Տնտեսագէտներ եւ բանիմաց մարդիկ բազում ահազանգեր կը հնչեցնեն, որ ներկայ պայմաններուն մէջ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի հետ սահմաններու «առանց նախապայմանի բացում»-ը նոր աղէտներու պիտի հասցնէ Հայստանն ու տնտեսութիւնը, պատուհաս պիտի ըլլայ հայ գիւղացիին եւ առեւտրականին: Իշխանաւորները կը հաւատան, որ խաղաղութեան էջը բանալով՝ Հայաստան պիտի բարգաւաճի, տնտեսական զարգացում պիտի ապրի (առածը կ’ըսէ. «Մեղր ծախողը մատները կը լիզէ»):
Խորհրդարանական ընդդիմադիրներ եւ արտախորհրդարանական իմաստուններ մտահոգ են, որ Արցախի երկրագործական տարածքներու կորուստէն, ապա նաեւ Ռուսիան եւ աշխարհը կլանած ծանօթ տագնապներէն ետք, Հայաստանի պարենաւորման հարցերը դժուարութիւններու առջեւ են, լուծումներ կը պահանջեն, արդարօրէն հարց կու տան, թէ իշխանութիւնը արդեօք ի՞նչ ծրագիր ունի: Նման հարցադրումներ լսող եւ հողատու ըլլալը չընդունող վարչապետը կը զայրանայ, իսկ իր խօսափողերը արհամարհանքով ժողովուրդին կը նետեն. «Ինչո՞ւ կը մտահոգուիք: Հոգ մի՛ ընէք՝ եթէ ապրուստի սղութիւնը դէպի վեր նոր ոստումներ կ’արձանագրէ: Ընդդիմադիրներուն մտահոգութիւնները անհիմն են: Մենք ամէն հարց կը լուծենք»:
Եւրոպայի հետ աշխարհը խոր մտատանջութեան մատնած զարգացումները համապատասխան ալիքներ կը բարձրացնեն Հայաստանի ու Արցախի մէջ, կը յուզեն նաեւ անոնց ելեւէջներուն հետեւող սփիւռքահայութեան միտքերն ու հոգիները: Իշխանութեան մօտիկ շրջանակներ հազիւ թէ կը քողարկեն «հին ճամբու ծրագիր»ը, այսինքն՝ ձեւ մը գտնել, որպէսզի Հայաստան դուրս գայ ռուսական ազդեցութենէ եւ ապաւինի Արեւմուտքի հովանիին: Հարցը կը դրուի ռուսասիրութեան եւ ռուսամերժութեան, եւ ո՛չ թէ իրապաշտութեան, կարելի հաւասառակշռութիւն մը պահպանելու մօտեցումով (Ժելենսքիի մը 10 օր բաւարար եղաւ, թէ որքա՛ն կարելի է վստահիլ զօրակցական հաւաստիքներու, որոնք վերածուած են Ուքրանիան զէնքով օժտելու ճամբով՝ պաշտօնապէս կողոպտելու եւ շահադիտական լայնածիր մրցակցութիւններ իրականացնող ծրագիրներու բացայայտման): Հայաստանի «հեռատեսները» չեն ուզեր տեսնել, թէ Արեւմուտքին հետ գործակցութեան խորացման պատրանքը համազօր է «խաղաղասէր եւ առանց նախապայմանի բանակցող» Թուրքիոյ դիմաց կանաչ լոյս բանալու, որպէսզի ուղղակի եւ անուղղակի ձեւերով թափանցէ Հայաստան, զայն լաւագոյն պարագային վերածելու համար… թրքական վիլայէթի մը (կը յիշէ՞ք Հոֆն ու Վեստենենկը…):
Երեւանի իշխանաւորները նման մտահոգութիւններու կը պատասխանեն. «Ժողովուրդը մեզի տուաւ իր քուէն: Անկէ ետք թող որեւէ բանի չխառնուի, պէտք չունի գիտնալու, թէ ի՞նչ կ’ընենք, ինչպէ՞ս կ’ընենք»: Ու կ’աւելցնեն. «Խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում պիտի բերենք»: (Վերջին օրերուն նոր հրճուանքի ալիք ալ կայ. Ռուսիայէն հոսանք մը կայ…):
…Մեր ժողովուրդը հաւանաբար չէ մոռցած, որ 44-օրեայ պատերազմին, Արծրուն Յովհաննիսեան անունով բանբեր մը ամէն օր զինք կը կերակրէր «Յաղթելու ենք» ու նման սուտերով: (Ըսելիք չունինք բոլոր այն «իմաստուններուն», որոնք կը յամառին ընկղմած մնալ նման խաբէութեան թափօններուն մէջ. չէ՞ որ կարգ մը ախտեր անդարմանելի են, իսկ «չհասկցողին բան հասկցնելի անկարելի առաքելութիւն է»): Վաղը, «խաղաղութիւն պիտի բերենք»-ն ու «տնտեսական բարգաւաճման էջը պիտի բանանք»-ն ալ պիտի ունենան «յաղթելու ենք»-ին հնչեղութիւնը:
Սակայն պիտի հասնի նաեւ ա՛յն օրը, երբ զանգուածը պիտի տեսնէ, թէ ընդդիմադիրները (անցնինք անհատներու ոլորտէն անդին) արդարացի էին, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ատենին արդարացի էին խորհրդային-համայնավար կարգերը քննադատող ու խարանող «այլախոհները», սակայն յետոյ եկաւ վերանկախացման եւ իմաստանալու ճամբուն յարելու շրջանը:
Կասկած պէտք չէ ունենալ, որ մեր ժողովուրդը դարձեա՛լ պիտի վերագտնէ իմաստանալու ուղին, պիտի խափանէ Հայաստանի կործանումը, պիտի վերականգնէ իրաւունքի եւ բոլոր արդար պահանջներուն իրականացման կամքը, պիտի գործէ ըստ այնմ: Մեր այլասերումի չի կրնար հասած ըլլալ ինքնակործանման հոգեվիճակի: Փաստ՝ մեր անջնջելի պատմութիւնը:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում