Հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան խնդիրը — թէ՛ Արցախեան հիմնահարցի կտրուածքով եւ թէ՛ Հ.Հ. ինքնիշխանութեան — ներկայիս կը գտնուի իր բախտորոշ մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման եւ կը պահանջէ պատրանքներէ զերծ քաղաքական մտածողութիւն։ Առ այդ՝ կ՚ուզեմ յիշեցնել հետեւեալ իրականութիւնները։
(ա) ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի Համանախագահութեան գործընթացը արդէն վաղուց դադրած է գոյութիւն ունենալէ։ Ալիեւը ճիշտ էր, երբ կը պնդէր, թէ 44-օրեայ Պատերազմը վերջ դրած է այդ գործընթացին։ Իմ կարծիքով, գործընթացը վերջնականապէս կանգ առած էր Կազանի մէջ։ Երբ միջազգային կողմերը այդ գործընթացին այնուամենայնիւ ակնարկութիւն ընեն, այդ մէկը դեռ չի նշանակեր, որ գործընթացը կենդանի է։ Ան մեռած է։ Զայն մեռցնողները եղան, առաջին հերթին, Ալիեւը սերտ գործակցութեամբը Մոսկուայի։ Ապա նաեւ Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան անուղղակի գործակցութեամբը Թուրքիոյ։
(բ) Պրիւքսէլի հանդիպումը Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ Եւրոպական Խորհուրդի (European Council) Նախագահ Շառլ Միշէլի միջնորդութեամբ եւ Ա․Մ․Ն․-ի պետական քարտուղար Պլինքընի հսկողութեան տակ՝ բացարձակապէս կապ չունի Հայաստանի եւ Արցախի այսօրուան խնդիրներուն հետ։ Այդ հանդիպման ենթատեքստը Ուքրայինան էր։ Պրիւքսէլի հանդիպումով կը սկսի մէկ նոր գործընթաց։ Ա․Մ․Ն․ եւ Եւրոպա Հայաստանի եւ Արցախի հարցերը կ՚ընդգրկեն Ռուսաստանի դէմ կիրարկուած պատժամիջոցներու քաղաքականութեան մէջ։ Ձեւականօրէն, Արեւմուտքի ջոջերը խօսոյթը կը պահպանեն այնպէս ինչպէս որ էր։ Եւ սակայն էապէս Պրիւքսէլի մէջ վերջին հարուածն է, որ կը տրուի Մինսքի Խումբի Համանախագահութեան։ Մոսկուա կը գիտակցի այս իրականութեան եւ Լաւրովի միջոցով կը հրապարակայնացնէ իր բողոքը։ Փաշինեան եւ Արեւմուտք կը հերքեն «զրպարտութիւն»-ը, բայց ոչ ոք զիրար ապակողմնորոշելու լուսանցք չունի այլեւս։ Խաղաքարտերը բացուած են վաղուց։ Ա․Մ․Ն․-ի ռազմագէտները Ուքրայինայի ճակատը կը հասցնեն Կովկաս։ Եւ հաւանաբար Ալիեւի եւ Էրտողանի քուլիսային գործակցութեամբ։
Այս բոլորը անգամ մը եւս ցոյց կու տան, որ Փաշինեանի իշխանութեան լինելիութեան հիմքերը վաղուց քայքայուած են եւ ան ոչինչ ունի տալիք մեր անկախ պետականութեան արդէն իսկ վտանգուած դատին։ Մեր երկրի այս աննախընթաց ճգնաժամը կը պահանջէ նոր դէմքեր եւ նոր մտածողութիւն։ Փաշինեան կը փորձէ ուժականութեան պարապը լեցնել փուճ խոստումներով։ Սահմանազատում, կոմունիկացիաներ, բաց ճանապարհներ, դրամագլուխի զանգուածային ներհոսք առաւելաբար Թուրքիայէն եւ դեռ շատ ուրիշ հրաշալիքներ, որոնց բանալին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրերն են ։ Ասոնք ներկայիս ցնորքներ են։ Անոնք գոյութիւն չունին եւ պիտի չունենան, որքան ատեն որ Հայաստանն ու Արցախը կը գործեն տկարութեան դիրքերէ։ Մի խաբէք դուք ձեզ։ Մի խաբէք հանրութիւնը։ Ժամանակն է մեկնելու։ Ժամանակն է իշխանութիւնը յանձնելու ձեռնհաս եւ կորովի ուժերու։ Ժամանակն է պատրանքները թօթափելու եւ Հայաստանի եւ Արցախի լինելիութիւնը կերտելու բոլորովին նոր զէնքերով եւ ռազմավարութեամբ։
Կարդացեք նաև
Կարօ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում