Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Սփիւռքի վերակազմակերպումը անյետաձգելի հրամայական է». Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ

Փետրվար 04,2022 21:01

Սփիւռքի մասին խօսիլը այսօր տարօրինակ երեւոյթ մը չէ, այլ՝ բնական, որովհետեւ Սփիւռքը տագնապի մէջ է։ Ինչո՞ւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2022-ն «Սփիւռքի Տարի» հռչակեց։ Նման հռչակում կատարելու համար, վստահաբար եւ բնականաբար, Վեհափառ Հայրապետը լուրջ պատճառներ ունէր։ Նորին Սրբութեան բնորոշումով, Սփիւռքը սկսած է ծաւալիլ ու տարածուիլ։ Հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը Սփիւռքի մէջ է։ Սփիւռքը սկսած է մաշիլ ու գունաթափիլ։ Սփիւռքը սկսած է անտարբեր ըլլալ ինքն իր նկատմամբ, յուսախաբ՝ Հայաստանի նկատմամբ, յատկապէս Արցախի պատերազմէն ետք։ Երիտասարդութիւնը սկսած է հեռանալ մեր հաւաքական կեանքէն ու կառոյցներէն։ Օտարին ներկայութիւնը հայ կեանքին մէջ սկսած է դառնալ զգալի։ Այս բոլոր մտահոգութիւններուն եւ Սփիւռքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Ազդակ-Արարատ-Զարթօնք օրաթերթերուն եւ Կաթողիկոսարանի Cilicia TV-ին հետ ունեցած հարցազրոյցով մը։

1) Վեհափառ Տէր, նախ ինչպէ՞ս կ’արժեւորէք 2021 տարին։

Աշխարհի ժամանակակից պատմութեան մէջ անցնող տարին բնորոշուեցաւ զանազան տագնապներով։ Հպանցիկ ակնարկով յիշենք գլխաւոր մարզերը միայն.- Քաղաքական իմաստով, հետզհետէ խորացող դիւանագիտական լարուածութիւնը գերպետութիւններուն միջեւ, Ուքրանիոյ հարցը, Հիւսիսային Քորէայի անլոյծ խնդիրը, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հիւլէական հարցին շուրջ տեղի ունեցող բանակցութիւնները կրնան աշխարհը առաջնորդել պաղ-պատերազմի եւ նոյնիսկ աննախատեսելի վտանգներու։ Կենսոլորտի տագնապը կը շարունակէ մնալ աւելի քան հրատապ՝ հակառակ պետութիւններու կողմէ կատարուած յանձնարարութիւններուն։ Համաճարակի նոր ալիքները կը շարունակեն աւեր գործել աշխարհի բոլոր կողմերը, հակառակ նախազգուշական ազդու միջոցներու կիրառման։ Հայաստանը տակաւին կ’ապրի յետ-պատերազմեան անորոշ եւ վտանգներով յղի վիճակի մէջ։ Արդարեւ, այսպէս կոչուած միջանցքներու ու սահմանագծումներու խնդիրը եւ յատկապէս Արցախի ապագան լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց դրած է Հայաստանը։ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց հարցը նոր հարցականներ կրնայ ստեղծել Հայաստանի ու ողջ հայութեան համար։ Անորոշութեան այս խորքին վրայ ներ-Հայաստանեան լարուածութիւնը աւելի կը բարդացնէ Հայաստանին դիմագրաւած ծանր դժուարութիւնները։ Բնականաբար, յիշեալ հարցերը համահայկական բնոյթ ունին եւ խորապէս կը մտահոգեն նաեւ Սփիւռքը։ Լիբանանի ներքին տագնապը կը շարունակուի առաւել թափով։ Յատկապէս ընկերատնտեսական տագնապը դարձած է անհանդուրժելի եւ զայն լուծելու եւ նոյնիսկ մեղմացնելու ճիգերը, փաստօրէն, բացակայ են։ Արդարեւ, աշխարհին մէջ խաղաղութեան հաստատումը մարդութեան երազը եղած է միշտ։ Մնայուն, իրաւ ու ամբողջական խաղաղութիւն կը հաստատուի արդարութեան, փոխադարձ հասկացողութեան, համագործակցութեան ու խաղաղ գոյակցութեան սկզբունքներու վրայ։ Այս գծով էական է կրօններու դերը։ Կ’աղօթենք, որ Աստուծոյ օրհնութեամբ Նոր Տարին դառնայ աշխարհը խաղաղութեան առաջնորդող տարի։

2) Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը համասփիւռքեան է, սակայն Կաթողիկոսարանը Լիբանանի մէջ հաստատուած ըլլալով, վստահաբար երկրէն ներս ստեղծուած տագնապը նաեւ իր բացասական ազդեցութիւնը ունեցաւ Կաթողիկոսութեան գործունէութեան վրայ։
Բնականաբար Կաթողիկոսարանին գործունէութիւնը եւս դիմագրաւեց բազմաթիւ դժուարութիւններ, յատկապէս տնտեսական մարզէն ներս՝ համաճարակի ստեղծած դժուար պայմաններուն, Լիբանանի դրամատուներու գործունէութեան խանգարումին եւ լիբանանեան թղթոսկիի ահաւոր անկումին հետեւանքով։ Սակայն թէ՛ Կաթողիկոսարանի ներքին աշխատանքները իրենց բնականոն ընթացքը շարունակեցին եւ թէ՛ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը վերանորոգ շեշտով շարունակուեցաւ՝ զանազան բնագաւառներէ ներս։ Մեր Սուրբ Աթոռին առաքելութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող միաբանութեան անդամները, Կաթողիկոսարանէն ներս թէ թեմերուն մէջ, իրենց ծառայութիւնը նուիրումով շարունակեցին։ Ժողովական կեանքը ընդհանրապէս առցանց անընդմիջաբար շարունակուեցաւ, ինչպէս նաեւ՝ Կաթողիկոսարան-թեմ յարաբերութիւնները։ Ներկայ տարուան համար նախատեսած ենք հետեւեալ կարեւոր ծրագիրները.- Արցախի նուիրուած գիտաժողով (9-10 Փետրուար), Միւռոնօրհնէք (1 Յուլիս), Միաբանական Ընդհանուր Ժողով (4-5 Յուլիս), Ազգային Ընդհ. Ժողով (7-9 Դեկտեմբեր)։ Ասոնց առընթեր, ներկայ տարուան Կաթողիկոսութեան առաքելութեան կիզակէտը պիտի դառնայ 2022-ն «Սփիւռքի Տարի» հռչակումը։ Այս օրերուն զանազան առիթներով շեշտեցինք, թէ Սփիւռքի վերակազմակերպումը դարձած է անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն։ Սփիւռքը չի կրնար այլեւս հինցած կառոյցներով, օրակարգերով ու մտածողութեամբ իր կեանքը շարունակել ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ։ Թէ՛ անտարբերութիւնը եւ թէ՛ գոհունակութիւնը Սփիւռքի ներկայ վիճակին նկատմամբ նոյնքան վնասաբեր են։ Վերանորոգումը կը սկսի երբ ընդունինք մեր թերութիւնը եւ ըլլանք դժգոհ նախ մեր անձերուն, մեր պարտականութիւններուն եւ ապա մեր շրջապատին նկատմամբ։ Սփիւռքի վերակազմակերպումը հաւաքական համոզում, ճիգ ու տեսլական կ’ենթադրէ։

Այս գործընթացին պէտք է մասնակից դառնան եկեղեցիէն սկսեալ մեր բոլոր կառոյցները, մտաւորականները ու մասնաւորաբար երիտասարդները։ Իւրաքանչիւրը ըսելիք եւ ընելիք պէտք է ունենայ՝ իրատես ոգիով ու գործնական մօտեցումով։ Հռչակագրին առընթեր, նաեւ ընդհանուր ուղեգիծ մը ղրկած ենք թեմերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ գործնապէս արժեւորել «Սփիւռքի Տարի»ն՝ իր առաջադրանքներով ու մարտահրաւէրներով։ Քանի մը օր առաջ, Կաթողիկոսարան հրաւիրեցինք շուրջ վաթսուն լիբանանահայ մտաւորականներ եւ ընդհանուր խորհրդակցութիւն մը ունեցանք «Սփիւռքի Տարի»ին առնչուած նիւթերու ու մտահոգութիւններու շուրջ։ Ան-հրաժեշտ է, որ նման հանդիպումներ տեղի ունենան բոլոր գաղութներէն ներս եւ անոնց յաջորդէ աւելի խորքային ու մասնագիտական մօտեցումով հաւաքներ մեր կեանքի զանազան բնագաւառներուն առնչուած։ Մթնոլորտի պատրաստութիւնը ու խորհրդակցութիւնը, տեսակէտներու ու մօտեցումներու փոխանակումը էական են վերանորոգման ու վերակազմակերպման գործնական քայլերու դիմելէ առաջ։

3) Վեհափառ Տէր, ինչպէս գիտէք, Լիբանանը շատ կենսական միջավայր հանդիսացած է եւ ներկայացուցած կեդրոնական հանգամանք՝ համասփիւռքեան առումով։ Լիբանանահայ համայնքը բոլոր առումներով, հակառակ իր դիմագրաւած ծանրագոյն փորձութիւններուն, մի՛շտ աջակցողի, հասնողի, կենսատու գաղութի գործառոյթներ իրականացուցած է։ Այսօր, սակայն, լիբանանահայը ի՛նք կարիքը ունի իր սփիւռքահայ հայրենակիցներու օգնութեան։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մեծագումար օժանդակութիւններ կը տրամադրէ՝ սնունդի, ընկերային աջակցութիւններու, նիւթական յատկացումներու եւ հիւանդանոցային բուժման։ Կը խնդրենք, որ այս մասին անդրադառնաք ընդհանուր գիծերը ընդգծելով։

Շուրջ երկու տարիէ ի վեր Լիբանանը ընկղմած է խոր տագնապի անդունդին մէջ։ Տագնապ մը, զոր ժողովուրդը ամէն վայրկեան կ’ապրի։

Տագնապ մը, որուն հետեւանքները կրնան ըլլալ աննախատեսելի՝ ներքին ու արտաքին իմաստով։ Այս մասին լայնօրէն անդրադարձած ենք Վատիկանի մէջ հոգեւոր պետերու ժողովին, Ֆրանսիս Պապին ներկայութեան, վերջերս Լիբանան ժամանած Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր Քարտուղարին, ինչպէս նաեւ զանազան հրապարակային առիթներով։ Այստեղ կ’ուզենք հակիրճ կերպով անդրադառնալ կարգ մը հիմնական կէտերու.- ա) Լիբանանի ներկայ տագնապին ստեղծման պատասխանատուները առաւելաբար պետական վարչամեքենայի վերնախաւի պատասխանատուներն են, որոնք վերջին երեսուն տարիներուն իրենց անփոյթ, անձնակեդրոն եւ ոչ-համարատու գործունէութեամբ երկիրը փտածութեան ու անիշխանութեան տիղմին մէջ խրեցին։ բ) Ներկայ տագնապը կը ստիպէ, որ երկրին պետական-քաղաքական կառոյցէն, ինչպէս նաեւ զանազան մարզերէն ու կառոյցներէն ներս հիմնական բարեկարգութիւններ կատարուին, բնականաբար պահելով համայնքային դրութիւնը։ Սա թէ՛ ժողովուրդին եւ թէ՛ միջազգային համայնքին սպասումն է եւ երկիրը տագնապէն դուրս բերելու կարեւոր միջոցներէն մէկը։ գ) Լիբանանի հայ համայնքը երկրին պետական համակարգին մաս կը կազմէ՝ իր պարտաւորութիւններով ու իրաւունքներով։ Երկրէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներու լոյսին տակ անհրաժեշտ է, որ համայնքի զաւակները համախմբուին մեր կառոյցներուն շուրջ, մասնակից դառնան մեր հաւաքական կեանքին եւ մեր քաղաքական ու համայնքային պատասխանատուները աչալուրջ ըլլան, որպէսզի կարելի ըլլայ պաշտպանել մեր իրաւունքները, որպէս Լիբանանի եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը։ դ) Ինչպէս բոլոր համայնքները, նաեւ մեր համայնքի զաւակները կը դիմագրաւեն ընկերատնտեսական ծանր դժուարութիւններ։ Աննախընթաց սղաճը, լիբանանեան թղթոսկիին ահաւոր անկումը, անգործութիւնը, դեղորայքի պակասը եւ այլ բազմաթիւ դժուարութիւններ կը շարունակեն իրենց անմիջական անդրադարձը ունենալ ժողովուրդի առօրեայ կեանքին վրայ։ Մեր կարելիութեան սահմաններէն ներս օգնեցինք մեր կառոյցներուն եւ ընտանիքներուն եւ տակաւին պիտի շարունակենք։ Սա մեր եկեղեցւոյ ծառայական կոչումին մաս կը կազմէ։ Այս ծիրէն ներս մեզի օգնեցին մեր թեմերը՝ յատկապէս Հիւսիսային Ամերիկայի թեմերը եւ նաեւ անհատ ազգայիններ։ Յայտնենք նաեւ, որ մեր կառոյցները եւս իրենց առաւելագոյնը կատարեցին օգտակար ըլլալու մեր զաւակներուն։ Բարձր կը գնահատենք բոլորին կատարած գործը։ Այս առիթով կ’ուզենք յատուկ կերպով յիշել Զուիցերիայէն ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ Պէզիքեանը։ Այս զոյգին կողմէ կատարուող օժանդակութիւնը, մասնաւորաբար մարդասիրական ու առողջապահական բնագաւառներէն ներս, արժանի է մեր բոլորի բարձր գնահատանքին ու խոր յարգանքին։

4) Վեհափառ Տէր, Դուք 2022 տարին հռչակեցիք «Սփիւռքի Տարի»։ Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այս հրամայականը, «Սփիւռքի Տարի» յայտարարելու այս անհրաժեշտութիւնը։

Հայաստան-Սփիւռք վերջին խորհրդաժողովին (Երեւան, 18-20 Սեպտեմբեր 2017), Մեր խօսքին մէջ յատուկ կարեւորութեամբ շեշտեցինք, թէ «Հայաստանը կը պարպուի եւ Սփիւռքը կը մաշի»։ Սա փաստացի իրողութիւն մըն էր եւ է այսօր՝ աւելիո՛վ։ Իրաւունք չունինք այս տխուր ու վտանգալից իրողութեան դիմաց լուռ մնալ։ Արտագաղթը Հայաստանէն դժբախտաբար մնայուն ընթացք է, առաւել կամ նուազ չափով. նոյնպէս՝ Սփիւռքին հայօրէն գունաթափումը ու մաշումը։ Երբ փորձենք խորաթափանց ակնարկ մը նետել գաղութներու ներքին կեանքի հոլովոյթին, յստակօրէն կը տեսնենք նահանջի ու մաշումի նշանները։ Հետեւաբար, Սփիւռքի վերակազմակերպումը անյետաձգելի հրամայական է։ Վերակազմակերպում ըսելով էապէս կը հասկնանք ներկայ կացութեան արժեւորում, Սփիւռքը դիմագրաւող մտահոգութիւններու, դժուարութիւններու ու մարտահրաւէրներու քննարկում, առաջնահերթութիւններու ճշդում, կառոյցներու կեանքին ու գործունէութեան վերատեսութիւն եւ ապա վերականգնումի, վերանորոգումի ու վերակազմակերպումի գործընթացի ճշդում։ Բնականաբար, սա դիւրին ծրագիր մը չէ եւ ոչ ալ կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին իրագործուելի աշխատանք. այլ՝ համապարփակ ու իրապաշտ մօտեցումով ծրագրուելիք ու հանգրուանային կերպով գործադրելի երկարատեւ գործընթաց։

5) Սուրբ Ծննդեան Պատարագի Ձեր պատգամին մէջ յայտարարեցիք, որ Սփիւռքի իրավիճակը քաոսային է։ Երեւանի մէջ, 2017-ի համահայկական համագումարին բնութագրելով Սփիւռքի կացութիւնը, ահազանգ հնչեցուցիք «Սփիւռքը կը մաշի»։ «Յո՞ երթաս Սփիւռք» հարցադրումը կարծէք այժմէական հնչեղութիւն ստացած է։ «Սփիւռքի Տարի» յայտարարելով ի՞նչ աշխատանքային հիմնական ուղղութիւններ կը թելադրէք։

Ինչպէս քիչ առաջ շեշտեցինք, Սփիւռքի վերակազմակերպումը այլեւս դարձած է անխուսափելի։ Անցնող տարուան ընթացքին, այս գծով յօդուածներ գրուեցան, արտայայտութիւններ կատարուեցան, նշումներ եղան։ Հետեւաբար, «Սփիւռքի Տարի» հռչակումը պարագայական երեւոյթ մը չէ. ան մէկ կողմէն ներկայ իրողութեան նկատմամբ գործնական քայլ մըն է եւ միւս կողմէ՝ մտաւորականներու ու ղեկավարներուն կողմէ այս ուղղութեամբ արտայայտուած մտահոգութիւններուն եւ սպասումներուն ընդառաջումը։ Սփիւռքի վերակազմակերպման գծով մեր մօտեցումը զգացական, միակողմանի ու ինքնանպատակ պէտք չէ ըլլայ։ Կ’ուզենք կարեւորութեամբ ընդգծել այս երեք բառերը.- Հարկ է ըլլալ ոչ-զգացական, որովհետեւ ինչպէս նշեցինք, Սփիւռքը փաստօրէն նահանջի մէջ է։ Անհրաժեշտ է իրապաշտ եւ համապատասխան մօտեցում ճշդել ներկայ կացութեան նկատմամբ։ Հարկ է ըլլալ ոչ-միակողմանի, որովհետեւ Սփիւռքը համահայկական կեանքէն կտրուած ու լուսանցքայնացած իրականութիւն մը չէ, այլ անքակտելի մասը՝ մէկ ու ամբողջական հայութեան։ Հետեւաբար, մեր արժեւորումները, վերլուծումները ու առնելիք քայլերը պէտք համահայկական շրջագծէն ներս կատարուին։ Վերջապէս, հարկ է ըլլալ ոչ-ինքնանպատակ, որովհետեւ Սփիւռքի վերակազմակերպումը պէտք է կատարուի ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման։ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիութիւնը լոզունգ չէ, պէտք չէ դառնայ, այլ մեր ազգի գաղափարախօսութեան խորքը, հենքը եւ նպատակը։ Հզօր, կազմակերպ ու կենսունակ Սփիւռք կ’ենթադրէ նոյնպէս հզօր, կազմակերպ ու կենսունակ Հայաստան եւ Արցախ։ «Սփիւռքի Տարի» հռչակագրին մէջ ընդհանուր գծերով պարզած ենք այն հիմնական կէտերը, մարզերը ու երեւոյթները, որոնք կը կարօտին լուրջ քննարկման։ Օրինակ, արեւմտահայերէնի նահանջը, համայնքային կառոյցներու գործունէութեան օրակարգերու ու կանոնագրութեան վերանայումը, երիտասարդներուն ու երիտասարդուհիներուն գործօն մասնակցութիւնը հայ կեանքին մէջ, մեր ներուժին ճիշդ ու ամբողջական օգտագործումը, ներ-գաղութային եւ համա-սփիւռքեան գործակցութեան ամրապնդումը եւ գործունէութեան ներդաշնակումը եւ այլ նմանօրինակ հիմնական հարցեր։ Այս աշխատանքը անհրաժեշտ է, որ ըլլայ հաւաքական կերպով ու մասնագիտական մօտեցումով եւ նկատի ունենալով ներկայ աշխարհի յարափոփոխ պայմանները, նոր իրականութիւնները, ինչպէս նաեւ գաղութներու ներքին դրուածքն ու շրջապատը։ Կը խօսինք բազմատարած ու բազմերես աշխատանքի մասին, որուն մասնակից պէտք է ըլլան բոլոր կառոյցները, պատասխանատուները եւ յատկապէս մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիները, որոնք կոչուած են նոր շունչ տալու շնչասպառ ըլլալու վտանգին ենթակայ մեր կառոյցներուն եւ նոր արիւն ներարկելու լճացման վտանգին ենթակայ մեր գաղութներուն։ Այս հաստատումները թերեւս ոմանց ականջին տարօրինակ թուին, սակայն կատարուած նշումները դժբախտաբար իրականութեան կը համապատասխանեն։ Հետեւաբար, եկեղեցիէն սկսեալ մինչեւ մեր բոլոր կառոյցները քաջութիւնը, իմաստութիւնը եւ յանձնառութիւնը պէտք է ունենան վերանորոգուելու ու վերանորոգելու, վերակազմակերպուելու ու վերակազմակերպելու մեր հայեցակէտերը, մեր համոզումները, մեր կառոյցները, մեր համայնքները եւ վերջապէս մեր ազգը, այնպիսի արժեչափերով, որոնք համահունչ են մեր գերագոյն իղձերուն ու արժէքներուն։ Այլապէս, համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ պիտի մնանք առանձին միջազգային համայնքի լուսանցքին վրայ։ Ըլլա՛նք իրատես, ոչ յոռետես։ Ըլլա՛նք լայնահայեաց, ոչ ինքնակեդրոն։ Ըլլա՛նք ներկային մէջ անցեալը եւ ներկան իրար շաղախող, ոչ ներկային մէջ անցեալը ապրող։ Ըլլա՛նք եղածը բարելաւող, ոչ եղածը պահող։ Ա՛յս է վերականգման ու վերակազմակերպման ճիշդ ճամբան։

6) Վեհափառ Տէր, բարդ է Սփիւռքի սահմանումը. ունինք դասական Սփիւռքը եւ նոր բայց անկազմակերպ, ցիր ու ցան Սփիւռքը։ Այս ներսփիւռքեան հատուածներուն միջեւ աշխատանքը ինչպէ՞ս պիտի համակարգուի։
Սփիւռքը խառնաշփոթ վիճակ մը կը պարզէ՝ իր խայտաբղէտ, գոյնզգոյն, աններդաշնակ ու ցիրուցան պատկերով։ Չմոռնանք, որ ներկայ Սփիւռքը յառաջացած է երեք սփիւռքներէ.- Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիներէ գոյաւորուած սփիւռքը, որ հիմքը կը կազմէ ներկայ Սփիւռքին. Սովետական Միութենէն հեռացած հայորդիներէ կազմուած սփիւռքը եւ Հայաստանէն արտագաղթած հայորդիներէ գոյացած սփիւռքը։ Երեք սփիւռքները պատմական տարբեր հոլովոյթի ենթակայ ըլլալով, տարբեր աւանդութիւններ, մօտեցումներ եւ փորձառութիւն ունին։ Հասարակաց գիծերու առընթեր, տարբերութիւնները ակնյայտ են անոնց միջեւ՝ նոյնիսկ նոյն գաղութին մէջ։ Հայաստանի վերանկախացումէն աւելի քան 30 տարիներ անցած են, եւ փաստօրէն՝ երեք սփիւռքներու ներդաշնակումը կարելի չէ եղած։ Սփիւռքի վերակազմակերպումի աշխատանքներու ընթացքին յատուկ կարեւորութիւն հարկ է տրուի այս երեւոյթին։ Մեր հռչակագրին մէջ առաջարկած ենք, որ աշխատանքի մեքանիզմներ ճշդուին ընդհանրացումներէ ու պարագայական քայլերէ խուսափելու համար, ինչպէս նաեւ՝ յստակ ժամանակացոյց։ Իւրաքանչիւր կառոյց ի՛նք պէտք է կատարէ իր ներքին վերակազմակերպումը եւ ապա տուեալ գաղութէն ներս գործող կառոյցներու միջեւ կատարուած աշխատանքներու համադրում ու ներդաշնակում հարկ է տեղի ունենայ՝ ճշդելով հասարակաց սկզբունքներ ու նպատակներ եւ պահելով իւրաքանչիւրին իւրայատկութիւնը։ Դարձեալ կը կրկնենք, սա բարդ, դժուար եւ զգայուն աշխատանք է։ Ամէն բանէ առաջ պատասխանատուներ համոզուած պէտք է ըլլան, թէ իրենց ղեկավարութեան յանձնուած կառոյցը հրամայական կարիքը ունի վերարժեւորման, վերանորոգման ու վերակազմակերպման։ Այս համոզումը պէտք է դառնայ մղիչ ուժը վերակազմակերպումի աշխատանքներուն։ Մթնոլորտի պատրաստութիւնը եւս կը նկատենք յոյժ կարեւոր։ Սպասելի է, որ յառաջիկայ ամիսներուն այս գծով յօդուածներ գրուին, դասախօսութիւններ կազմակերպուին, քննարկումներ ու սեմինարներ տեղի ունենան, որպէսզի մեր թեմերը, կառոյցներն ու համայնքները խորապէս համոզուին, որ Սփիւռքի վերակազմակերպումն ու վերակենսաւորումը այլեւս դարձած են անյետաձգելի։

7) Իսկ պետութեան դերը ի՞նչ է։ Նախապէս կը գումարուէին համահայկական համագումարներ Երեւանի մէջ, կը գործէր Սփիւռքի նախարարութիւնը, կային մասնագիտական համախմբումներ, մշակուած էր համահայկական հռչակագիր, աշխատանքներու ձեռնարկուած էին Համազգային խորհուրդի կազմութեան համար, ուր ներկայացուած պիտի ըլլար Սփիւռքը՝ իր եկեղեցիներով, կուսակցութիւններով եւ միութիւններով։ Պետութեան դերի անհրաժեշտութիւնը ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք։
Անհրաժեշտ է միշտ յիշեցնել, թէ Սփիւռքը ինքնանպատակ չէ. ինչ որ Սփիւռքին կողմէ կը կատարուի, Հայաստանը, մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը եւ մեր ազգի գերագոյն իտէալները պէտք է դառնան կիզակէտը Սփիւռքի կեանքին, մտածողութեան ու գործին։ Բնականաբար, Սփիւռքի վերակազմակերպումը պէտք է կատարուի Սփիւռքին կողմէ։ Սակայն Հայաստանը չի կրնար անտարբեր ըլլալ եւ սոսկ դիտողի դերին մէջ մնալ։ Անհրաժեշտութեան պարագային հարկ է նաեւ Հայաստանի պետութեան եւ փորձագէտներուն նեցուկը ունենալ։ Եւ ճիշդ ատոր համար «Սփիւռքի Տարի»-ի հռչակագրէն յատուկ նամակներով օրինակներ ղրկեցինք Հայաստանի Նախագահ Արմէն Սարգսեանին, Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, Արցախի Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին, Հայաստանի Ազգ. Ժողովի Նախագահ Ալէն Սիմոնեանին, Արտաքին Գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին, ինչպէս նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Երուսաղէմի հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանին, հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ եւ Միջին Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանին՝ հրաւիրելով, որ իրենց տեսակէտները յայտնեն եւ մասնակցութիւն բերեն Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներուն։ Սփիւռքի վերակազմակերպումը համասփիւռքեան ճիգով պէտք է ըլլայ. սակայն, ինչպէս ընդգծեցինք, համասփիւռքեան ծրագրումը, ճիգը, մտածողութիւնն ու մօտեցումը հարկ է որ դիտուին ու իրագործուին համահայկական շրջագծէն ներս։ Մեր զանազան պատգամներուն ու գրութիւններուն մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձած ենք համահայկական մտածողութեան մշակման ու գործակցութեան զարգացման։ Ցարդ այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերու չենք կրցած դիմել եւ ոչ ալ խորքային մօտեցումով յիշեալ նիւթը քննարկած։ Փոքր ազգ ենք. իրաւունք չունինք Հայաստանը ձգելու իր վիճակին, Արցախը՝ իր վիճակին եւ Սփիւռքը՝ իր վիճակին։ Առանձին գործելը մեզ իրարմէ պիտի հեռացնէ։ Մենք զմեզ իրարու մօտեցնող օղակներու ամրացման կարիքը ունինք։ Միութիւն չի նշանակեր միաձեւութիւն, այլ՝ մէկ ամբողջութեան ամրացում եւ տարբերութիւններու ներդաշնակում։ Ահա թէ ինչու համասփիւռքեան մտածողութեան մշակումը ու գործակցութեան մեքանիզմներու զարգացումը, ի խնդիր համահայկական մտածողութեան մշակման ու գործակցութեան ամրապնդման, կը նկատենք առաջնահերթ։

8) Վեհափառ Տէր, «հզօր Հայաստան-հզօր Սփիւռք» տեսլականի մասին Ձեր գնահատականը տեղ գտած է Ձեր հռչակագրին մէջ։ Այս տեսլականը կը կարծէ՞ք որ վերաիմաստաւորուած է։ Կան արձագանգներ, որ կ’ըսեն, թէ առանց անկախ պետականութեան մենք ունեցանք հզօր Սփիւռք. բայց շրջուած տեսութիւնը՝ հզօր Սփիւռքը կ’ենթադրէ հզօր Հայաստան աւելի ընկալելի կը հնչէ մանաւանդ յետ-պատերազմեան ներկայ իրավիճակի պայմանները նկատի ունենալով։

Այս մասին արդէն անդրադարձանք։ Կրկնութեան գնով կ’ուզենք շեշտել, որ հզօր Սփիւռք կ’ենթադրէ հզօր Հայաստան, եւ՝ փոխադարձաբար։ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք, իրարմէ անջատ իրականութիւններ չեն, ոչ ալ՝ մրցակից։ Անհրաժեշտ է այս երեք իրականութիւնները տեսնել նո՛յն օղակի մէջ, մէկ ամբողջութեան մէջ, յարգելով հանդերձ անոնց իւրայատկութիւնները, յստակեցնելով անոնց դերերը ու անոնց միջեւ կատարելով աշխատանքի բաժանում։ Երեսուն տարիներու ընթացքին, փաստօրէն չկրցանք այս կէտին հասնիլ, հակառակ այն իրողութեան, որ որոշ ճիգ կատարուեցաւ այս ուղղութեամբ։ Օրինակ, Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ համազգային խորհուրդի մը կազմաւորման առաջին քայլը առնուեցաւ, բայց կարելի չեղաւ շարունակել։ Հարկ է որ այս ուղղութեամբ աշխատանքները շարունակուին։ Հայաստան-Սփիւռք համաժողովները դրական մթնոլորտ մը ստեղծեցին։ Այս գծով անուրանալի է Սփիւռքի նախկին նախարարուհի Հրանուշ Յակոբեանին կարեւոր դերը։ Յիշեալ հանդիպումները եւս չշարունակուեցան։ Նկատի ունենալով Հայաստանի դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները, մեր ժողովուրդի համախմբումը համազգային օրակարգի մը շուրջ աւելի քան երբեք կը նկատենք առաջնահերթ։ Այս մասին զանազան առիթներով արտայայտուած ենք։ Ներկայիս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնը, փաստօրէն, լճացած վիճակ մը կը պարզէ։ Ան կարիքը ունի վերաշխուժացման, մասնաւորաբար 44-օրեայ պատերազմի ստեղծած անորոշութեան ու յուսախաբութեան մթնոլորտին մէջ այս հանգրուանին։

9) Ձեր պատգամին մէջ կարմիր թելով կ’անցնի մեր կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ նոր ոճ, նոր մարդուժ, նոր եղանակ ձեւաւորելու հրամայականը. բայց նաեւ՝ համագործակցութիւնը, ներդաշնակութիւնը, համասփիւռքեան եւ համահայկական օրակարգերու շուրջ համախմբուիլը։ Չէ՞ք կարծեր, Վեհափառ Տէր, որ այս բոլորը նաեւ նոր կառոյցներ կ’ենթադրեն. իսկ նորը ինչպէ՞ս պիտի ներդաշնակուի հինին հետ կամ ինչպէ՞ս պիտի փոխարինէ զայն։

Սփիւռքի համայնքներուն կեանքը ղեկավարողը, անոնց ամբողջականութիւնը պահպանողը, ինքնութիւնը երաշխաւորողը մեր կառոյցներն են։ Երբ կառոյցները զօրեղ են ու կազմակերպ՝ համայնքը կը դառնայ զօրեղ ու կազմակերպ։ Ահա թէ ինչու Մեր կարծիքով Սփիւռքի վերակազմակերպումի գործընթացին մէջ առանցքային դեր վերապահուած է կառոյցներուն։ Անոնց բարեկարգումը ու վերակազմակերպումը առանցքը, ուղեցոյցը ու մղիչ ոյժը պիտի դառնան գաղութի կեանքին վերաշխուժացման։ Ըլլանք իրապաշտ։ Այլեւս մեր երիտասարդները չեն կրնար ներկայ կեանքի պայմաններուն ու իրականութիւններուն ոչ-հաղորդ, ներկայ կեանքի մտահոգութիւններէն ու առաջնահերթութիւններէն հեռու, ներկային մէջ անցեալը ապրող կառոյցներու մաս կազմել։ Պահ մը դիտեցէք ձեր շրջապատը։ Մեր կառոյցները սկսած են պարպուիլ եւ լուսանցքայնանալ։ Հեռու մնանք ամէն բան վարդագոյն տեսնելու վնասաբեր մօտեցումներէ։ Ի՞նչ կ’արժէ շէնքերու, կանոնագրութիւններու, օրակարգերու, այլ խօսքով հինին կառչած մնալ, երբ մեր երիտասարդութիւնը կը հեռանայ մեզմէ։ Անցեալէն ժառանգուած աւանդութիւններու ու արժէքներու մեր հաւատարմութիւնը կը դառնայ տեսական, երբ մեր շուրջը դատարկութիւն տիրէ։ Եկեղեցին ժողովուրդն է, ոչ սոսկ ծէսն ու հոգեւորականը. պետութիւնը ժողովուրդն է, ոչ սոսկ իշխանութիւնն ու սահմանադրութիւնը. կառոյցը ժողովուրդն է, ոչ սոսկ ղեկավարութիւնը ու կանոնագրութիւնը։ Մենք ժողովուրդը պիտի պահենք, համախմբուինք, կազմակերպենք, կենսաւորենք ու հզօրացնենք, եւ եկեղեցին, պետութիւնը ու կառոյցը պէտք է ծրագրեն, գործեն ու ծառայեն ի սպաս ժողովուրդին։ Սփիւռքի մէջ մեր կառոյցները հրաշալի դեր կատարեցին հայապահպան իմաստով։ Սակայն հայապահպանումը ուրիշէն հեռու ըլլալը չէ այսօր, որովհետեւ ուրիշը մօտեցած է մեզի, նոյնիսկ մեր ընտանիքին մաս կը կազմէ։ Հայապահպանումը ուրիշէն տարբեր ըլլալն է եւ այդ տարբերութիւնը մեր մէջ կազմաւորողը ու արմատացնողը եկեղեցին է, դպրոցն է, ակումբն է։ Այսօր չենք կրնար մեր կառոյցներէն ներս բանտարկել մեր երիտասարդութիւնը, միայն հինը պահելով անոնց հայութիւն ներարկել։ Երիտասարդութեան մէկ կարեւոր մասը հեռու է մեր կառոյցներէն եւ նոյնիսկ՝ մեր հաւաքական կեանքէն։ Հետեւաբար, մեր մօտեցումները պէտք է ըլլան տարբեր։ Տարբեր ըլլալ չի նշանակեր հինը մոռնալ, անցեալին հակադրուիլ. այլ մեր մտածումները, առաջնահերթութիւնները, գործելակերպերը վերանորոգել՝ զանոնք դարձնելով համահունչ ներկայ պայմաններուն, կարիքներուն եւ սպասումներուն։ «Սփիւռքի Տարի»ն արթնութեան կոչ մըն է եւ հրաւէր՝ վերանորոգման ու վերակազմակերպման։

Շնորհակալութիւն, Վեհափառ Տէր, որ աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս համայն հայ ժողովուրդին փոխանցեցիք հայ կեանքին մտահոգութիւններուն, դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն առնչուած Ձեր պատկերացումները, ցուցմունքները, սպասումներն ու պատգամը։

«Սփիւռքի Տարի» Ձեր Հայրապետական հռչակագիրը անկիւնադարձային փաստաթուղթ մըն է եւ կարեւոր նախաբան՝ 2022 տարին սկսելու Սփիւռքի վերակազմակերպչական աշխատանքներու մեկնարկով։ Դարձեալ շնորհակալութիւն, Վեհափառ Տէր։

«Գանձասար»

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Մար »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28