Բանակցութիւններու օրակարգին կրնան գտնուիլ զանազան անմիջական եւ ճշդելի հարցեր, որոնց լուծման համար դաւաճանութիւն է ԱԶԳԻ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԵՐԸ մոռացութեան մատնել, անտեսել, ուրանալ, ջնջել:
Սահմաններու բացում, ճանապարհային հարցեր, ներածում-արտածում, բարօրութիւն, խաղաղութիւն, զբօսաշրջութիւն, անկասկած լաւ բաներ են: Բայց ի՞նչ գին վճարելով: Հայ ժողովուրդը, օսմանեան կայսրութեան մէջ կրնար հանգիստ գոյատեւել, մարդիկ կրնային մնալ իրենց հողերուն վրայ, չջարդուիլ, եթէ ընդունած ըլլային հրաժարիլ իրենց ինքնութենէն, շարունակութիւն ըլլալու եւ որպէս ազգ ապրելու եւ իրենք իրենց ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքէն: Համագումար՝ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵՆԷ:
Միշտ ալ զարմացած եմ մեր ժողովուրդին, մասնաւորաբար մտաւորական եւ քաղաքական մտածողութեան մէջ հինէն ի վեր սովորութիւն դարձած հայոց ապագան ճշդելու համար իմաստութիւն համարուող հրաժարումներէն. հին օրերու պարսկասէրները եւ բիւզանդասէրները, թրքամէտներ եւ ռուսամէտներ, նաեւ ֆրանսամէտներ, ամերիկամէտներ: Պիտի չզարմանամ եթէ վաղը յայտնուին չինամէտներ, եթէ արդէն չկան:
Ոեւէ ազգ նախ ինքնամէտ է, ինքնամէտ պէտք է ըլլայ, այլապէս դատապարտուած է որպէս ազգ անհետացման: Ցանկալի են փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած համագործակցութիւնները, բայց առանց դրժելու հայրերու ժառանգութիւնը, որ ազգի իրաւունքով կ’արտայայտուի:
Կարդացեք նաև
Ազգը ինքնամէտ է երբ հայրենատէր է: Քաղաքական գործիչը այդ հայրենատիրութեան բովանդակութիւնը պիտի գիտնայ եւ ըստ այնմ քաղաքականութիւն վարէ, այսինքն իր աշխատանքի ընթացքին հայրերէ ստացուած ժառանգութիւն հայրենիքի տիրութիւնը եւ պաշտպանութիւնը պիտի ըլլան քաղաքական առաջնահերթութիւն:
Հայ ժողովուրդը իր դրացիներուն հետ հարց ունի իր հայրենիքին համար, հայրենիքը հող է, տարածք, հայրերու գրած պատմութեան էջ, ո՛չ արտադրական շուկայ, առեւտուր, ապրանքափոխադրութիւն, ճարտարարուեստ: Բանակցութիւններ, խաղաղութեան դաշնագրեր, սահմանային ճշդումներ,- ինչպէս կ’ըսեն դելիմիտացիա եւ դեմարկացիա,- անարդարութիւն եւ անբարոյութիւն կ’ըլլան, երբ պատմութիւնը կ’անգիտացուի եւ կը գործէ զէնքի բրտութեան տրամաբանութիւնը:
Յաճախ կը մտածեմ խորհրդանիշի մը մասին, զոր այնքան սուր կերպով զգացած չէի անոր անմիջականութեամբ հաղորդուելէ առաջ: Հայաստանի եւ ներկայի Թուրքիոյ միջեւ գծուած սահմանէն եթէ քայլ անդին անցնինք, մենք մեզ կը գտնենք կոպիտ անարդարութեան մը դիմաց: Սահմանէն քայլ մը անդին կը գտնուի հայոց թագաւորութեան մայրաքաղաք Անին, իր հաստփեստ պարիսպներով, եկեղեցիներով, որոնց աւերակ պատերը եւ գմբէթները դեռ կը վկայեն: Կը վկայեն ի՞նչ բան. որ իրենք հոն են ոչ թէ իրաւունքի եւ ճշմարտութեան վճիռով, այլ իրաւունք եւ օրէնք ոտնակոխած բիրտ ուժի հաստատած վճիռով:
Հայեւթուրք բանակցութիւններուն ընթացքին, նոյնիսկ խորհրդանշական բարոյականութեամբ, հարց պիտի տրուի՞ օր մը, թէ՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայոց Անիի պատկանելիութիւնը, աւերակ քաղաք՝ որուն տէր ըլլալու համար ո՛չ բարոյական, ո՛չ քրտինք եւ ո՛չ ալ պատմական իրաւունք ունի Թուրքիան, որպէսզի քաղաքական շատախօսութիւններու հաշտութիւնը իմաստաւորուի: Անին ի միջի այլոց յիշեցում մը:
Հայաստան պիտի բանակցի Ատրպէյճանի հետ խաղաղութիւն հաստատելու եւ յարաբերութիւնները բնականոն դարձնելու համար: Ո՞վ դէմ է միտումին, եթէ այդ արդարութիւն պիտի հաստատէ: Կարելի՞ է խաղաղութիւն հաստատել անարդարութեան եւ կողոպուտի հիմերու վրայ, անտեսելով պատմութիւնը եւ մշակութային կենդանի փաստերը:
Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան բանակցութիւնները ուժերու ներկայ յարաբերութիւններով կրնան յանգիլ միայն նոր զիջումներու եւ ցարդ պարտադրուած իրաւազրկումներու ամրագրման: Ինչպէ՞ս կարելի է շրջանցել ազգի իրաւունքները փոխան այսպէս կոչուած «բնականոն յարաբերութիւններու» հաստատման:
Այս մտածումներու հունով եթէ ընթանանք, ճիշդ պիտի ըլլայ որ երաշխաւոր պետութիւն մը կամ պետութիւններ, կամ միջազգային հեղինակութիւններ իրաւարար ըլլան, եւ կողմերը նախապէս յանձնառու ըլլան ենթարկուելու իրաւարարական արդար եւ բարոյական հիմով վճիռներու: Պատմական իրաւատիրութիւնը զէնքի ուժի ստեղծած ճնշման տակ չ’որոշուիր:
Քայլ մը ալ առաջ երթալով, Հայաստան ինքնիրեն լիիրաւ իրաւունք կրնա՞յ շնորհել բռնագրաւուած Հայաստանի եւ անոր հայրենահանուած ժողովուրդի իրաւունքներու հարցով զիջումներու շուրջ բանակցելու: Այդ կ’ըլլայ մեղսակցութիւն բռնագրաւողին եւ ցեղասպանութիւն գործողին հետ: Խնդիրը համայն հայութեան լինելութեան կը վերաբերի, հետեւաբար, վասն համազգային ճիշդ ըմբռնումի, ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ հայրենահանուած Արեւմտահայութիւնը,- որ տեսական գոյութիւն չէ, ժառանգները կան,- պէտք է մասնակից ըլլայ հաշտութեան բանակցութիւններուն: Այլապէս իրաւազրկումը կը շարուանկուի, ազգը ինքզինք կը գտնէ խոր անհասկացողութիւններու եւ պառակտումներու դիմաց:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում