Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ի գործ դրուած, Արցախի բռնագրաւուած շրջաններուն մէջ քրիստոնէական սրբավայրերու հայկական ինքնութիւնը ջնջելու եւ աղաւաղելու թշնամական արարքներուն վերաբերեալ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Սեւակ Յակոբեան երէկ դիմեց Մարոնիներու Պատրիարք՝ Քարտինալ Մար Պշարա Ռաաիին եւ անոր միջոցաւ Կաթոլիկ Պատրիարքներու Խորհուրդին, որպէսզի քրիստոնեայ աշխարհի այս կարեւոր ներկայացուցիչները կեցուածք մը ունենան տեղի ունեցող մշակութային ցեղասպանութեան նկատմամբ:
Իր կոչին մէջ ընկ. Յակոբեան կրօնապետերուն յիշեցուց, որ Հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը ոչ միայն Արցախի ժողովուրդին իր պատմական իրաւունքներէն զրկելու փորձ է, այլ մարտահրաւէր մըն է միջազգային ընտանիքին համար եւ բացայայտ սպառնալիք է շրջանի խաղաղութեան եւ ապահովութեան:
Ընկ. Յակոբեան Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կատարած սոյն քստմնելի արարքները Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովրդի նկատմամբ Ազրպէյճանական կողմի շարունակական թշնամանքի ու ատելութեան ընդգծուած դրսեւորում որակեց: Ան նաեւ շեշտեց, որ մշակութային կոթողներու ոչնչացումը պատերազմական յանցագործութիւն է եւ համազօր է պետական ահաբեկչութեան:
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետը, ի միջի այլոց, դատապարտեց միջազգային ընտանիքը ընդհանրապէս եւ ի մասնաւորի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն իրենց անհասկնալի լռութեան համար:
Կարդացեք նաև
ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹՅՈՒՆ