցաւ հայ­րե­նազրկում, ո­րը հա­յի ճա­կա­տա­գի­րը սեւ գծով բա­ժա­նեց 1915-ից ա­ռա­ջի եւ յե­տո­յի՝ հա­յի հա­յեաց­քը յա­ւերժ սե­ւե­ռե­լով Ա­րա­րա­տին:

­­Դա­րից ա­ւել է ան­ցել այդ օ­րե­րից. ժա­մա­նակ­նե­րը փո­խո­ւել են ու, ցա­ւօք, չեն բա­րե­լա­ւո­ւել: ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան կազ­մա­կեր­պիչ մար­դա­տեաց­նե­րը մինչ օրս ոչ միայն գո­նէ յետ­մա­հու չեն ստա­ցել ի­րենց ար­ժա­նի դա­տավ­ճի­ռը, այ­լեւ նոյ­նիսկ այս «մար­դա­սէր» հռչա­կո­ւած 21-րդ ­դա­րում ո­գե­կոչ­ւում են, փա­ռա­բան­ւում, իսկ ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը շա­րու­նակ­ւում է ագ­րե­սի­ւօ­րէն ժխտո­ւել այն գոր­ծած պե­տու­թեան ի­րա­ւա­յա­ջոր­դի՝ ­­Թուր­քիա­յի կող­մից: Ու հենց այդ ժխտո­ղա­կա­նու­թիւնն է ստի­պում այ­սօր հա­յին ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նում, Ար­ցա­խում ու աշ­խար­հի չորս ան­կիւն­նե­րում պայ­քա­րել յա­նուն պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան, յա­նուն ցե­ղաս­պա­նու­թեան մաս հան­դի­սա­ցող ժխտո­ղա­կա­նու­թեան պար­տու­թեան ու յա­նուն ցե­ղաս­պա­նու­թեան նման սար­սա­փե­լի եւ հա­մա­մարդ­կա­յին ող­բեր­գու­թիւն­նե­րի կրկնու­թեան բա­ցառ­ման՝ յա­ճախ նաեւ ա­ռե­րե­սո­ւե­լով նոր էթ­նիկ զտում­նե­րի սպառ­նա­լիք­նե­րի»:

Քա­ղա­քա­կան ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյ­թի գլխա­ւոր բա­նա­խօսն էր ­­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­­Կիպ­րո­սի դես­պան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան կազ­մի ա­ւագ ­­Քի­րիա­քոս ­­Քե­նե­վե­զոս, որ անդ­րա­դառ­նա­լով ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան շեշ­տեց. «­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ա­մէն ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, միայն հայ ժո­ղո­վուր­դին յա­տուկ չէ, այլ կը վե­րա­բե­րի բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, ա­մէն եր­կիր, իւ­րա­քան­չիւր ա­զատ մտա­ծող եւ գոր­ծող քա­ղա­քա­ցի, վեր­ջա­պէս ամ­բողջ մարդ­կու­թեա­ն։

­­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը հա­մայն մարդ­կու­թեան ուղ­ղո­ւած ո­ճիր ու հայ­հո­յանք է, եւ մենք պար­տա­ւոր ենք թոյլ չտալ ա­նոր կրկնու­մը։
­­Բո­լորս միա­սին, հա­մա­խո­հու­թեամբ, խո­րա­նա­լով այն կա­պե­րուն մէջ, ո­րոնք կը յատ­կան­շեն հա­սա­րա­կաց տա­ռա­պանք­ներ կրած ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, կը յար­գենք Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ թրքա­կան բար­բա­րո­սու­թեան հե­տե­ւան­քով զո­հե­րու յի­շա­տա­կը, կը շա­րու­նա­կենք անն­կուն պայ­քա­րիլ ար­դա­րու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին հա­մար, որ­պէս­զի մարդ­կու­թեան գի­տակ­ցու­թեան մէջ դա­տա­պար­տո­ւի ­­Թուր­քիա:

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ Հունաստանում տպագրվող «Ազատ օր» օրաթերթի այսօրվա համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930