Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Տարբերութիւնները կրնանք վերածել ազգային մեծ ուժի. Հրայր Ճէպէճեան

Փետրվար 08,2022 14:04

Նոր սկիզբ

«Սփիւռքի վերակազմակերպումը բարդ ու երկարաշունչ ծրագիր է: Նման հսկայածաւալ ծրագրի մը իրագործումը կ՛ենթադրէ հաւաքական հաւատք ու նուիրում… Սա կը նշանակէ, թէ այս հռչակագրին բովանդակութիւնը հաւաքական աշխատանք կ՛ենթադրէ»:
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2022 տարին հռչակեց «Սփիւռքի տարի»: 2003 թուականէն սկսեալ կաթողիկոսը իւրաքանչիւր տարի կկեդրոնանայ մեզ յուզող եւ տագնապեցնող իրականութեան մը վրայ եւ մեր բոլորին ուշադրութեան կը հրաւիրէ  այդ նիւթին վրայ: Բայց երեւի «Սփիւռքի տարի»-ն ունեցաւ եւ պիտի ունենայ տարբեր ուշադրութիւն: Այս ուշադրութիւնը սկսած է ստեղծել մեծ հետաքրքրութիւն եւ խանդավառութիւն, ինչ որ երեւի պիտի ուղղէ մեզ բոլորս աւելի խոր, իմաստուն եւ հաւաքական զգաստութեան` մեր ազգային եւ գաղութային կեանքերը կազմակերպելու համար:

Վեհափառ հայրապետը կ՛ըսէ. «Նման հռչակում մը կատարելու լուրջ պատճառներ ունէի, որովհետեւ սփիւռքը սկսած է ծաւալիլ ու տարածուիլ: Հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը սփիւռքի մէջ է: Սփիւռքը սկսած է մաշիլ ու գունաթափիլ: Սփիւռքը սկսած է անտարբեր ըլլալ ինքն իր նկատմամբ, յուսախաբ ըլլալ Հայաստանի նկատմամբ, յատկապէս` վերջին քանի մը տարիներուն, Արցախի պատերազմէն ետք»: Վեհափառ հայրապետը իրավիճակները կը կարդայ շատ յստակ, իրապաշտ եւ գործնական տուեալներէ մեկնելով:
Չուշացաւ մտայղացումը «Սփիւռքի տարի»-ի:

Երկար տարիներու վրայ երկարած աշխատանքային ճամբորդութիւններուս ընթացքին առիթը ունեցած եմ ծանօթանալու հայկական գաղութներու` աշխարհով մէկ: Հոն կրցայ տեսնել սփիւռքահայ «գունաւոր» եւ «տարբեր» իրականութիւններ, որոնք բոլորը քով քովի բերելով` տեսայ սփիւռքահայ մեր իրականութեան մէկ մեծ խճանկարը իր տարբեր երանգներով` հայ ենք, բայց տարբեր ենք: Այս իրականութենէն մեկնելով` արժէ քննարկել սփիւռքահայ իրականութեան տարբեր տուեալները:

Եթէ մէկ կողմէ «ներկայ սփիւռքը աւանդական, խորհրդային ու հայաստանեան սփիւռքերու աններդաշնակ խառնուրդ մըն է» (Արամ Ա. կաթողիկոս), բայց եւ այնպէս իւրաքանչիւր «խառնուրդ» ինք իր պիտակը ունի. «Սփիւռքահայը ինքզինք այլեւս գաղթական եւ օտար չի նկատեր, ան իր ապրած երկրին լիիրաւ քաղաքացին է` միաձուլուած միջավայրին ու շախաղուած տեղւոյն մշակոյթին հետ» (Արամ Ա. կաթողիկոս): Այս տեղական մշակոյթին հետ շաղախուիլը իւրաքանչիւր սփիւռքահայը կը դարձնէ իւրայատուկ եւ տարբեր միւս սփիւռքահայէն: Իւրաքանչիւր երկրի մէջ ծնած սփիւռքահայը, որ այդ երկրին քաղաքացին է, նաեւ կը ստանայ նոյն երկրին մշակոյթը, կենցաղն ու ինքնութիւնը եւ կը զուգորդէ զանոնք իր հայկականին հետ: Յառաջ կու գայ կաթողիկոսին հարցումը. «Ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ սփիւռքի մէջ»: Հայ ըլլալ սփիւռքի մէջ չի նշանակեր նոյնանման եւ նոյնատիպ ըլլալ: Այդ մէկը իրականութիւն ըլլալէ շատ հեռու է: Պիտի տեսնենք, որ հայ ենք բոլորս, բայց տարբեր ենք:

Տարբերութիւնները, սակայն, պէտք չէ մեզ վախցնեն կամ մտահոգեն: Տարբերութիւնները, եթէ կարենանք տեսնել որպէս պատեհութիւն, կրնանք վերածել ազգային մեծ ուժի:

Տարբեր սփիւռքահայերը միացնող օղակը` «Լեզուն, հայրենիքը, կրօնը, աւանդութիւնները, պատմական վճռորոշ դէպքերը, պահանջատիրութիւնը մէկ ազգի պատկանելիութեան ամուր յենարաններն են», կ՛ըսէ վեհափառ հայրապետը: Ամփոփելով այս տուեալները` մէջտեղ կու գայ հայուն «ամբողջական մշակոյթ» հասկացողութիւնը, որ կը դառնայ սփիւռքահայ տարբերութիւնները միացնող կռուանը: Մեր մեծ պարտականութիւնը այսօր սփիւռքի մէջ մեր «ամբողջական մշակոյթը» պահելն է: Ոչ միայն պահելը, այլ նաեւ` զայն ամրացնելը եւ զօրացնելը: Պահելու, ամրացնելու եւ զօրացնելու համար կայ աշխատանքային ենթահողի պատրաստութիւնը. «Մեր կառոյցներուն կողքին, մեր մտածելակերպերն ու գործելակերպերը պէտք է վերակազմակերպել ու վերակենսաւորել» (Արամ Ա. կաթողիկոս):

Եթէ հայութիւնը եւ հայապահպանումը Հայաստան-Արցախ առանցքին մէջ ունի իր իւրայատկութիւնները, բայց նոյնքան եւ աւելի` սփիւռքի պարագային: Աշխարհաքաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ ապահովական տուեալներ ու իրավիճակներ կրնան  փոխել ու նոյնիսկ յեղաշրջել գաղութի կամ գաղութերու կարգավիճակները: Կան ճնշող տուեալներ, որոնց համաձայն, գաղութի մը թիւերը կրնան զգալի նուազումներ արձանագրել, նաեւ` անոր կարողականութիւնները: Բայց կը մնան սփիւռքը պահելու իրականութիւնը եւ մարտահրաւէրը:

Ասոր ուղղակիօրէն առնչուած է հայապահպանումը: Հայապահպանումը, որ պիտի մնայ ու պիտի շարունակուի` որպէս ազգային մեծ եւ իրագործելի առաքելութիւն մը: Այս է պատմութեան փորձը ոչ միայն հայուն համար, բայց նաեւ` ուրիշ ազգութիւններու համար ալ, որոնք նոյնանման սփիւռքեան կարգավիճակներ ունին: Արժէ նաեւ սորվիլ ուրիշներէն, թէ ինչպէ՛ս իրենց սփիւռքեան իրականութիւններուն մէջ  կը պահեն իրենց ինքնութիւնը եւ կը կամրջեն իրենց  կարողականութիւնները իրենց հայրենիքին հետ: Հայը մինակը չէ այս իրավիճակին մէջ: Հայուն սփիւռքեան գաղութներու կազմաւորումը ունի իր պատմական իւրայատկութիւնները` ընդգծելով Ցեղասպանութեան իրականութիւնը, բայց տակաւին առկայ է տարբեր ազգերու եւ իրենց պայմաններուն մէջ սփիւռքի գաղթօճախներ ապրելու փորձը: Այս բոլոր տուեալներէն մեկնելով` պիտի տեսնենք, որ հայն ալ ունեցած է, ունի եւ երեւի պիտի շարունակէ իր սփիւռք(ներ)ով ապրիլ եւ պիտի պահէ իր տեսլականը հայապահպանումի մեծ առաքելութեան մէջէն:

Տարբերութիւնները ուժ են եւ կրնան լաւապէս ներմուծուիլ հաւաքական շահերուն մէջ, եթէ կարելի ըլլայ ճիշդ ձեւով համադրել, որովհետեւ` «Սփիւռքը ունի մշակութային, հոգեւոր, տնտեսական, մասնագիտական, յարաբերական թէ փորձառական հսկայ ներուժ» (Արամ Ա. վեհափառ): Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ այս ներուժը կը ստանայ նաեւ իր ապրած երկրին մէջ ծնած ու ապրած կեանքին հսկայական փորձառութենէն: Կեանքի փորձառութիւնը մասնագիտական կարողականութեան հետ կը դառնայ մէկ մեծ ներուժ:

Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ մասնագէտ է եւ իր մասնագիտութեամբ կը հանդիսանայ ուժ, որուն վրայ կու գայ աւելնալու նոյն մասնագէտին  ապրած երկրին եւ հոն անոր ձեռք բերած փորձառութիւնը, ինչ որ աւելիով կրնայ նպաստել հայկական ընդհանրական ներուժին: Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ ոչ միայն իր մասնագիտութեամբ կը դառնայ հայկական ուժ, այլ նաեւ իրեն հետ կը բերէ իր ապրած երկրին փորձն ու փորձառութիւնը: Այս բոլորը կրնան ստեղծել համահայկական մասնագիտական մէկ մեծ մարդուժ-ներուժ, որ լեցուն է ոչ միայն մտային կարողութիւններով, այլ նաեւ` տարբեր փորձառութեամբ ու աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրելով ձեռք բերուած հմտութեամբ: Այս մարդուժ-ներուժը դրամագլուխ է, որ կը նպաստէ հայուն եւ հայրենիքին վերելքին եւ գոյատեւումին:

Սփիւռքը կարիքը ունի «Վերանորոգումի, վերակենսաւորումի, վերաշխուժացումի, այլ խօսքով, անհրաժեշտութեան պարագային, փոփոխութեան… բայց այս բոլորը ինքնանպատակ չեն», (Արամ Ա. հայրապետ): Եթէ հայապահպանումը  գլխաւոր գրաւական է, բայց կայ աւելին` «Հայաստան-Արցախ-սփիւռք երամիասնութիւնն է… հայ ժողովուրդը իր երեք թեւերով` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք բազմաթիւ ու բազմատեսակ մարտահրաւէրներ ու վտանգներ կը դիմագրաւէ»: Այս վտանգները եւ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ է, որ վերստեղծենք հայկական ուժը: Հայկական ուժին հիմքն ու նպատակակէտը. «հզօր Հայաստան-հզօր սփիւռք» տեսլականին մէջ է, ըստ վեհափառ հօր: Հզօր սփիւռք ունենալու համար անհրաժեշտ է, որ սփիւռքահայերս մեր տուն(եր)ը վերակազմակերպենք: Մեր տուներու վերակազմակերպումը մէկ կողմէ սփիւռքահայ իրականութիւնը ամրապնդելու համար, բայց անպայմանօրէն աւելիով ամրագրելու եւ ամրապնդելու Հայաստանի ու Արցախի հետ եռամիասնութիւնը:

Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան հաղորդակցութեան, յարաբերութեան եւ գործակցութեան օղակները այսօր թոյլցած են, եւ նոյնիսկ կը յանդգնինք, ըսել, որ փլած են: Անհրաժեշտ է կառուցողական աշխատանք տանիլ այս օղակները վերաշինելու համար:

Վեհափառ հայրապետը իր ծրագրի ռազմավարութեան մէջ անհրաժեշտ կը նկատէ սփիւռքին համար մշակել «հայակեդրոն» մտածողութիւն, որ «հայաստանանպատակ» ըլլայ եւ ոչ` «հայաստանակեդրոն»: Պիտի յանդգնինք ըսելու, որ այս ռազմավարութիւնը նոյնքան իրական պէտք է դառնայ Հայաստանի եւ Արցախի համար: Հայրենի պետականութիւնը պէտք է տեսնէ, որ իր գոյատեւումին մէջ անհրաժեշտ է Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը: Հայրենի պետականութիւնը պիտի գիտակցի, որ իր գոյատեւումին եւ տնտեսական բարգաւաճումին մէջ այս մարդուժ-ներուժին համադրումին եւ հաղորդակցութեան մէջ է: Եթէ Հայաստան եւ Արցախ սփիւռքահայուն ազգային հպարտութեան  ու հայապահպանումի ամրապնդման յենարանը, եւ այդպէս է, բայց նոյնքան նաեւ Հայաստանը պէտք է տեսնէ, որ իր պետականութեան համար զօրաւոր խարիսխ է  նաեւ սփիւռքը. «Սփիւռքը բաժնեկից է Հայաստանի հզօրացման, նոյնիսկ կառավարման որոշ իմաստով» (Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ): Սփիւռքը ունի հսկայ ներուժ, որմէ Հայաստան-Արցախ մեծապէս կրնան օգտուիլ:

Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ օրերու ապրած ճգնաժամերը կը ստիպեն, որ հայրենի պետականութիւնը տեսնէ, թէ պէտք է մշակէ հայակեդրոն ռազմավարութիւն մը` կարենալ թիավարելու համար այս ժամանակահատուածին մէջ: Սփիւռքը ունի այս կարողականութիւնը եւ կրնայ զայն ներմուծել հայրենիքին պետականաշինութեան հսկայական աշխատանքին մէջ:
Եւ վեհափառ հայրապետ կը դնէ աշխատանքային ծրագիրը: Ան կ՛ընդգծէ «Մթնոլորտի պատրաստութիւնը» որպէս հիմք, ուր իւրաքանչիւր գաղութ կամ կառոյց ինք իր մէջ պարտի նախաձեռնելու իր վերակազմակերպումը, եւ անպայմանօրէն կարգը կու գայ գործադրումի:

Այս բոլորը, սակայն, կարելի չէ յաջողցնել, եթէ չունինք. «հաւաքական հաւատքը, նուիրումը եւ աշխատանքը» (Արամ Ա.): Հոն, ուր հայը` Հայաստան-Արցախ-սփիւռք, իր համայնքներով, կուսակցութիւններով եւ միութիւններով հաւատայ եւ տեսնէ, որ հայուն ուժը իր հաւաքական կամքին եւ անոր դրսեւորումին մէջ է: Եռամիասնութիւնը լաւապէս կրնայ յաջողիլ, եթէ անոր հասարակ յայտարարը մէկտեղենք հաւաքական այս ուժի եւ անոր հասկացողութեան վրայ: Հաւաքական այս ուժն է, որ հայուն մէջ պիտի ստեղծէ հաւատք` իր կեանքը ապրելու, նուիրում` ազգային ինքնութեան եւ մշակոյթին, եւ աշխատանք` հայրենքը եւ սփիւռքը վերաշինելու:
«Սփիւռքի տարի»:

Վեհափառ հայրապետը մեզ կը հրաւիրէ վերակազմակերպելու եւ վերաշնչաւորելու մեր ազգային ու հաւաքական կեանքերը: Այս իմաստով վեհափառ հայրապետը ազդանշանը կու տայ նոր ու նորոգուած սկիզբի մը: Նոր սկիզբ մը վերակերտելու հայակեդրոն Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք:

Այս նոր ու նորոգուած սկիզբի երթին բոլորս պարտինք հաւատալ: Հաւատալ հաւաքական հաւատքին, նուիրումին եւ աշխատանքին: Այս հաւաքական հաւատքը, նուիրումը եւ աշխատանքը հայուն կեանքը պիտի նպաստէ պատմութեան շարունակականութեան ամուր երթին:

Դոկտ. Հրայր ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Քուէյթ, 26 յունուար 2022

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Մար »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28