2020-ի Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ամէնէն ցաւոտ հետեւանքներէն մէկը ատրպէյճանական բռնագրաւման տակ անցած շրջաններուն մէջ գտնուող հայկական սրբավայրերուն եւ պատմամշակութային յուշարձաններուն հետագայ ճակատագիրն է: Նոյեմբեր 9 2020-ի յայտնի յանձնուողական եռակողմանի յայտարարութեան հիմամբ Ատրպէյճանին յանձնուեցան բացի նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին շուրջ գտնուող արցախեան պատմական տարածքներէն, նաեւ Հատրութի եւ Շուշիի շրջանները, իսկ հիւսիսէն՝ Թալիշ եւ Մատաղիս գիւղերը:
Այս բոլոր շրջաններուն ընդհանուր տարածութիւնը կը գնահատուի շուրջ 8500 քառ. քմ-ով: Բոլոր բռնագրաւուած շրջաններուն մէջ ալ կան (կամ կային) հայկական մշակութային ժառանգութիւնը հաստատող կոթողներ, պատմամշակութային յուշարձաններ՝ վանական համալիրներ, եկեղեցիներ, քաղաքացիական եւ զինուորական պատմական շինութիւններ: Անոնց թիւը հարիւրներով է եւ նկատի ունենալով ատրպէյճանական նկրտումներն ու ալիեւեան վարչակարգի հակահայ վարքագիծը մենք՝ հայերս ամէն պատճառ ունինք մտահոգուելու պատմամշակութային այդ յուշարձաններու ճակատագիրով: Արցախեան բռնագրաւեալ հողերուն հայապատկանելիութիւնը ապացուցող յուշարձաններ են անոնք, եւ վստահաբար Ատրպէյճանը ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ ջնջելու համար պատմական յիշողութիւնը այդ շրջաններէն:
Մեր այս խօսքերուն ճշմարտացիութիւնը շեշտելու համար բերենք ցայտուն ապացոյց մը: Արցախեան Ակնայ շրջանին մէջ (Աղտամ) բլուրի մը վրայ անցնող տասնամեակներուն ընթացքին մեր հայ մասնագէտ պատմաբանները եւ հնագէտները յայտնաբերեցին մեր աշխարհակալ թագաւոր Տիգրան Մեծի կառուցած արցախեան Տիգրանակերտը: Հսկայական հնագիտական նիւթ պեղուեցաւ քաղաքին կառուցուածքին մասին, եւ այդ ժամանակաշրջանէն աներեւակայելի քանակութեան փաստացի նիւթ հաւաքուեցաւ: Ափսոս է, որ այս հսկայական հնագիտական աշխատանքը, որ ցոյց կու տայ այդ աշխարհագրական շրջանի հազարաւոր տարիներու վրայ երկարող հայկական պատկանելիութիւնը, մնացած է ատրպէյճանական բռնագրաւումին ներքեւ:
Կարդացեք նաև
Արցախի հայկական պատմաճարտարապետական յուշարձաններու նկատմամբ Ատրպէյճանի պետական վարքագիծը ցոյց տուած է, որ ատրպէյճանական կողմէն հետեւողականօրէն կը կիրարկուի մշակութային ցեղասպանութիւն: Ո՛ւր որ ալ իրենց վերահսկողութիւնը հաստատած են, ատրպէյճանցիք նախ փորձած են հիմնայատակ գետնին հաւասարեցնել իրենց հանդիպած եկեղեցին կամ մշակութային յուշարձանը, իսկ երբ չեն կրցած իրենց այս նպատակը իրականացնել, պետականօրէն անցած են տուեալ պատմամշակութային կոթողի ինքնութեան խեղաթիւրումին եւ իւրացման՝ նշելով միաժամանակ, որ այսինչ կամ այնինչ եկեղեցւոյ կամ վանական համալիրին մէջ գտնուող հայկական արձանագրութիւնները նախորդ 30 տարուան ընթացքին հայերը իրենք աւելցուցած են:
Յայտնենք, որ անցեալ տարի Արցախի մշակութային ժառանգութեան պարզած վիճակը եւ անոր կրած փոփոխութիւնները մնայուն դիտարկումի ենթարկելու համար ստեղծուած է «Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում» ծրագիրը, որուն համաձայն ալ նախորդ տարուան ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ ոչնչացուած են շուրջ 90 հայկական պատմամշակութային յուշարձաններ: Սեպտեմբեր 27 2021-ին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը դատապարտեց պատերազմի ընթացքին եւ պատերազմէն ետք Ատրպէյճանի կողմէ հայկական պատմամշակութային կոթողներուն դիտաւորեալ կերպով վնաս հասցնելը եւ «աղուանացում»-ը: Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ մնացած արցախեան հողերուն մէջ գտնուող հայկական յուշարձաններու պահպանման ի նպաստ բազմիցս կեցուածքներ արտայայտած են Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը: Զուտ հայկական մակարդակի վրայ, բացի պետական մակարդակով եղած յայտարարութիւններէն, Յունիս 1 2021-ին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը հայկական պատմամշակութային յուշարձաններու ճակատագիրին հարցը զօրաւոր կերպով յառաջ մղեց հետեւեալ միջազգային կազմակերպութիւններուն ուղղուած կոչով. UNESCO, ICOMOS, Global Heritage Fund, World Monuments Fund, ICCROM, Europa Nostra, Blueshield International, Getty Conservation Institude, International Council on Archives, International Federation of Library Associations and Institutions, International Council of Museums:
Իբրեւ եզրակացութիւն կրնանք նշել, որ այս հարցը՝ Ատրպէյճանի բռնագրաւման տակ մնացած հայկական պատմաճարտարապետական յուշարձաններու պահպանման հարցը կու գայ իր տեղը գրաւելու, այլ հարցերու կարգին, հայկական ուսանողական, երիտասարդական, մշակութային, կնոջական, քաղաքական, ազգային եւ այլ բնոյթի կազմակերպութիւններու պայքարի օրակարգերուն մէջ, մանաւանդ որ այս հարցը ուղղակիօրէն կապ ունի նաեւ Ատրպէյճանի պետութեան կիրարկած հայատեացութեան քաղաքականութեան հետ:
Ժագ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում