Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Երկաթեայ շերեփ»-ը պիտի դրուի հայրենի դիւանագիտութեան ձեռքին մէջ. «Հայրենիք»

Մարտ 19,2022 10:10

Պարոն Միրզոյեան պաշտօնապէս եւ առանց գլուխը կախելու կը հաստատէ, որ Շուշիէն, Հատրութէն եւ 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով բռնագաղթած բոլոր արցախցիներուն համար, հիմնախնդիրը տարածքային չէ՛, այլ պարզապէս՝ իրաւունքի հարց։ Աւելի պարզ խօսքով, անոր ըսածէն կարելի է հասկնալ, թէ արցախցին կրնայ իր իրաւունքները հետապնդել՝ անցնելով Ատրպէյճանի իշխանութեան տակ: Քիչ մըն ալ յստակացնելով՝ ան տարածքի՝ հողի պահանջ չունի, այլ պարզապէս իբրեւ մարդ արարած՝ ապրելու, գործելու մարդկային տարրական իրաւունքներու պահանջք, կը մնայ, որ հայեր ջարդող ազերիները երաշխիք տան այդ իրաւունքներուն պահպանման:

Յիշեցնենք դարձեալ: Հատրութցիէն, շուշեցիէն եւ գրաւեալ միւս շէներէն խլուած ՀԱՅԿԱԿԱՆ հողին, անոր վրայ ապրողին իրաւունքներուն մասին է խօսքը, եւ ահա, անոնց մասին օր-աւուր բառախաղերով, լարախաղացութեամբ եւ նենգամտութեամբ՝ նախարարը, իր պետն ու գործակիցները կը փորձեն համոզել արցախցին եւ ընդհանրապէս հայը, ազերիական տեսակէտները ուղղակի եւ անուղղակի ձեւերով եւ փափուկ ուժով հրել հայորդիին կոկորդէն վար:

Ահա թէ ինչպէ՛ս կը շարունակուի դիւանագիտական բնագաւառէն ներս գործածուող «ճկուն» բառամթերքն ու այն հաստատումը, թէ «Խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ իւրաքանչիւր բանակցութիւն պիտի ընթանայ առանց նախապայմանների»: Այսքանով չգոհանալով՝ Միրզոյեան 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ին ստորագրուած պարտութիւնը կը բնութագրէ իբրեւ «ամրագրուած պայմանաւորուածութիւն, որ պէտք է լիարժէք կեանքի կոչուի»։ Աւելի՛ն, առանց ահաւոր եւ պատմական պարտութեան ծանրութիւնը նուազագոյն չափով զգալու, ամենայն ինքնավստահութեամբ կը յոխորտայ. «Մենք շարունակում ենք հետեւողական լինել այս ուղղութեամբ: Ինչպէս գիտէք, մենք նոյնիսկ հանդէս ենք եկել այդ պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու համալիր առաջարկներով․․․»։ Հոս տեղին է կանք առնել եւ չշարունակել ողբերգութիւնն ու թաւալգլոր անկումին ցուցահանդէսը, սակայն պէտք է աւելցնել, որ նաեւ վարչապետին կողքին, նորընտիր նախագահին համար ալ որեւէ մտահոգիչ բան չկայ ազերիներուն կրկնակի ու յարաճուն յարձակումներուն մէջ, որովհետեւ ան ալ ելած է նոյն մտածողութեան կաղապարէն:

Ժանգոտած է ու մաշած՝ Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ շերեփ»-ը։ Դժբախտաբար յարութիւն առած են նորելուկ Վեստ Սարգիսներ, որոնք Անիի փոխարէն՝ կ՛ուզեն ամբողջ հայրենիքը ծախել թշնամիին, որովհետեւ Արցախի յանձնումը չի բաւարարեր թուրք-ազերի համաթուրանական ճակատը:

Մեր պատմութեան ու գոյատեւող հայրենիքին հաւատարիմ հայը կասկած չունի. պիտի վերադառնան Խրիմեան հայրիկները, որոնց պատգամած՝ «Երկաթեայ շերեփ»-ը պիտի դրուի հայրենի դիւանագիտութեան ձեռքին մէջ եւ զայն պիտի հրաւիրէ զարթնումի եւ վերածնունդի։

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031