«Գանձասար». 24 Մարտին Ատրպէյճանի բանակը խախտելով զինադադարի պայմանաւորութիւնը, ներխուժած է Արցախի Հանրապետութեան Ասկերան շրջանի Փառուխ գիւղը։ Ազերիները նաեւ յարձակած են Խրամորթ բնակավայրի ուղղութեամբ։ Ներխուժած ատրպէյճանական ստորաբաժանումները կրակ բանալով Պաշտպանութեան Բանակի յենակետերու ուղղութեամբ, ծայրաստիճան վտանգաւոր իրավիճակ ստեղծած են։ Պայման է, որ ազերպէյճանական ստորաբաժանումները անյապաղ դուրս բերել վերոյիշեալ շրջանէն, եւ ՌԴ խաղապահ զօրքերը խաղաղութիւնը անահովեն շրջանին մէջ։
Ազէրիներուն սադրանքները շարունակութինն են վերջին շրջանին Ատրպյէճանի իշխանութիւններու նախաձեռնած ահաբեկչական արշաւին, որը կարտայտուի խաղաղ բնակչութեան վրայ հոգեբանական ճնշումներու գործադրութամբ, կրակի դադարեցման ռեժիմի պարբերական խախտումներով եւ Արցախը սնուցող միակ կազատարի խափանմամբ, ստեղծելով մարդասիրական ծանր իրավիճակ, վերջնական նպատակ ունենալով Արցախի հայաթափումը։
Ատրպէյճանի լկտի պահուածքը եւ սանձազերցած դաժան քաղաքականութիւնը պէտք է արժանանայ միջազգային հանրութեան ամենախիստ գնահատականին։
Անտարբերութիւնը կարող է աւելի սարսափելի հետեւանքներ ունենալ, եւ քաջալերէ, որ թշնամին նոր սպառնալիքներ հնչեցնէ։ Արցախի ժողովուրդը կը շարունակէ ամուր կանգնիլ իր հողին վրայ։
Կարդացեք նաև
Արցախը հայկական աշխարհի անբաժանելի մասն է, որու հետ կապուած ենք արեամբ, հոգիով ու սրտով, մշակոյթով ու պատմութեամբ։
Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը, դատապարտելով Ատրպէյճանի սադրանքները Արցախի Հանրապետութեան ուղղութեամբ, յառաջիկայ օրերուն պիտի դիմէ օտար պետութիւններու դեսպաններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, մատնացոյց ընելու Ատրպէյճանի ոտնձգութիւնները, պահանջելով, որ միջամտեն կասեցնելու թշնամիին անընդմէջ սադրանքները։
Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբ