Նորելուկ համախմբում մըն է «Անթալիոյ Դիւանագիտական Համախմբում»ը (Antalya Diplomacy Forum), կամ, պահելու համար լեզուական կնիքը՝ Antalya Diplomasi Forumu։
Քաղաքական աշխարհի իրադարձութիւններուն հետ քայլ պահողին համար, յստակ է, թէ հաւանաբար քանի մը օրերու վրայ երկարելիք այս համախմբումը սուլթանամէտ Էրտողանի ձեւած-կարած աշխարհաքաղաքական կառոյցին մէկ շառաւիղն է։
Իւրայատուկ եւ ճարպիկ մօտեցում է լոպիինկի այս բնագաւառը աւելի եւս ընդլայնելն ու, համաշխարհայնացման ներկայ ընթացքին հետ քայլ պահելով, նմանօրինակ ոչ-կառավարական կազմակերպութեան մը ծածկոյթին տակ «ներդրումներ» կատարելը։ Գործելակերպ մը, որուն մէջ կը թուի մասնագիտացած ըլլալ Էրտողանի քարոզչական մեքենան։ Պարզ խօսքով, հոն վարպետ կատու մը կայ, որ մուկ որսալու ելած է…
«Անթալիոյ դիւանագիտական համախմբում»-ը բարձրաստիճան մասնագէտներու հաւաք մըն է, որուն կիզակէտը դիւանագիտական աշխարհն է։ Հրաւիրեալները քաղաքական առաջնորդներ են, որոնց կարգին՝ երկիրներու նախագահներ, դիւանագէտներ, քաղաքագէտներ, վերլուծաբաններ, տնտեսագէտներ, առեւտրականներ, մինչեւ իսկ գիտնականներ։
Կարդացեք նաև
Այս հարթակը ստեղծուած է միտքեր փոխանակելու, մտայղացումներ բանաձեւելու եւ միջազգային մարտահրաւէրներ դիմակայելու նպատակով: Սակայն, անմիջապէս նկատել տանք, որ սա միայն ծածկոյթն է, երեւութական երեսը:
Անդրանիկ համագումարը կազմակերպուեցաւ Յունիս 18-20, 2021-ին, մասնակցութեամբ քանի մը երկիրներու ղեկավարներու, նախարարներու, բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, մասնագէտ ակադեմականներու։ Մասնակցութիւն բերած էին Քոսովոյի, Մոնթենեկրոյի, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ, Հայիթիի եւ Սոմալիի (անշուշտ՝ եթէ օրինականօրէն գոյութիւն ունի) նախագահները, Ատրպէյճանէն հոծ պատուիրակութիւն մը, ղեկավարութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհան Պայրամովի, թրքամէտութեամբ ծանօթ՝ ամերիկացի դիւանագէտ Մաթիու Պրայզա եւ… շարքը երկար է։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում