Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Օնտարիոյի խորհրդարանը մայիսը հայկական ժառանգության ամիս է հռչակել

Ապրիլ 05,2022 10:24

29 Մարտ 2022-ին, Օնթարիոյի Օրէնսդիր Ժողովը միաձայնութեամբ հռչակեց իւրաքանչիւր տարուան Մայիս ամիսը «Հայկական Ժառանգութեան Ամիս»:

105-րդ օրինագիծը, որ իւրաքանչիւր տարուան Մայիս ամիսը պիտի ճանչնայ  որպէս «Հայկական Ժառանգութեան Ամիս», ներկայացուեցաւ Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանի Սքարպորօ-Էյճինքորթ շրջանի երեսփոխան Արիս Պապիկեանի կողմէ: Օնթարիոյի Օրէնսդիր Ժողովը Գանատայի առաջին օրէնսդիր մարմինն է, որ ընդունեց  նման օրէնք՝ յարգելու եւ յարգանքի տուրք մատուցանելու Օնթարիոյի մէջ բնակող հայերուն՝ իրենց գործուն ներդրումին եւ բարի աւանդին համար գանատական հասարակութեան մէջ:

Օրինագիծին ճանաչումէն ետք, Տիար Պապիկեան այսպէս արտայայտուեցաւ. «Զգացուած եմ Օրէնսդիր Ժողովի գործընկերներուս միաձայն աջակցութեան ու օժանդակութեան համար։ Բարձր կը գնահատեմ գործընկերներս եւ հպարտ եմ ընտրուելուս Օնթարիոյի Սքարպորօ-էյճինքորթ շրջանի ներկայացուցիչ: Այս առիթով կ’ուզեմ երախտապարտութիւնս յայտնել նախարարներ Փոլ Գալանտրային, Սթիվըն Լեչէին, Լիզա Մըքլաուտին եւ գործընկերներուս՝ Ռոպին Մարթինին, Վինսընթ Քըին, Էֆի Թրիանդաֆիլոբուլոսին, Լոկըն Գանաբաթիին, Ճենիֆեր Սթիվընզին եւ Կուրաթան Սինկին՝ իրենց սրտառուչ արտայայտութիւններուն համար: Հպարտ եմ հովանաւորելու այս օրինագիծը եւ ոգեկոչելու մեր գաղութի նախնիքներուն զոհողութիւնները համայնքին բարգաւաճման ի խնդիր»:

Սոյն պատմական իրադարձութեան ներկայ էին Թորոնթոյի հայ համայնքի կրօնական եւ քաղաքացիական առաջնորդներ եւ ներկայացուցիչներ ՝ Հայ Կեդրոն, Թորոնթոյի Հայ Դատի յանձնախումբ, Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցի, Սուրբ Աստուածածին  Հայց. Առաքելական Եկեղեցի եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի:

Օրէնսդիր Ժողովի երկու ժամ տեւողութեան տրուած վկայութիւնները վերահաստատեցին եւ վերստին ընդգծեցին Օնթարիոյի հայերուն նշանակալի ներդրումը նահանգի ընկերային, մշակութային, կրթական, տնտեսական եւ քաղաքական հաստատութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ իրենց ներդրումը արուեստի, գիտութիւններու եւ գրականութեան մարզերէն ներս։ Բացի այդ, բանախօսները անդրադարձան Հայոց Ցեղասպանութեան ազդեցութեան օնթարիոցիներուն եւ ՃորՃթաուն Պոյզ մարդասիրական առաքելութեան վրայ, աւելին՝ գանատացիներուն աջակցութեան հայ ժողովուրդին՝ անոր ամենամութ ժամերուն, դաշնային կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, հայ ժողովուրդի դժբախտութիւնները յաղթահարելու յարատեւ տոկունութեան։

Երեսփոխան Պապիկեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց Օնթարիոյի հայերուն պատմութիւնը, նահանգի տարբեր հայկական համայնքներուն ստեղծումը, Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներուն եւ որբերուն օգնելու Գանատայի ազնիւ փորձը, եւ Մայիս ամիսը հռչակելու որպէս Օնթարիոյի Հայկական Ժառանգութեան Ամիս: Պապիկեան իր խoսքին մէջ նաեւ նշեց Օնթարիոյի յայտնի հայերէն մի քանիին անունները, որոնք իրենց անջնջելի ազդեցութիւնը ունեցած են Օնթարիոյի առօրեայ կեանքին մէջ։

105 օրինագիծին հռչակումը մէկ այլ նշանակութիւն ունի: Սովորաբար երկրորդ ընթերցման աւարտին օրինագիծը կ’ուղարկուի  պալատի ներկայացուցիչներու ենթայանձնաժողով՝ առաւել ուսումնասիրութեան համար: Ենթայանձնաժողովը ուսումնասիրելէ ետք, կ’անցնի երրորդ ընթերցումին։ Օրինագիծին երկրորդ եւ երրորդ ընթերցումը տեղի ունեցաւ նոյն օրը եւ նոյն օրէնսդրական նիստի շրջանակներուն։ 105-րդ օրինագիծին երկրորդ ընթերցումէն ետք, Պահպանողական պալատի ղեկավարը կոչ ըրաւ խորհրդարանականներուն օրինագիծին վաւերացումը  արագացնելու՝ փոխանցելով ամբողջ խորհրդարանի յանձնաժողովին։ Այսպիսով, օրինագիծը անցաւ երրորդ ընթերցման եւ ընդունուեցաւ: Վերջին անգամ այս ընթացակարգը ընդունուած է 20 տարի առաջ։

«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Պահպանողական ներկայացուցիչներուն, Փոլ Գալանտրային՝ իր իմաստութեան եւ առաջնորդութեան համար այս օրինագիծը օրէնսդրական գործընթացին կողմնորոշուելուն համար: Աւելին, շնորհակալութիւն Փրոֆ. Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչիլին, Ժիրայր Թիւթիւնճեանին եւ Յասմիկ Քիւրտեանին՝ իրենց արժէքաւոր աջակցութեան համար»,– եզրափակեց երեսփոխան Պապիկեան:

Արքայական վաւերացումը (Royal Assent) տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 31 Մարտին, Թագուհիին ներկայացուցիչին կողմէ։

Արիս Պապիկեան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930