Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի կեդրոնական կոմիտէի
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը Անթալիոյ մէջ, անգամ մը եւս կ՚ապացուցէ պատերազմ պարտուած, արտաքին եւ ներքին առումով հեղինակազրկուած Հայաստանի վարչապետի աթոռին յայտնուած անձին եւ անոր իշխանութեան վարած քաղաքականութեան ապազգային վարքագիծը:
Կէս ժամ տեւած փակ հանդիպումի աւարտին, Միրզոյեան եւ Չաւուշօղլու երկուստեք գոհունակութիւն յայտնեցին այսպէս կոչուած «Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բնականոնացման հոլովոյթ»-ին մասին: Չաւուշօղլու կրկնեց, որ այս գործընթացէն գոհ է Ազրպէյճանը։
Այսպիսով, Հայաստանի իշխանութիւնները, հրաժարելով առանց նախապայմանի հիմնական սկզբունքէն, կը ներկայանան սեղան՝ ի սկզբանէ պարտուած, անձնատուր, ընդունելով թրքական կողմի նախապայմանները, կեղծ խաղաղասիրութեան եւ միակողմանի զիջման դասալիք տրամադրութեամբ:
Թրքամէտ այս վարքագիծի հոլովոյթը կը մերժենք էապէս եւ հետեւեալ կէտերը կը վերընդգծենք ու անգամ մը եւս կը յանձնենք հանրային կարծիքի ուշադրութեան.
1- Այն ինչ տեղի կ՚ունենայ ներկայիս, պաշտօնական Երեւան-Անգարա միջպետական յարաբերութիւն է: Մինչդեռ հայ-թրքական յարաբերութիւնները համազգային խնդիր են եւ կրնան կարգաւորուիլ միայն համազգային համախոհութեամբ: Այս օրակարգը պէտք է դիտել ազգային անվտանգութեան պրիսմակէն: Ուստի, որեւէ նման գործընթաց սկսելէ առաջ, օրակարգը կը կարօտի համահայկական ներքին քննարկման եւ համախոհական որոշ եզրակացութեան, որ կը բացակայի ցայսօր: Այս բարդ թղթածրարը ոչ մէկ իշխանութեան մենաշնորհն է ու չի կրնար ըլլալ, մանաւանդ դաւադիր ու ապազգային ա՛յս իշխանութեան:
Աւելի՛ն: Կողմերը երկխօսութեան փոխարէն արդէն նոյնիսկ սկսած են օգտագործել «բնականոնացում» եզրը: Ի՞նչ բնականոնացման մասին է խօսքը: Ի՞նչ է անոր սահմանումը: Իսկ անոնց ո՞վ տուած է իրաւունքը՝ բնականոնացման մասին խօսելու:
2- Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, ներառեալ՝ նոյնինքն ցեղասպանին կողմէ, Ցեղասպանութեան համար հատուցումները, Արցախի հողային ամբողջականութեան վերականգնումն ու ինքնիշխանութիւնը, Հայ Դատի պահանջատիրութեան ամբողջական թղթածրարը ե՛ն ու կը մնան մեր յարատեւ ու աննահանջ պայքարի անզիջելի թիրախները:
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ