Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ինչո՞ւ այդ բարձրագոչ ափսոսանքը չլսուիր հայաշխարհ Արցախի մշակութային աւերներու պարագային․ «Հայրենիք»

Ապրիլ 02,2022 09:35

Միջազգային համայնքը թուլամորթի անկարողութիւն ցուցաբերեց երբ Արցախ նախայարձակման ենթարկուեցաւ, երբ անոր բնակչութիւնը տեղահանուեցաւ, հիմա նոյն ամլութեամբ կը դիմաւորէ այդ աշխարհի եւ անոր բնակիչներու մշակութային ժառանգութեան աւերումը: Այդ համայնքը սկզբունքային կեցուածք չունեցաւ, քանի որ Հայաստան-Արցախ փոքր էին, նաւթ չունէին, աշխարհը կշտացնելու համար հացահատիկի դաշտեր չունէին: Ինչպէ՞ս չմտածել, որ «շատի եւ ծաւալի հանդէպ հաւատարմութիւն-պաշտպանութիւնը» բարոյական հիմնաւորում չունի, եսասիրական է, շահախնդրութիւն է, քանի որ քիչի եւ փոքրի հանդէպ սկզբունքային բարոյականութեան հաւատարմութիւն չցուցաբերեցին:

Այսօր, մամուլի վերտառութիւն մը կ’ըսէր, որ «Ուքրայինայի մշակութային ժառանգութիւնը կը քանդուի Փութինի բանակին կողմէ»: Պէտք է պաշտպանել այդ մշակութային ժառանգութիւնը: Ինչո՞ւ կը լռեն, լռեցին, ի՞նչ բանի տուրք տալով, երբ Էրտողան-Ալիեւի բանակները կը քանդեն հայկական յուշարձաննները, տապանաքարերը, եկեղեցիները, կը վերցնեն անոնց գմբէթներու խաչերը: Միթէ՞ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը անպէ՞տք է, անտեսանելի՞, չէ՞ եղած: Ինչո՞ւ այս հակաքաղաքակրթական անգիտացման վատ վերաբերումը:

Կամ մենք անճարակ ենք եւ չենք յաջողիր ժառանգութիւն պաշտպանելու:

Հայաստան անդամ է ՄԱԿի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, կը նշանակէ, որ լուսաբանելու եւ պաքարելու բեմ ունի: Ինչո՞ւ կազմակերպուած աշխատանք եւ պայքար չի տանիր, չենք տանիր: Այդ պայքարին մասնակից չենք դարձներ բազմանդամ սփիւռքեան զանգուածները եւ անոնց ներուժը: Աւելի պարզ խօսելով, աւելի կը զբաղինք իշխանութիւն(ներ) խաղալով, զիրար քննադատելով եւ խծբծելով, անկարողութիւն ցուցաբերելով հիմնական խնդիրներու շուրջ մէկ ճակատ կազմելու:

Ժամանակակից ֆրանսացի յայտնի լրագրող Էտվի Փլէնէլ դիպուկ խօսք ունի այս մասին: Կ’ըսէ. «Չի բաւեր հասարակաց ժառանգութեան մը մասնակից ըլլալ, դեռ հարկ է ապրիլ նոյն աշխարհին մէջ»: Նիւթապաշտ եւ համաշխարհայնացող ընկերութիւնը մեր տեսադաշտէն կը հեռացնէ մեր սեփականը, կը նշանակէ որ կը դադրինք անոր տէր ըլլալէ, զայն պաշտպանելէ: Այս պաշտպանութիւնը շաբաթավերջի զուարճութիւն չէ, ան ազգային անշրջանցելի քաղաքականութիւն է: Այս ըմբռնումով նախ մենք պէտք է իրապէս տէր ըլլանք մեր մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան, զայն ապրեցնենք, թարմացնենք, մեր կեանքին մաս դարձնենք, անոնք ըլլան լեզու, գիր գրականութիւն, թէ արուեստներ, անոր պաշտպանութիւնը պէտք է միջազգայնացնել եւ այդ ուղղութեամբ պայքարիլ ամենուրեք:

Ինչո՞ւ միայն խօսիլ պատերազմի պատճառով վնասուող Ուքրայինայի մշակութային ժառանգութեան մասին: Ինչո՞ւ լուռ մնացին եւ լուռ կը մնան մշակութային ժառանգութեան պաշտպան մեծեր եւ հաստատութիւններ, երբ այդ աւերը տեղի ունեցաւ Նախիջեւանի մէջ, հիմա տեղի կ’ունենայ Արցախի մէջ:

Եթէ մենք տիրութիւն չընենք մեր մշակութային ժառանգութեան, չպայքարինք անոր սպառնացող արտաքին ուժերու դէմ, ոչ ոք այդ պայքարը պիտի մղէ մեր փոխարէն, ոչ ոք միջազգային համայնքը եւ արդարութիւնը իրենց պատասխանատուութեան առջեւ պիտի կանգնեցէ: Այս՝ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

Եվ քաջաբար, հետեւողականութեամբ պէտք է լսել ֆրանսացի լրագրողին խօսքը, որ «չի բաւեր հասարակաց ժառանգութեան մը մասնակից ըլլալ, դեռ հարկ է ապրիլ նոյն աշխարհին մէջ»:

Իսկ ի՞նչ է այդ նոյն աշխարհը: Ան ֆիզիքական-նիւթական աշխարհն է, ուր ծնած եւ զարգացած է այդ մշակութային ժառանգութիւնը, ապա անոր տէր եւ զայն իր առօրեային մէջ ապրող ժողովուրդը:

Իսկ այդ ապրող մշակոյթին տէր ըլլալ կը նշանակէ անով ապրիլ մեր առօրեան, զայն չհամարել գեղօր, կամ շաբաթավերջի ինքնագոհական զուարճութիւն:

Այս նախ ներազգային քաղաքական պայքար է, որպէսզի արտաքին պայքարը ունենայ կշիռ, բովանդակութիւն եւ որակ:

Հայ մշակոյթի տիրութիւնը եւ պաշտպանութիւնը մեր անցեալէն ժառանգուած որակով, անոր մէջ այսօրուան մեր ներկայութեան որակով եւ յանձնառութեամբ կ’իմաստաւորուին եւ կը յաջողին:

Ինչո՞ւ այսօր իրաւացիօրէն կ’ափսոսան ուքրայինիական մշակոյթի կրած աւերներուն համար:

Ինչո՞ւ այդ բարձրագոչ ափսոսանքը չլսուիր հայաշխարհ Արցախի մշակութային աւերներու պարագային:

 

Յ․ ՊԱԼԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930