Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները արցախահայութիւնը պատանդ վերցուցած են․ «Հայրենիք»

Մարտ 26,2022 10:10

Արցախի ազատ շրջաններուն աւելի քան հարիւր քսան հազար բնակչութիւնը պատանդ է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ձեռքերուն մէջ։ Արցախեան երկրորդ պատերազմին ծանր պարտութենէն ետք, ներկայիս ստեղծուած իրավիճակը աւելի քան վտանգաւոր է արցախահայութեան համար, որովհետեւ արցախցիք կը գտնուին տնտեսական շրջափակման եւ տարրական պէտքերու չգոյութեան առաջնորդող իսկական վտանգին տակ։

Ատրպէյճանցիք իրենց հակակշիռին ենթակայ եւ ռուսական խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան ծիրին մէջ ինկող Շուշի- Լիսագոր հատուածին մէջ գտնուող կազատարը վերածած են ճնշումի զէնքի մը, որ կը գործածուի՝ արցախահայութիւնը ծունկի բերելու համար։ Մարտ 7-ին Հայաստանէն Արցախ բնական կազ փոխադրող կազատարին այդ հատուածը խորհրդաւոր պայմաններու մէջ վնասուեցաւ՝ Արցախի ամբողջ բնակչութիւնը բնական կազէ զրկելով։ Ռուսական խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութեան միջնորդութեամբ կատարուած եւ տասնմէկ օր տեւած բանակցութիւններէն ետք ատրպէյճանցիք ի վերջոյ նորոգեցին կազատարը, որ քանի մը օր բնական կազը Հայաստանէն Արցախ հասցնելէ ետք, դարձեալ արցախցիք զրկուեցան կազէն, որովհետեւ այս անգամ յստակացաւ, որ ատրպէյճանցիք կազատարը փակած են։ Ստեփանակերտի իշխանութիւնները՝ հիմնուելով հաստատ տեղեկութիւններու վրայ, յայտարարեցին, որ Շուշի- Լիսագոր հատուածին մէջ գտնուող կազատարին նորոգութիւնը կատարելէ ետք, ատրպէյճանցիք կազատարին վրայ ծորակ հաստատած են եւ յայտնապէս զայն փակած են՝ կազին հոսքը կասեցնելով։

Կազատարին վերաբացման համար բանակցութիւնները կը կատարուին ռուսերուն եւ ատրպէյճանցիներուն միջեւ։ Բանակցութիւններ, որոնք կրնան արդիւնք տալ եւ կազատարը կրնայ վերաբացուիլ։ Սակայն ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները արցախահայութիւնը պատանդ վերցուցած են եւ իր հայրենի հողերուն վրայ ազատօրէն ապրելու վճռակամութեամբ դիմացող ժողովուրդին տարրական պէտքերը սակարկութիւններու խաղաքարտի եւ ճնշումի զէնքի վերածելով՝ պիտի գործադրեն հայաթափման ծրագիրը։
Նման չափազանց վտանգաւոր կացութեան մէջ, Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ ընդդիմութեան միջեւ սուր տակարծութիւնները կը յամենան՝ առաւել բարդացնելով իրավիճակը։

 

Ա.Ա.

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031