ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութիւնը (ԳԵՄ) խստօրէն կը դատապարտէ Փետրուար 22-ին Հայաստանի ոստիկանութեան կողմէ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան (ՀԵՄ) անդամներուն դէմ կիրարկուած բրտութիւնը։
ՀԵՄ-ի կազմակերպած բողոքի հաւաքը կը կրէր խաղաղ բնոյթ, որուն մասնակիցներու նպատակն էր Հայաստան գտնուող եւ Եւրանեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի յանձնաժողովներու նիստին մասնակցող ատրպէյճանական պատուիրակութենէն պահանջել հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումն ու հայկական բռնագրաւուած տարածքներէն ատրպէյճանական զինուած ուժերու անյապաղ հեռացումը:
ՀՀ ոստիկանութիւնը բիրտ և անհամաչափ ուժի կիրառմամբ, ապօրինի բերման ենթարկած է հաւաքին մասնակից 25 անձեր, որոնց շարքին ՀՅԴ ՀԵՄ-ի անդաներ։
Այս գործելաոճը ժողովրդավարութեան եւ յատկապէ՛ս խօսքի ազատութեան արժեչափերուն երբեք չի համապատասխաներ։ Միաժամանակ, ատրպէյճանական պատուիրակութեան անդամներու ապահովութիւնը ստանձնած իրաւապահ մարմինները բիրտ գտնուած են խաղաղ հաւաքի մասնակից հայ քաղաքացիներուն հանդէպ, որը յստակօրէն կը դրսեւորէ ՀՀ գործող իշխանութիւններու կողմէ վարուող ապազգային քաղաքականութիւնը։
Կարդացեք նաև
Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններու պարտականութիւնն է օրէնքի պաշտպանութիւնը եւ ոչ թէ նոյն այդ օրէնքը խախտելով բողոքի ահազանգ հնչեցնող, իր հայրենիքին ապագայով մտահոգ երիտասարդներուն հալածելն ու անոնց ազատ խօսքի կաշկանդումը: ՀՀ իրաւապահ մարմիններու գործունէութեան ոլորտը կ՚ընդգրկէ մարդու իրաւունքներու պատշպանութիւնը եւ ո՛չ թէ անհատի եւ քաղաքացիի իրաւունքներու ոտնակոխումը։
ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ ՀՀ ոստիկանական ուժերու նման գործողութիւնները եւ իր միահամուռ զօրակցութիւնը կը յայտնէ ՀԵՄ-ի ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն։
ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութիւն