Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արարատ Միրզոյեան եւ իր պատուիրակութիւնը կը մերժեն գիտակցիլ, թե բռնուած են համաթրքական եւ համաթուրանական շարժումին ճանկերուն մէջ․ «Հայրենիք»

Մարտ 12,2022 09:50

Քանի մը օր առաջ իրականացաւ սպասուածը, այն՝ որ թրքական կողմէն ծանուցուած էր վաղուց, այսինքն՝ Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ամենայն հպարտութեամբ եւ գոհունակութեամբ իմացուց, թէ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Մարտ 11-էն 13 տեղի ունենալիք Անթալիոյ Դիւանագիտական Համախմբումին (Antalya Diplomacy Forum), որ ըստ էութեան լայն կարկինով եւ ոչ մէկ կրօնական կամ ցեղային սահմանափակումով լոպիինկի իւրայատուկ յայտագիր մըն է։

Երկրորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպուի այս բնոյթի համաժողով մը, ուր փաղաքշական շռայլութեամբ կը ներկայացուին կազմակերպիչ երկիր Թուրքիան եւ անշուշտ անոր սուլթանամէտ ղեկավար Էրտողանը։ Կը ներկայացուի հիւրասէր, մարդկային իրաւունքներուն եւ արդարութեան համար պայքարող «վարդագո՜յն» Թուրքիա մը, որ յաճախ կը խանդավառէ երրորդ աշխարհի երկիրներ եւ յատկապէս ղեկավարներ, որոնք, յամենայնդէպս, նման հաւաքներու մասնակցելու յորդորներ ու թելադրանքներ կը ստանան «հեղինակաւոր» երկիրներէ:
Հայաստան պէտք է ուրախ ըլլայ, որովհետեւ գրկաբաց պիտի ընդունուի Անթալիոյ մէջ: Թուրքիա «քարթ պլանշ» տուած է Երեւանի իր բարեկամներուն (չաճապարենք գործակատար կոչել զանոնք), այսինքն հայրենի բազմանդամ պատուիրակութեան մը կանաչ լոյս տրուած էր մասնակցելու: Թուրքիա կը ցանկայ գրկաբաց դիմաւորել նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Ա. Միրզոյեանի աւետիսը հազիւ իմացած, Անգարան ողջունեց անձամբ մասնակցելու անոր որոշումը: Բացայայտ կը նկատուի, որ Միրզոյեանի ընկերակցող պատուիրակութեան մաս պիտի կազմէ թուրքերուն մէկ այլ սիրելին՝ հայ-թրքական բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանը ներկայացնող Ռուբէն Ռուբինեանը:

Երկար մեկնաբանութեան չի կարօտիր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան գրառումը․ «Նման փոխադարձ քայլերը կը նպաստեն երկու երկիրներուն միջեւ երկխօսութեան ընդլայնման, յարաբերութիւններու լիակատար կարգաւորման եւ վստահութեան ջանքերու ընդարձակման»:
Ուրեմն. Պոլիսէն հեռու, Թուրքիոյ հարաւային ծովափը ուղղուելով՝ Անթալիոյ մէջ պտոյտ (եւ ելոյթ) պիտի ունենայ Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարը։

Դժբախտաբար, Արարատ Միրզոյեան եւ իր պատուիրակութիւնը, Անթալիոյ թաղերուն մէջ պտոյտի ելլելով, կը մերժեն գիտակցիլ, թէ ո՛չ միայն ծուղակի մը մէջ ինկած են, այլ աւելի՛ն՝ բռնուած են համաթրքական եւ համաթուրանական շարժումին ճանկերուն մէջ, մասնակից են էապէս հակահայ (եւ շատ մը այլ հակա…) ծրագիրներու իրականացման:

Վերը նշուած Պարոնեանի խօսքը կը շարունակուի սապէս. «․․․Դժբախտաբար մեր ազգին մէջ շատերու բարձրանալուն գաղտնիքը բնական օրէնքով միայն կը լուծուի։ Ծանրերը միշտ գետնաքարշ կը մնան եւ թեթեւները վեր կ՛ելլեն։ Այս գիւղին («Միջագիւղ». խմբ․) մէջ կան երիտասարդներ՝ որոնց գլխուն եթէ չուան մը անցընենք՝ կրնանք զանոնք թռուցիկի պէս բարձրացնել … օդին մէջ»։

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031