ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հաղորդագրութիւն մը` ողջունելով UNESCO-ի մամլոյ գրասենեակի աշխատակից Թոմաս Մալարտի յայտարարութիւնը, որ կը վերաբերէր Ազրպէյճանի մշակոյթի նախարար Անար Քերիմովի 3 Փետրուարին կատարած այն յայտարարութեան, թէ Ազրպէյճանի մէջ ձեւաւորուած է «տեղացի եւ օտարերկրացի մասնագէտներէ» կազմուած «աղուանական պատմութեան եւ ճարտարապետութեան մասնագէտներու աշխատանքային խումբ», որուն նպատակն է այսպէս կոչուած «աղուանական տաճարներէն» ջնջել «հայերու ձգած կեղծ արձանագրութիւնները»:
Մալարտ յայտարարեց. «Մշակութային ժառանգութիւնը եւ պատմութիւնը պէտք չէ քաղաքական որեւէ նպատակի համար գործիք դառնան: Մենք ամբողջ աշխարհի տարածքին մեր անդամ պետութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք յարգելու այս սկզբունքը»: Ան նաեւ յայտնեց, թէ UNESCO-ն կ՛աշխատի թեքնիք առաքելութիւն մը Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւեալ տարածքներ ուղարկելու ուղղութեամբ` աւելցնելով. «Յոյս ունինք, որ ատիկա շուտով կարելի պիտի ըլլայ, սակայն այս պահուն ատոր համար անհրաժեշտ պայմաններ չկան: Ուստի քննարկումները տակաւին կը շարունակուին»:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ողջունեց UNESCO-ի մամլոյ գրասենեակի աշխատակիցին կեցուածքը եւ յոյս յայտնեց, որ Ազրպէյճան կը դադրեցնէ UNESCO-ի թեքնիք առաքելութեան Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւեալ տարածքներ այցելութեան խոչընդոտումը, եւ այդ այցելութիւնը շուտով տեղի կ՛ունենայ:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը նաեւ յիշեցուց, որ Լա Հէյի Միջազգային արդարութեան դատարանը 7 Դեկտեմբեր 2021-ին «Հայաստանն ընդդէմ Ազրպէյճանի» գործով իր վճիռին մէջ Ազրպէյճանին հրամայած էր «բոլոր պէտք եղած քայլերը որդեգրել կանխարգիլելու եւ պատժելու համար հայկական մշակութային ժառանգութեան, ներառեալ, սակայն, ոչ միայն, եկեղեցիներու եւ պաշտամունքի այլ վայրերու, յուշակոթողներու, գերեզմանատուներու եւ մշակութային կոթողներու դէմ վանտալիզմի եւ սրբապղծման բոլոր արարքները», իբրեւ Ցեղային խտրականութեան ամէն ձեւերու ջնջման միջազգային հռչակագիրի գործադրման ծիրին մէջ նախնական քայլ:
Կարդացեք նաև
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմին
«Եռագոյն»