Ստեփանակերտը բնական կազով մատակարարող խողովակին խափանում, զուգահեռաբար՝ Շուշիի մէջ Մ.Ա.Կ.-ի դրօշակի ծածանում, նշելու համար աշխարհի մեծագոյն այս կազմակերպութեան՝ Ատրպէյճանի անդամակցութեան 30-ամեակը։ Ներկայիս, տարբեր է կեանքը իրարմէ քանի մը մղոն հեռաւորութեան վրայ գտնուող այս երկու քաղաքներուն մէջ։
Աշխարհը կը նախընտրէ հեռու կանգնիլ արցախեան տարածաշրջանէն, ինչպէս կ’ընէ յաճախ, այդպէս ըրաւ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, կոյր եւ անտարբեր ձեւանալով թուրք-ազերիական բազմերես ոճիրներուն դիմաց։ Այս օրերուն, քաղաքական եւ քարոզչական աշխարհին կիզակէտը Ուքրայինան է։ Շարունակ կը գրուի, կը կարդացուի, կը լսուի եւ յատկապէս կը դիտուին (երբեմն կեղծելով ու ներկայացնելով նախկին «տաք» այլ ճակատներու ողբերգական պատկերներ) Քիեւէն, Խերսոնէն, Մարիոփոլէն եւ Լվովէն քաղուած զարգացումներ, մինչդեռ Արցախի ու արցախցիին ցայսօր շարունակուող ոդիսականը մոռցուած է։
Աշխարհին համար, հարիւր հազար բնակչութիւն ունեցող եւ գրեթէ մեկուսացած, կովկասեան բարձրաւանդակին մէջ կորսուած այս հողատարածքը յայտնապէս ոչ մէկ կարեւորութիւն ունի, բաղդատած Ուքրայինայի ու զայն բզկտող պատերազմին, ուր քանի մը տասնեակ միլիոն բնակիչ՝ օրհասական կացութեան մատնուած, զոհ կ’երթայ Արեւելք-Արեւմուք ճակատումին։ Դժբախտութեան մէկ այլ երեսն ալ այն է, որ Արցախին տէր կանգնելու կոչուած պաշտօնական Հայաստանը կը կապկէ աշխարհի անտարբերութիւնը: «Ազերիները կրակում են, յետոյ ի՞նչ», կը շպրտէ հանրապետութեան նոր նախագահը լրագրողին երեսին, չհասկնալով, որ նման պայմաններու մէջ «Մենք խաղաղութիւն պիտի հետապնդենք»-ը ինչպիսի՛ դասակարգում կը բերէ իրեն ու զինք այդ պաշտօնին հասցնող «մանտադաւորներ»ուն, իսկ հայկական դիւանագիտութեան պետը որեւէ անբնական բան չի տեսներ Ատրպէյճանէն հասած ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ մէջ, ու կը կրկնէ յանկերգը. «Խաղաղութիւն պիտի հետապնդենք առանց նախապայմաններու»…
Մէկ ամիսէ ի վեր, աշխարհի մէջ ստեղծուած է կացութիւն մը, որ յաւելեալ թեւ տուած է ատրպէյճանական կողմին, իրեն գործակից եւ զինք գործակատարի վերածած Թուրքիոյ հետ տարբեր ձեւերով շարունակելու համար «կիսաւարտ» պատերազմը, մերթ փամփուշտ ու հրթիռ արձակելով, մերթ հոգեբանական ճնշում բանեցնելով Արցախի ու Հայաստանի վրայ։
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում