Հայաստան-Արցախ եւ Սփիւռքի մէջ ապրող ամբողջ հայութեան համար ճակատագրական այս ժամանակաշրջանին՝ Արցախի պատերազմի ծանր պարտութենէն ու անկէ ետք յամեցող հարցերէն ետք, բայց մանաւանդ վերջին շաբաթներուն Ատրպէյճանէն հնչող յայտարարութիւններուն ու հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին շրջանառուող լուրերուն, ծրագրուող հանդիպումներուն եւ քաղաքական զարգացումներուն լոյսին տակ, հայրենի եւ սփիւռքի ժողովուրդը ոտքի է ու լրջօրէն մտահոգուած, իր բողոքն ու ընդվզումը յայտնելով, ընդդէմ բոլոր անոնց, որոնք՝ ներսէն կամ դուրսէն, դերակատար կ‘ուզեն դառնալ հայութեան ապագային։
Ընդվզումը շեշտակի է, մանաւանդ հայրենի իշխանաւորներու կեցուածքին պատճառով, անկէ հնչող հակասական կամ անհանգստացնող խօսքերուն պատճառով ու մեկնաբանութիւններու դուռ բացող յայտարարութիւններուն լոյսին տակ, որոնք փոխանակ հայութեան շահերուն տէր կանգնելու, անյոյս վիճակ մը կը պարտադրեն։
Արդարօրէն, ճակատագրական այս օրերուն, Սփիւռքը ոտքի է, դիմադրելով այն բոլոր ոտնձգութիւններուն, որոնք հայութեան վրայ կը ճնշուին, Թուրքիոյ հետ բարի դրացնութեան եւ այսքան տանջուած խաղաղութեան մը գաղափարը դաշտ բերելով, թիւր տպաւորութիւններ ստեղծելու, սահմանազատումի, սահմանագծումի, զանազան հարթակներու ստեղծման քաղաքական հաշիւներու պարտադրութեան տակ։
Ցեղասպանութենէն ետք Սփիւռքի մէջ ապրող 3-րդ ու 4-րդ սերունդներու հայկական ինքնութեան պահպանումն ու ապագան, ամբողջականօրէն կապուած են Հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան հոլովոյթով, Հայաստանի Հանրապետութեան ապահովութեան ու տարածքային ամբողջականութեան պահպանումով, Արցախի ազատութեան ու ինքնորոշման իրաւունքի արդար իրավիճակով եւ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդներուն իրաւունքներու պաշտպանութեամբ։ Այս պատճառներով է, որ Սփիւռքը, իր քաղաքական բովանդակ բնոյթով, երբեք չի կրնար հանդուրժել հայութեան իրաւունքներու ոտնահարումն ու շրջանցումը։
Առաւելաբար ու մանաւանդ, երբ Ցեղասպանութեան հետեւանքով կազմաւորուած սփիւռքեան գաղութներուն համար Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, հատուցման պահանջն ու հայութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան համար պայքարը՝ քաղաքական ենթահողը կազմող հիմնական տարրերը եղած են:
Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
«Եռագոյն»