Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Եկեղեցի եւ Տուն տարի. եկէք միացնենք զիրար». Բրազիլիայի Հայոց թեմ

Մարտ 16,2022 12:30

Հարցազրույց Բրազիլիայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Նարեկ եպիսկոպոս Բերբերյանի հետ

– Սրբազան Հայր, ինչո՞ւ որոշեցիք բրազիլահայոց թեմում այս տարի հռչակել եկեղեցի-տուն տարի։

– Նախ թոյլ տուէք շնորհակալութիւն եւ գնահատանքս յայտնել Ձեզ եւ Առաւօտ լրատուական կայքին, որ յաճախակի կերպով կը փորձէք լուսաբանել սփիւռքահայութեան կարեւորագոյն տեղ զբաղեցնող հոգեւոր կառոյցի՝ եկեղեցւոյ առաքելութեան մասին։ 2022 թուականը Բրազիլիայի Հայոց թեմի կողմէ հռչակուած է «Եկեղեցի եւ Տուն տարի. եկեք միացնենք զիրար» թեմայով։ Այս ծրագրին միակ նպատակը հետեւեալն է. քաջալերել համայնքի ընտանիքներուն, որպէսզի վերադառնան եկեղեցւոյ կեանք եւ մասնակից ըլլան անոր բազմախորհուրդ ընթացքին։ Ես 7 տարի է կը ծառայեմ որպէս առաջնորդ բրազիլահայոց թեմին մէջ եւ հանդիպած եմ բազմաթիւ հրաշալի հայ ընտանքիներու, որոնք հեռու կը մնան եկեղեցիէն, եւ եկեղեցին իրենց տունը չեն համարեր։ Շատերը եկեղեցի կուգան հիւրաբար կամ որպէս այցելու։ Համայնքի ընտանիքներէն շատեր եկեղեցի կայցելեն, երբ տխուր կամ ուրախ առիթներ կան, օրինակ՝ մկրտութիւններ, պսակներ, թաղումներ կամ հոգեհանգիստներ։ Ես, իսկապէս որպէս հոգեւորական այս ամէնի մասին մտածելով տխրությամբ կը լեցուիմ, քանի որ շատերը չեն հասկնար, թե ինչ է եկեղեցին կամ որն է անոր աստուածաստեղծ խորհուրդն ու նշանակութիւնը։ Մենք բազում փոքրիկ ծրագրեր կազմակերպած ենք, որպէսզի հեռացած ընտանիքները մօտեցնենք եկեղեցիին, այնպէս չէ որ այդ գաղափարին ուղղուած առաջին աշխատանքն է որ կը կատարենք։ Ուղղակի այս անգամ ընգրկած ենք աւելի լայն ծրագրային աշխատանքներ, որը գրեթէ մէկ տարի շարունակ պէտք է իրագործենք։ Մեր ցանկութիւնն է, որպէսզի մարդիկ հասկնան, որ եկեղեցին միայն քարեղէն կառոյցը չէ, նկարները կամ շարականները չեն, եկեղեցին քահանան կամ եպիսկոպոսը չէ։ Մեր նպատակն է, որպէսզի մարդիկ զգան, որ իրենք են եկեղեցին եւ իրենք են շունչ ու հոգի հաղորդողները։

Վերջերս քարոզներէն մեկու ժամանակ ըսի, որ եթէ մէկ օր ձեզմէ ոչ ոք գայ այս եկեղեցին, այն կը վերածուի անշունչ տաճարի։ Այդ պատճառով մարդիկ պէտք է զգան, որ եկեղեցին իրենցմով կ՚սկսի եւ կ՚աւարտուի։ Այնպէս, ինչպէս իրենց տունը կը լեցնեն խաղաղութեամբ եւ սիրով, այնպէս ալ իրենց ներկայութեամբ եւ աղօթքով աստուածակառոյց եկեղեցին պէտք է լեցնեն Սուրբ Երրորդութիւնէն եկած բազմապիսի շնորհներով։ Բրազիլիայի հայ գաղութի մէջ ունինք երկու հայ եկեղեցի՝ Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ Մայր Տաճարը եւ Օզասկօ քաղաքի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին։ Գրեթէ 100 տարի առաջ ներկայիս ընտանքիներու ծնողները այս եկեղեցիները կառուցած են, որպէսզի հայ գաղութը վառ պահէ քրիստոնէութիւնը ու ամուր կառչած ըլլայ առաքելահաստատ մեր Մայր Եկեղեցիին։ Մեր կամքն ու ցանկութիւնն է, որ վտանգաւոր ճանապարհէն դառնանք դէպի եկեղեցի՝ շենցնելով ու պայծառացնելով մեր թեմն ու գաղութը։

– Ի՞նչ ծրագրեր եք նախատեսում իրականացնել:

Ծրագրերը բազմազան են, նախ որոշած ենք բոլոր քարոզները կապել եկեղեցի եւ ընտանիք միասնութեան խորագրին շուրջ, յայտարարելով, որ եկեղեցին ձեր տունն է, եւ ձեր տունը՝ եկեղեցւոյ տունն է։ Պիտի փորձենք այցելել բոլոր տուները, պիտի կատարենք տնօրհնեայց կարգեր, աւելի լայն կերպով պիտի բացատրենք մի շարք հոգեւոր եւ կենսական նշանակութիւն ունեցող հարցերու կարեւորութիւնը մեր կեանքէն ներս։ Պէտք է բացատրենք, թէ ի՞նչ կարեւորութիւն եւ ինչպիսի՞ պարտականութիւն ունի Քրիստոնեան մասնակցելու սրբազան արարողութիւններուն՝ ի մասնաւորի սուրբ եւ անմահ պատարագներուն։ Շատ արարողութիւններու կատարման ժամանակ ընգրկած ենք նաեւ հաւատացեալներ, որպէսզի պատարագի կամ հոգեւոր արարողութեան ժամանակ անոնք նոյնպէս իրենց մասնակցութիւնը բերեն սրբազան խորհուրդներուն՝ ընթերցելով Սուրբ Գիրքէն հատուածներ, քրիստոնէական խոհեր եւ այլն։ Մի հետաքրքրական գաղափար մը ունեցանք, որու միջոցով պիտի փորձենք արմատացնել անոնց մէջ եկեղեցի յաճախելը. որոշեցինք պատրաստել Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցիի puzzle, այն բաժանեցինք 800 մասերու եւ կը պատրաստուինք այդ մասերէն մեկական ուղարկել բոլոր հայերու բնակարանները։ Իւրաքանչիւր ընտանիք ունենալով puzzle-էն մէկ կտոր պէտք է այս տարուայ ընթացքին այն բերէ եկեղեցի եւ տեղադրէ իր տեղը։ Եթէ եկեղեցւոյ նկարը մնայ անաւարտ, կը նշանակէ պարտաւորուածութեան պակաս կայ։ Ամէն շաբաթ մենք ցոյց պիտի տանք puzzle-ի տեսքը եւ պիտի յայտարարենք այն անունները, որոնք լրացուցած են իրենց մասնակցութեան բաժինը։ Երբ այն ամբողջական ըլլայ, ամբողջական կ՚ըլլայ եկեղեցւոյ հաւատացեալներու հաւաքականութիւնը, ամուր եւ հաստատուն կ՚ըլլայ հայ գաղութը։

Տնայցերու նպատակը միայն տնօրհնեայց արարողութիւններ կատարելը չէ։ Մեր նպատակն է ծանօթանալ տարիներ շարունակ եկեղեցիէն հեռացած ընտանիքները։ Պիտի փորձենք միջոցներ գտնել բարելաւելու եկեղեցւոյ եւ ընտանիքներու յարաբերութիւնները՝ նաեւ աղօթելով անոնց առողջութեան եւ հոգեւոր խաղաղութեան համար։ Այցելութիւնները պիտի ղեկավարեմ ես՝ թեմի հոգեւորականներու ուղեկցութեամբ։ Արդէն կազմուած է ամբողջ քարոզչական ծրագիրը, որն առաջ Աստուած պէտք է իրականութիւն դառնայ։ Գաղափարներէն մէկն է, որ մի օր եկեղեցի մեկտեղենք ամուսնացած զոյգերը՝ կրկին օրհնելով անոնց ամուսնական սրբազան խորհուրդը։ Պիտի կազմակերպենք գեղեցիկ այլ միջոցառումներ եւս, եւ պիտի ընդգրկենք դասախօսութիւններ եւ քրիստոնէական դասընթացքներ։ Այս շաբաթէն կ՚սկսինք նաեւ մեր եկեղեցւոյ երգչախումբի փորձերը, որուն անդամները հայ ընտանիքներու երիտասարդներէն եւ տարեցներէն են։

Վստահ ենք, որ տարուայ ընթացքին իրականցուելիք կրօնական, կրթական եւ սոցիալական ծրագրերը պիտի օգնեն արձանագրել մի շարք յաջողութիւններ։ Առանձնակի հանդիպումներ կունենանք մի շարք ընտանիքներու հետ, կը փորձենք օգնել նաեւ ներընտանեական խնդիրները հարթելու համար։ Տարուայ ընթացքին նոր ծրագրեր եւս կը յղանան։ Բրազիլիայի հայկական եկեղեցին գոյութիւն ունի՝ պահպանելու հաւատքը, հայ ինքնութիւնն ու մշակոյթը, պատմութիւնն ու ազգային գաղափարախօսութիւնները։ Մենք պետք չէ թոյլ տանք, որ մեր եկեղեցին դառնայ ուղղակի թանգարան. եկեղեցին կենդանի պահողն ու պահպանողը հաւատացեալն է։

– Ձեր կարծիքով, հայ հասարակությունն այսօր ամենաշատն ինչի՞ կարիք ունի:

– Ինձ համար հայ հասարակութիւնը ուժեղ է, երբ ատոր անհրաժեշտութիւնը օրհասական է։ Ապացույցը Հայաստանի նկատմամբ տեղի ունեցած արհաւիրքներն էին։ Պատերազմ, ցաւ, արտասուք, ամէն օր նահատակ զինուորներու անուններ, սգակիր մայրեր, ասոնք հոգեբանօրէն ի զօրու են տկարացնել մի ամբողջ ժողովուրդի, բայց հայը իսկապէս չթուլացաւ ոչ հոգեբանօրէն, ոչ կռուի դաշտը եւ ոչ ալ թիկունքը։ Ամէնուր միասնականութեան դրօշակներ կախուած էին, մանուկէն մինչեւ ծեր իրենց օգտակարութիւնը կը բերէին։ Բայց այսօր հայ հասարակութիւնը իսկապէս ունի Աստուած չզգալու կամ չտեսնելու հիւանդութիւն։ Սակայն Աստուած մեր մէջ է։ Երբ Քրիստոսին հարց տուին, թէ ո՞ւր է երկնքի արքայութիւնը, Ան պատասխանեց՝ այն ձեր մէջ է։ Քրիստոս որպէս Թագաւոր ամէն օր մեր սիրտերուն եւ միտքերուն մէջն է։ Պարզապէս պէտք է փորձել զգալ Անոր ներկայութիւնը անձնական աղօթքի եւ զրոյցի միջոցաւ։ Ինչ կը վերաբերի մեր համայնքին պէտք է ըսեմ, որ շատ ու շատ հայ գաղութներէն այստեղ աւելի կազմակերպուածութիւն կայ, շատերու հոգիներուն մէջ միշտ վառ ու կենդանի է Աստուած եւ եկեղեցի միասնականութիւնը։ Մենք պիտի մօտենանք բոլորին՝ կատարելով առաջին քայլը, որը մեր բարի պարտականութիւնն է, բայց նաեւ պիտի սպասենք, որ անոնք եւս քալեն դէպի մեզ, եթէ տեղի չունենայ այն, ինչ կ՚ակնկալենք, ապա ամէն բան կը դառնայ աւելի խրթին ու ծանր։ Բայց լիայոյս ենք, որ հայկական գաղութն ու հայ եկեղեցին աւելի ամրացած պիտի ըլլայ գալիք մարտահրաւէրներէն եւ պիտի ունենանք ամուր հաւատքով եւ ամուր կամքով հայ հաւատացեալներ։

– Ի՞նչ կմաղթեք հայությանը։

– Մաղթանքս է, որ բոլոր հայերով համախմբուինք մեր առաքելահաստատ եկեղեցւոյ շուրջը։ Զօրացնենք հայ գաղութը, զօրացնենք հաւատքը, աւելին՝ ջանք ու եռանդ չխնայենք ճիշտ, բանիմաց, իմաստասէր սերունդներ պատրաստելու եւ դաստիարակելու համար։ Ամէն մէկը պէտք է գիտակցի, որ ան եկեղեցւոյ քարերէն մէկն է եւ եթէ չըլլայ այդ քարերու ամբողջականութեան մէջ, ուրեմն կը խարխլուի մի ամբողջ եկեղեցւոյ ամրութիւնն ու հաւատքը, հայ ինքնութիւնն ու հայոց բանակը։ Միասնականութեան գաղափարի շուրջ մենք կունենանք հզօր Հայաստան, հզօր պետականութիւն եւ հզօր եկեղեցի։ Աստուած օգնական եւ պահապան ըլլայ բոլորիս, ամէն:

Զրուցեց Գոհար ՀԱԿՈԲՅԱՆԸ

«Առավոտ» օրաթերթ
15.03.2022

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031