Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Բռո՛ւնցքն է զօրաւորը, եւ ոչ թէ մատները առանձին-առանձին․ «Հայրենիք»

Մարտ 05,2022 10:20

Եթէ Սփիւռքը չըլլար՝ Հայաստանն ու Արցախը շատո՜նց աւելի խղճալի վիճակի մէջ կ՚ըլլային։

Իշխանաւորները իրենց ապագան ապահոված են։ Մէյ մը որ գիտնան թէ իրենք ալ պիտի ըլլան գեհենի բնակիչ՝ կա՛մ Ուսամա Պըն Լատինեան պարսպապատութիւն պիտի ընեն, կա՛մ ալ՝ դիմակները հոս ձգած՝ պիտի թռի՜ն յայտնի եւ անյայտ ուղղութիւններով։ Վարի կրակին չեն նայիր անգամ։

Կ՚երկրորդեմ, եւ շատեր ինծի պէս, Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի խոհագրութեան, թէ ՀՅԴ-ի այս ութ օրերու խորհրդակցութեան ընթացքին ծրագրուի Սփիւռքը զօրացնելու մասին։ Հայ ընտանիքը, Հայոց վարժարանները փրկելու մասին։ Մեր ճգնաժամէ անցնող գաղութներու մասին։ Մեր մշակոյթի գործիչները, խմբագիրները, մամուլը արժանաւորապէս գնահատելու մասին։

Միմիայն հոգեւոր եւ ազգային ղեկավարներու ուսերուն պէտք չէ ձգել այս ծանրագոյն պարտաւորութիւնը։ Ունեւորը պէտք է տայ, իր կարգ մը հաճոյքներէն զրկուելու գնով՝ չունեցողին, զրկուածին։ Արիւնակիցի՛ն։

Յատկապէս այս օրերուն երբ կը տեսնենք թէ ինչպէ՛ս արար աշխարհ նեցուկ կը կանգնի Ուկրայինայի՝ իր հողին տէրը մնալու իրաւունքին, նախագահ Փութինին՝ պատիժ-պատիժի ետեւէ կը բարդուի, միչդեռ մեր ռազմագերիները մէկուկէս տարիէ՝ կը խոշտանգուին. մեր մէջ ընդվզում մը կը յառաջանայ – մենք լուսնի՞ վրայ կ՚ապրէինք։

Ու կը գիտակցինք, թէ մեր անհեռատեսութեան, անփութութեան, նիւթամոլուցքի, Հայրենիք ու ժողովուրդ իսկապէս չսիրելու, յամեցող վտանգները չսրբագրելու արդիւնքն է մեր պարտութիւնը։ Իրար հանդէպ անարգանգ ու ատելութիւն, բրտութիւն բանեցնելու ու հայհոյանք տեղացնելու անվերջանալի տեսարաններ Խորհրդարանին մէջ։ Ցոյցերու ընթացքին՝ ոստիկաններու լպիրշ ու անվայել վերաբերումը, պետական այրերու հեգնանքը կամ անտեսումը՝ կին լրագրողներու նկատմամբ, Արդարութեան ատեաններու մէջ բողոքող զոհերու ձայնը խլացնող կաշառակեր դատաւորներու պատճառով ապականեցանք, անթափանց դարձանք։ Բարոյական արժեքները անկիւնը հրուած՝ թանձր ինքնասիրութեան, դրամապաշտութեան, այլամերժութեան ջահն է որ շողշողաց։

Ընդդիմադիր կազմակերպութիւնները փոխանակ միանալու՝ ամէն մէկը իր Կարապետը կ՚երգէ։ Բռո՛ւնցքն է զօրաւորը եւ ոչ թէ մատները առանձին-առանձին։ Այս ձեւով Հայրենիք ու ժողովուրդ չփրկուիր։ Չե՞ն տեսներ աւազախրումը։

Երկու տարուան ընթացքին ունեցանք անդառնալի կորուստ՝ նոր սերունդին, հազարամեայ պատմութեան ու ժառանգին։ Ճմլուեցաւ մեր հոգին։ Ահասառսուռ ենք որ նոր ստորագրութիւններ յայտնուին, եւ կրկին ու կրկին լոլոզուի հարուածներու տակ արդէն զգայազրկուած ժողովուրդը։

Կացութիւնը ճգնաժամային է։ Ամէ՛ն գնով հարկ է բարեփոխել Հայ ժողովուրդի տխուր, մտահոգ հոգեբանութինը։ Մե՛նք ալ այլաբանօրէն բանտարկուած ենք, բանանք բոլոր դարպասները, գաղտնի խոռոչները եւ գոռանք «Ես իմ Երկի՜րս կ՚ուզեմ»։ «Ես իմ Սփիիւռքիս համար պայքարո՛ղ եմ»։

Պէտք է նպատակադրել, վերադառնալ ու պաշտպանել Սփիւռքի առողջ դերը։ Ամէ՛ն առումով՝ անիկա հրաշագործ դեր կը կատարէ։

Վեհանոյշ ԹԵՔԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031