ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ, Եւրոպական Միութեան, Լեհաստանի, Շուէտի եւ Վատիկանի դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Պէյրութի մէջ գտնուող շրջանային գրասենեակի տնօրէնին յղեց նամակներ, որոնց մէջ անդրադարձաւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ մշակոյթի նախարար Անար Քարիմովի կողմէ Արցախի բռնագրաւեալ տարածքներուն մէջ մշակութային ցեղասպանութիւն գործելու բացայայտ ու յստակ մտադրութեան եւ այդ ծրագրի գործադրութեան համար «աշխատանքային խմբակ» յառաջացնելու որոշումին:
«Յստակ Է, որ վերոնշեալ աշխատանքային խմբակը ստեղծելու նպատակը Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիներէն հայկական հետքերը ջնջելն է: Այս խմբակին առաքելութիւնը գործադրելն է ազրպէյճանական բռնատիրութեան` հայկական մշակութային ժառանգութենէն հայկական հետքերը ջնջելու որոշումը, այդպիսով փորձելով ոչնչացնել պատմամշակութային կոթողները, որոնք անհերքելի կերպով կը վկայեն, թէ Լեռնային Ղարաբաղը պատմականօրէն մաս կազմած է Հայաստանին, եւ մշակութային ցեղասպանութիւն գործել:
«Պաքուն իր գրաւած տարածքներէն հայկական մշակութային ժառանգութիւնները քանդելու եւ արմատախիլ ընելու հաստատ պատմութիւն մը ունի: 2005-2007 թուականին Ազրպէյճան արդէն քանդած էր Ջուղայի հայկական խաչքարերը, մինչ միջազգային ընտանիքը լուռ մնաց: Այսօր ան հրապարակաւ կը յայտարարէ, թէ նոյն քաղաքականութիւնը պիտի շարունակէ», նշեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը` աւելցնելով. «Ձեր կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք` միջամտելու եւ մարդկութեան դէմ մշակութային վերանորոգ ցեղասպանութիւն մը կանխարգիլելու համար իր ազդեցութիւնը օգտագործելու»:
ՀՅԴ