Նիկոլ Փաշինեան իր վերջին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Հայ դատը երբեք Հայաստանի քաղաքականութիւն չի եղել… ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի շարժիչ ուժը եղել է Սփիւռքը»։
Փաշինեանի յայտարարութեան խորապատկերին մէջ յստակօրէն կ՚ուրուագծուի այն մտայնութիւնը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժառանգական յիշողութիւնը եւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հետապնդումը բացառապէս կը վերաբերին սփիւռքահայութեան. Խիստ վտանգաւոր եզրոյթ, որ կը սպառնայ նախ երկպառակել հայ ժողովուրդը, եւ աւելի՛ն՝ նսեմացնել Հայ Դատի կայացման ու հայոց իրաւունքներու վերականգնման պայքարի դիմադրողական ներուժը։
Տասնամեակներէ ի վեր, Սփիւռքի տարածքին հայոց պատմական դատին գծով նպատակաուուղուած աշխատանք տանող ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու մարտավարական առաջնահերթութիւններու կիզակէտը կը կազմեն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հատուցման գործընթացը, դիւանագիտական մակարդակի վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցութիւնը եւ Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան եւ անկախութեան ճանաչումը։
«Հայ դատը երբեք Հայաստանի քաղաքականութիւն չի եղել…» եզրոյթը տրամագծօրէն հակոտնեայ է Սփիւռքի քաղաքական լոպիինկի ամէնէն ազդեցիկ ու կազմակերպուած ուժին՝ Հայ Դատի յանձնախումբի առաքելութեան։ Տասնամեակներէ ի վեր, աշխարհասփիւռ Հայ Դատի յանձնախումբերու գործունէութեան կիզակէտը հանդիսացած է հայ ժողովուրդի ոտնահարուած իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, ազգային ձգտումներու իրագործումը, պատմական հայրենիքի հողատարածքին վրայ պետութիւն ունենալու հայ ազգի իրաւունքն ու համազգային պահանջատիրութեան անվկանդ հետապնդումը։
Կարդացեք նաև
Հայ Դատը միայն ցեղասպանութեան ճանաչումով չի սահմանափակուիր, Հայ Դատը նաեւ Արցախի հիմնահարց է, հայոց իրաւունքներու պահանջատիրութեան հարց է։
Սասունը, Շուշին, Սիսը, Կիլիկիան, Հադրութը, Գետաշէնը այսօր համընդհանուր դատի անփոխարինելի մասնիկներն են, իսկ Անգարայի համար, հայկական հարցի լուծման տարբերակը՝ Հայ Դատի ու հայութեան հաւաքական յիշողութիւնը թաղելն ու գերեզմանելն է։ Փաստօրէն, թրքական իրերայաջորդ վարչակարգերու՝ Ապտուլ համիտեան, իթթիհատական եւ քեմալական իշխանութիւններու ազգայնամոլ պետական քաղաքականութեանց հիմք ծառայած է հայկական հարցի ընդմիշտ անէացումն ու չէզոքացումը, իսկ Էրտողանի վարչակարգի օրով՝ հայկական հարցին եւ համայն հայութեան հարուածը տրուեցաւ Արցախեան վերջին պատերազմի ընթացքին, Անգարայի ռազմական գործօն մասնակցութեամբ։ Յստակ է, որ Անգարայի համար, ցեղասպանութեան ճանաչման պատճառահետեւանքային քաղաքական թուաբանութեան արդիւնքն ու հետեւութիւնը՝ հայ ազգի սեփականութեան վերականգնման եւ հատուցման հարցն է, բռնագրաւեալ հողատարածքի հարցն է։
Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդնման ու զարգացման դէմ ուղղուած պառակտիչ յայտարարութիւններով, Փաշինեան եւ իր վարչախումբը կը խախտեն հայ ժողովուրդի տարբեր հատուածներու միջև փոխվստահութիւնն ու միասնականութիւնը։
Ակնյայտ է, որ Հայ Դատն ու մեր ազգային արժէքները աքացահարելու իրենց պարականոն վարքագծով, այս վարչախումբը նոր տիպի երկպառակտման մը նախերգանքն է որ կը կատարէ։
Սարգիս Զէյթլեան
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում: