Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Գինը որոշ է. մոռնալ Արեւմտահայաստանը, մոռնալ ցեղասպանութիւնը, հայրենահանուածներու սփիւռքի իրաւունքները եւ դատը․ «Հայրենիք»

Փետրվար 12,2022 10:05
turq

Խորհրդային օրերուն սփիւռքի հայրենասիրական զգացումները կը շահագործուէին քաղաքական քարոզչութեան համար: Մտաւորականներու, պարախումբերու եւ երգչախումբերու այցելութիւններ այդ նպատակին կը ծառայէին: Միաժամանակ դրական էին, հայրենասիրական զգացումները վառ կը պահէին:

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն եւ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, Սփիւռքի հանդէպ հետաքրքրութիւնը մնաց միշտ՝ քարոզչական, բայց դիմափոխուեցաւ, եղաւ տնտեսական, քաղաքական, գործարարական, պետական, նաեւ՝ իշխանական: Խորհրդային օրերուն Հայաստան ինքնուրոյն արտաքին քաղաքականութիւն չունէր, Մոսկուան կրնար խօսիլ կամ չխօսիլ հայկական հարցերու մասին, երբ Հայաստան ուզէր անոնց մասին խօսիլ, կ’անցնէր Մոսկուայէն:

Վերանկախացումէն երեք տասնամեակ ետք, դեռ Հայաստան-Սփիւռք ազգային-քաղաքական իրաւ համակարգուած եւ հեռանկարային գործակցութեան ըմբռնում չկայ, որ վեր ըլլայ երէկի, այսօրուան եւ վաղուան իշխանութիւններու (եւ ընդդիմութիւններու) ընտրանքներէն, սփիւռք(ներ)ի էսթէպլիշմընթային թափահարումներէն, բանտարկուած չմնայ բարեսիրութեան եւ զբօսաշրջային մանրուքի մէջ: Քաղաքական-գաղափարական սահմանում գոյութիւն չունի, այն մասին, որ ի՞նչ է սփիւռքը, անոր իրական տեղը եւ դերը Հայաստանի պետական ըմբռնումին մէջ:

Այսօր ո՞վ իրաւութեամբ կրնայ ըսել, թէ ի՞նչ է Հայաստանը Սփիւռքի համար, ի՞նչ է Սփիւռքը Հայաստանի համար:

Կամ՝ Հայաստանի տէ՞ր է նաեւ Սփիւռքը, տէր՝ պարտաւորութիւններով եւ իրաւունքներով: Հայաստան Սփիւռքի այդ տէր ըլլալու իրաւունքը կը ճանչնա՞յ, ինչպէ՞ս կը դրսեւորուի այդ իրաւունքը ազգի քաղաքական կեանքի մէջ:

Մինչեւ այն ատեն, որ այս հարցումներուն պատասխան չենք գտներ, կը խարխափենք, ե՛ւ ներսը ե՛ւ դուրսը: Իր զգացական հայրենասիրութեան հետեւանքով Սփիւռքը համարուած է կառքին հինգերորդ անիւը, այդ ալ նիւթական օժանդակութեան, բարեսիրութեան եւ զբօսաշրջութեան համար:

Ըսուած է, որ Հայաստան համայն հայութեան հայրենիք է, բայց իրարու յաջորդած ղեկավարութիւնները այդ հայրենիքի ղեկավարման եւ քաղաքականութեան համար գործած են անգիտացած «համայն»-ին մաս կազմող սփիւռքը, որ երբեք «ձայնի իրաւունք» չէ ունեցած:

Խիստ յատկականշական էր, վերանկախացման առաջին օրերուն, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի Փարիզի Հոթէլ Ինթերքոնթինանթալի մէջ արտասանած խօսքը, որ «Հայաստանի քաղաքականութիւնը կ’որոշուի Հրազդանի ափին»: Եւ վերջակէտ: Աւելին: Ան սփիւռքը անչափահասներու հաւաքաքականութիւն համարելով, ըսաւ նաեւ, որ իրենք սփիւռքի մէջ կը նշանակեն իրենց ներկայացուցիչները եւ անոնց միջոցաւ կը կառավարեն սփիւռքը: Համագործակցութեան եւ համայնի ըմբռնումի ինքնատիպ շարունակուող ձեւ մը:

Միակ վայրը, ուր Հայաստան եւ սփիւռք կողք կողքի կը նստէին, կը ծրագրէին եւ կ’որոշէին, ՀԻՄՆԱԴՐԱՄն էր, բայց 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, հոն ալ կամայական միջամտութիւն կատարեց Հայաստանի կառավարութիւնը, եւ առանց խորհրդակցութեան եւ համապատասխան որոշման, այնտեղէն վերցուց 160 միլիոն տոլար:

Ցարդ Հայաստանի կառավարութիւնը սփիւռքը նկատի ունէր որպէս օժանդակ իր քաղաքականութեան եւ քարոզչութեան համար:

Հիմա, Հայաստանի կառավարութիւնը, անփառունակ պարտութենէ մը ետք, իր իշխանութիւնը պահելու համար այդ պարտութեան քաղաքական-գաղափարական-զգացական հետեւանքները կը ձգտի վարագուրել խաղաղութեան եւ անոր բերելիք բարեկեցութեան ամբոխ համոզելու կոչուած խոստումներով:

Խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան ձեռքբերման համար յաղթականը գին կը պահանջէ:

Առանց գիտոսիկի բառերու աճպարարարութեան պէտք է ըսել, թէ ի՞նչ է պահանջուած գինը:

Հայաստան սովորութիւն է խօսիլ բարիդրացիական յարաբերութիւններու մասին, որոնք, ինչպէս կը յայտարարուի, կը բերեն, պիտի բերեն խաղաղութիւն, սնտեսական աճ, կենսամակարդակի բարելաւում: Ո՞վ կրնայ դէմ ըլլալ նման դրական ցանկութիւններու եւ արդիւնքներու:

Բայց Հայաստանի Վարդանիկը կամ Գիւմրիի իմաստուն Պոլոզ Մուկուչը եթէ հարցնեն, թէ ի՞նչ գին պէտք է վճարել, այն ատեն պէտք է մտածել, քանի որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը իրենց եւ մեր պատմութեան բերումով տարբեր տեսակի եւ բնոյթի դրացիներ են: Հին եւ նոր պատմութեան վկայութիւնները փորձի իմաստութիւն ունին:

Ի՞նչ գին պէտք վճարել բարիդրացիական յարաբերութիւններ ունենալու համար: Յստակութեամբ ըսել, որ յիշուած «համայն»-ը, ներսը եւ դուրսը, գիտնայ:

Միամիտի դիւրախաբութեան զոհ պէտք չէ ըլլալ: Ֆրանսացին կ’ըսէ, որ marché de dupe պէտք չէ կայացնել, այսինքն չյանգիլ տխմարի համաձայնութեան: Հարկ է մէկ առ մէկ ցանկագրել պահանջուած գիները, ծովափ արձակուրդի գացող զուարթի պէս անմիջապէս ջուր չնետուիլ:

Ատրպէյճանը ցոյց կու տայ, թէ ի՞նչ գին սկսած է պարտադրել եւ գանձել: Հայկական եկեղեցիներու խաչերը վերցնել, հետք ջնջել: Ուսումնասիրութիւններ պիտի կատարուին, «փաստելու» համար, որ հայերը իւրացուցած են աղուանական սրբատեղիները: Մանրուքներով կրնան չզբաղիլ. Ջուղայի տապանաքարերու ջարդի փորձը ունին. քանի մը հազար մոլեռանդներ մուրճերով թող երթան եւ մէկ օրէն հարցերը լուծեն: Կ’եզրակցուի, որ չկային, չեն եղած:

Գինը որոշ է. մոռնալ Արեւմտահայաստանը, մոռնալ ցեղասպանութիւնը, հայրենահանուածներու սփիւռքի իրաւունքները եւ դատը:

 

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Մար »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28