21 Մարտին Մոնրէալի քաղաքապետական խորհուրդը յատուկ նիստին ընթացքին բանաձեւ ընդունեց` Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին առիթով, վերահաստատելով Մոնրէալի քաղաքապետութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու դիրքորոշումը: Բանաձեւը կը նշէ, որ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր: Նիստին մասնակցեցան Մոնրէալի քաղաքապետ Վալերի Փլանթը, քաղաքապետական խորհուրդին մէջ ներկայացուած քաղաքական կուսակցութիւններն ու խմբաւորումները: Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին առիթով ներկայացուած յատուկ բանաձեւի քննարկման ընթացքին ելոյթ ունեցան քաղաքապետական խորհուրդի հայազգի անդամներ Վանա Նազարեանն ու Մարի Տերոսը, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Էմիլի Թուլիէն, Էֆի Ճիանուն եւ Քրեկ Սովէն, որոնք նշեցին Մոնրէալի քաղաքապետութեան կողմէ աւանդութիւն դարձած Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման կարեւորութիւնը:
Նշենք, որ Մոնրէալի քաղաքապետութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին առաջին բանաձեւը որդեգրած է 1997 թուականին: Բանաձեւը ներկայացուցած է այդ օրերու քաղաքապետական խորհուրդի գործադիր մարմինի ատենապետ Նուշիկ Էլոյեանը:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Գանձասար» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում: