Ամբոխային տրամաբանութենէ վեր սաւառնող մտաւորականներ երբեմն կը խօսին, բայց չեն լսուիր, քանի որ ո՛չ հաստ քսակ ունին, ո՛չ ալ այս կամ այն ծուռիկ-մուռիկ ճամբաներով հասած չեն դիրքի: Հայաստան ծանօթ անուն է Աբգար Ափինեանը, որ դասախօս է, տիտղոս մըն ալ ունի, «Համահայկական գրողների միութեան նախագահ» է: 14 դեկտեմբեր 2021-ին, Հայաստանի լրագրողներէն Նունէ Զաքարեանի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած էր. «Քանդեցին եւ տեղը ոչինչ չկառուցեցին»: Նոյն զրոյցին մէջ, ան կ’ըսէր նաեւ. «Յատկապէս դժգոհութիւն ունեմ քաղաքական գործիչներից, որովհետեւ մինչեւ հիմա մեր հանրութիւնը չի պարզել, թէ ի՞նչ է քաղաքականութիւնը»:
Արդարեւ, եթէ հասկցած ըլլայինք, տասնեակներով կուսակցութիւններ չէինք ունենար: Փոքրիկ Հայաստանը եւ անոր նոյն նաւուն վրայ գտնուող ժողովուրդը, քառասուն հովերու յանձնուելով ճամբայ չէին փնտռեր: Բախտագուշակը միայն քառասունէն մէկը կրնայ ընտրել, եւ այդ ալ… Նոյն Աբգար Ափինեանը ժողովրդական իմաստութեան խօսք կ’ըսէ. «Քաղաքական գործիչ ես նրան անուանում, ով ոչ թէ աղաղակ է բարձրացնում հարցի վերաբերեալ, այլ լուծում է այդ հարցը»:
Ի՞նչ կը տեսնենք. քառասուն կուսակցութիւն կ’աղմկեն, կը մարգարէանան, բայց ազգ եւ երկիր կը նահանջեն մէկ կէտէն միւսը: Եւ սփիւռքը կը շարունակէ իր «ձայնային տուփ»-ի դերը: Կը խօսի եւ կը գրէ, բայց ձայնը չի հասնիր Հրազդանի ափ, լսող չունի:
Ո՞վ չի բաժներ Աբգար Ափինեանի խոր մտահոգութիւնը. «Հողը պահողը ժողովուրդն է, մի՛ յուսալքէք նրան»: Ի՞նչ կ’ընէ «յուսալքուող ժողովուրդը». կը գաղթէ:
Կարդացեք նաև
Իսկ ներազգային կեանքի բնութագրումը այնքա՜ն դիպուկ է. «Մեզանում քաղաքականութիւնն ընկալուում է իբրեւ խօսելու հնարաւորութիւն: Երեւի մարդիկ երկար ժամանակ չեն խօսել, հիմա մտնում են քաղաքականութեան մէջ, որ անվերջ խօսեն»:
Եւ Աբգար Ափինեան կը նշէ խզումը քաղաքական-կուսակցական գործիչներու եւ մտաւորականութեան միջեւ, որ նաեւ սփիւռքեան ախտ է: «Եւ այսօր էլ այս ծանր վիճակին մենք հասանք այն պատճառով, որ քաղաքական, կուսակցական գործիչները բացարձակապէս տեղեակ չեն, թէ ի՞նչ են ասում հայ մտաւորականները»:
Լսե՛լ, մտածե՛լ եւ ապա յանգիլ անելիքի: Լսե՛լ, որ կը նշանակէ ընդունիլ, թէ միւսն ալ կրնայ ճիշդ ըլլալ, իրաւունք ունենալ: Երբ պետական-կուսակցական-քաղաքական պատասխանատուն չի լսեր միւսը, կը խզուի ընկերութենէն եւ պատմութեան դասէն, ինքզինք կը բանտարկէ անսխալականութեան եւ անփոխարինելիութեան բերդին մէջ: Քիչ մը պատմութիւն եթէ գիտնանք, կը տեսնենք, որ այդպէս եղած են մեզի գրեթէ ժամանակակից Ստալինը, Հիթլէրը, Փoլ Փոթը:
Մամուլի, հրապարակախօսութեան եւ մտաւորականութեան աւագ պարտականութիւնն է ճշմարտութիւնները ըսել, լուսաբանել, ժողովուրդը իր բնական ողջախոհութեամբ լսել պէտք է գիտնայ, ամէն ըսուած չընդունի որպէս Տիրոջ ձայնը, իսկ ամէն մակարդակի ղեկավարութիւնները, իրաւ մեծերու համեստութեամբ, ո՛չ միայն պէտք է լսեն, այլ նաեւ մեծհոգութեամբ պէտք է կարենան ըսել, որ «դուն ճիշդ ես», «դուն իրաւունք ունիս» այսինքն ընդունին, որ իրենց դաւանած ճշմարտութենէն տարբեր ճշմարտութիւն կայ:
Հանրային եւ քաղաքական դաստիարակութեան համար որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, որ պարկեշտ համաձայնութեամբ մը, նոյն թերթին մէջ երկխօսութիւն ըլլար տարբերներու միջեւ, հեռատեսիլի նոյն հաղորդման ընթացքին վիճարկէին տարբերներ,- ոչ թէ կռուէին,- զիրար լսէին փոխհարստացման համար: Եւ ի հարկէ, համացանցը, ինչպէս կ’ըսեն ընկերային ցանցերը տեւաբար աճող անսխալականներու արձակ դաշտ չըլլային, մտածէին յաւելեալ ծառայութեան մասին, ո՛չ յաւելեալ սնափառութեան եւ ո՛չ ալ յաւելեալ փառքի:
Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ ազգ եւ հայրենիք, կը նահանջենք, աւելին չըսելու համար: Ոչ ոք մեր փոխարէն պիտի կասեցնէ նահանջը, եւ օր մըն ալ՝ աղէտը:
Պիտի հասկնա՞նք, որ վերականգնումի չեն առաջնորդեր տեսութիւնները եւ ինքնագոհութիւնները: Հայ յեղափոխական մը ըսած էր, որ «Գործն է միայն կենդանի», հասկնալ՝ ո՛չ խօսքերու հեղեղը: Աւելի յստակ է նաեւ ժամանակակից Հարուքի Մուրաքամիի խօսքը. « Տրամաբանութեան մէջ է որ կը կը գտնենք բնական եւ ազատ կեանք մը: Այս ազատութիւնը սիրտն իսկ է մտածման»:
Մտածման եւ դրական աշխատանքի: Աղմուկէ եւ խօսքի հեղեղէ անդին:
Գտնուինք բուրգին գագաթը, թէ՝ ստորոտը: Ըլլանք աղմկող թէ հանդիսատես:
Կրկնելով. ի հարկէ, մի՛շտ ներսը եւ դուրսը:
Եւ պէտք է գիտնալ, որ մտածելու կարողութիւնը առաքինութիւն է, virtus, հոգեկան ուժ, առանց որուն «ղեկավարում»-էն կը մնան մաշումի դատապարտուած սոսկ փայտեայ կամ թաւշեայ աթոռ-աթոռակներ:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում