Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը՝ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ

Ապրիլ 17,2022 22:53

Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը նշելու, Կիրակի, 17 Ապրիլ 2022-ին, հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր Անթիլիասի Մայրավանքի, մասնակցելու Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Հայրապետական Ս. Պատարագի մատուցման եւ ունկնդրելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։ Նորին Ս. Օծութեան առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան եւ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։

«Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը յաղթանակի տօն է. յաղթանակը երկինքին՝ մեղքով եւ ապականութեամբ շաղախուած երկրին դէմ, յաղթանակը ճշմարտութեան՝ կեղծիքին ու սուտին դէմ, յաղթանակը յաւիտենականութեան՝ ժամանակաւորին դէմ, յաղթանակը կեանքին՝ մահուան դէմ, յաղթանակը Աստուծոյ Թագաւարութեան՝ մարդու թագաւորութեան դէմ», ըսաւ Հայրապետը՝ նշելով, որ այսպէս ըմբռնեց Եկեղեցին Քրիստոսի յարութիւնը, որ եղաւ կենսատու աղբիւր ու վեհ առաքելութիւն, ու անով զօրացած Եկեղեցին դարերու ընթացքին ինքզինք արժեւորեց եւ իրագործեց մարդկային կեանքին մէջ։ «Յարութիւնը եղաւ այն հզօր վէմը, որուն դիմաց պատմութեան բոլոր փոթորիկները եկան ու փշրուեցան։ Մնաց քրիստոնէական հաւատքը եւ այդ հաւատքի պաշտպան ու կենսատու աղբիւր՝ Եկեղեցին», ընդգծեց Նորին Ս. Օծութիւնը՝ շարունակելով, որ պատմութեան ընթացքին, մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը ինքզինք տագնապներու դիմաց գտած ժամանակ միշտ ալ փարած է յարութեան ու այդ հաւատքով ինքզինք նորոգած է։ Հայրապետը վկայակոչեց Քրիստոսի այն խօսքերը, որոնք արտասանած է իր յարութենէն ետք անակնկալ կերպով աշակերտներուն երեւցած ժամանակ, որ կ՚ըսէ.- խաղաղութիւն ձեզ, ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք, ու վերյիշեցուց հաւատացեալներուն, որ այսօր եւս Քրիստոս կը ներկայանանայ մեզի՝ ըսելու «մի՛ վախնաք»։

Հայրապետը, ապա, անդրադարձաւ Հայաստանի ու Արցախի ներկայ կացութեան։ Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը չի կրնար անտարբեր ու լուռ մնալ ի տես տիրող կացութեան։ Խօսքը ուղղելով յատկապէս Արցախի մեր հայրենակիցներուն՝ ըսաւ. «Արցախի ժողովո՛ւրդ, կ՚ըսենք՝ մենք ձեզի հետ ենք, բառին ամէնէն զօրեղ իմաստով»։

Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ «անկախութիւնը եւ արդարութիւնը Աստուածատուր արժէքներ եւ իրաւունքներ են։ Արցախի ժողովուրդը հաւաքաբար հաստատած եւ ամրապնդած է իր անկախութիւնը այն հողին վրայ, ուր դարեր շարունակ ապրած ու ստեղծագործած է. հետեւաբար, ժողովուրդի մը անկախութիւնը չի՛ կրնար սակարկութեան սեղանի նիւթ դառնալ», ընդգծեց ան։ Իսկ անդրադառնալով Հայաստանի կացութեան, Հայրապետը իր մտահոգութիւնը յայտնեց եւ ըսաւ, որ այսօր Հայաստանը լուրջ տագնապներու դիմաց կը գտնուի եւ մեր սպասումն է, որ Հայաստանի պատասխանատուները, ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդը կարողանան իրենց հաւաքական կամքը հաստատել ամուր կերպով, որովհետեւ ազգի մը ազատ ապրելու կամքը եւ իրաւունքը կարելի չէ՛, այսպէս կոչուած, աշխարհաքաղաքական պայմաններու լոյսին տակ թէական դարձնել։

Իր պատգամի վերջին բաժնով, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Լիբանանի հայութեան, դարձեալ իր հայրական հոգատարութեամբ վստահեցնելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ գործնապէս կանգնիլ Լիբանանի հայութեան կողքին։ Այս իմաստով, Հայրապետը նաեւ խօսեցաւ յառաջիկայ ամիս տեղի ունենալիք Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ լիբանանահայ գաղութին ներկայացուցչութեան մասին։ Ան ըսաւ, որ պէտք է քաջ գիտակցիլ, թէ հայ գաղութը Լիբանանի եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկն է եւ ունի իր պարտաւորութիւններն ու իրաւունքները, որոնք կ՚իրագործուին շնորհիւ խորհրդարանին մէջ մեր արդար ներկայացուցչութեամբ։ Այս գծով, ան յորդորեց լիբանանահայութիւնը, Լիբանանէն ներս թէ դուրս, գործնապէս մասնակից դառնալու համայնքին գործունէութեան՝ քուէարկութեան ճամբով ընտրելու հայ գաղութի ներկայացուցիչները, որոնք թէ՛ ճանչցուած են գաղութին կողմէ, թէ՛ ալ կը ճանչնան հայ գաղութը. «ճիշդ է, որ Լիբանանի խորհրդարանէն ներս բոլոր երեսփոխանները լիբանանեան դրօշին տակ Լիբանանը կը ներկայացնեն, սակայն հոն մուտք կը գործեն համայնքի անունով։ Հետեւաբար, մեզի համար ընդունելի չէ, որ պատահական անձեր հայ համայնքը ներկայացնեն խորհրդարանէն ներս»։ Հետեւաբար, ոեւէ անձ, շահագործելով իր համայնքային պատկանելիութիւնը, չի կրնար ներկայացնել հայ գաղութը, ըսաւ ան։

Յայտնենք, որ Ս. Պատարագին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, դեսպանատան անձնակազմը, կուսակցութեանց, կազմակերպութեանց, կառոյցներու ու մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ ազգային ու քաղաքական բարձրաստիճան պատասխանատուներ. իսկ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։

Յիշենք, որ Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ ազգային ու քաղաքական բարձրաստիճան պատասխանատուներու կողմէ Ս. Զատկուան տօնին շնորհաւորանքներ։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տեղեկատվական համակարգ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930