Ազգային Քաղաքականի Յիշողութեան Կորուստ եւ Միացման-Պառակտման Հանդէս
«Եռագոյն». Ամէն յեղափոխութիւն կը շոգիանայ իր ետին ձգելով միայն նոր դիւանակալութեան մը մնացուկը:
Ֆրանց Քաֆքա (1883-1924)
Կ’ընթերցեմ, կը լսեմ, կը բաղդատեմ, կը մտածեմ «թաւիշի մնացուկ»-ի մասին:
Կարդացեք նաև
Նիկոլ Փաշինեանի խօսքերը Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու քաղաքական սկզբունքի բանաձեւում է, կոչուած՝ ըլլալու ազգի վաղուան (չ)ուղենիշ, դոկտրին: Եթէ ընդունուի:
Լսեցի եւ մամուլէն կարդացի զիրար լրացնող երկու հաստատումներ, որոնց ազգային հեռանկարը եւ իրականութեան համապատասխանութիւնը մեծապէս խնդրայարոյց են: Հայ մարդիկ եւ կազմակերպութիւններ, ներսը եւ դուրսը, ըսուածներու կողքով պէտք չէ անցնին, երբ անոնք Հանրապետութեան, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայ ազգի ապագային կը վերաբերին:
Վարչապետը Հայաստանի քաղաքական անցեալը,- նախանկախութիւն եւ յետանկախութիւն,- իր տեսանկիւնէն կը մեկնաբանէ, եւ կը միտի արդարացնել ներկայի իր զիջումնային քաղաքական վարքագիծը: Կ’ըսէ.
. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք Հայ Դատի քաղաքականութիւն չի վարել»:
. …Եւ «Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը գլխաւորապէս համարել է սփիւռքեան գործունէութեան արդիւնք»:
Որո՞ւ առջեւ արդարացում կը փնտռէ եւ ինչո՞ւ:
Ինչո՞ւ կառուցուած են եւ կը պահուին Ծիծեռնակաբերդի Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրը եւ Ցեղասպանութեան թանգարանը: Խորհրդային եւ վերանկախացած Հայաստանը կարեւորութեամբ նշած է Ցեղասպանութեան տարելիցները, եւ ժողովուրդը, դարձած ուխտաւորներու բազմութիւն, եկած է Ծիծեռնակաբերդ, խոնարհած, ծաղկեփունջերով ծածկած է Համալիրը: Ան ամէն տարի, երէց եւ երեխայ, հոն չէ եկած դիւանագիտական ծեքծեքումներ ընելու, այլ յիշելու մէկուկէս միլիոն զոհերը, բնիկները բռնգրաւուած հայրենիքի: Այս Հայաստանի ժողովուրդին եւ համայն հայութեան յիշողութեան քաղաքականութիւն է:
Հանրապետութեան կառավարական քաղաքականութիւնը եւ ժողովուրդի հաւատարմութեան ուխտը երբեւիցէ՞ տարբեր եղած են: Այսօր կ’անդրադառնանք, նոր իմաստութեամբ, որ տարբեր են: Իւրաքանչիւրը կը քալէ տարբեր ուղիով :
Ի՞նչ կը նշանակէ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը Հայ Դատի քաղաքականութիւն չի վարել»:
Երկիր մը քաղաքականութիւն կը վարէ նպատակի մը, ծրագրի մը համար:
Ի՞նչ բանի Ծրագիր է Հայ Դատը. Հայրենիքի պաշտպանութեան եւ հայրենիքի ազազատագրութեան: Հայ պետութիւնը, հայ քաղաքական գործիչը, ներսը եւ դուրսը, կրնա՞ն անջատուիլ այս էական իրականութենէն եւ անոր պահանջած պարտականութենէն: Ան նպարավաճառատուն չէ, որ փճացած ապրանքները աղբանոց դնէ: Հայրենիքը եւ անոր ժողովուրդը ապրանք չեն, որոնցմէ կարելի է զեղչ-վաճառքով (sold, sale) ձերբազատուիլ:
Եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք Հայ Դատի քաղաքականութիւն չի վարել, կը նշանակէ որ չէ ունեցած եւ չունի ազգային քաղաքականութիւն: Միթէ՞ այդ ըրած է միայն տուրիզմ քաջալերելու եւ Հիմանդրամ ստեղծելու համար:
Այս հրաժարումը պէտք է յայտարարուի, ազգը պէտք է գիտնայ, որ իր պետութիւնը ազգային քաղաքականութիւն չի վարեր: Այն ատեն պէտք է ճշմարտութեամբ ըսել, թէ ի՞նչ քաղաքականութիւն կը վարէ, ո՞ւր առաջնորդելու համար ժողովուրդը եւ հայրենիքը:
Հայ Դատի քաղաքականութիւն չվարել ի՞նչ բանի խոստում է: Եւ որո՞ւ: Վարչապետը այսքան ճշմարտութիւն պարտական է ժողովուրդին, որպէսզի ան գիտնայ, չդառնայ Ճորճ Oրուէլի թուանշանային արարածը, որուն կը պարտադրեն թութակաբար ըսել, թէ 2 անգամ 2 հաւասար է 5-ի, գիտնալով հանդերձ՝ որ հաւասար է 4-ի:
Որ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք Հայ Դատի քաղաքականութիւն չի վարել», խոստովանութի՞ւն է ինչ բանի, արդարացում ինչո՞ւ եւ որո՞ւ առջեւ: Հանրային կարծիքը իրաւունք ունի լուսաբանութիւն ստանալու: Ի՞նչ հասկնալ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինքզինք օտարա՞ծ է սփիւռքէն, թէեւ կը փորձէ հակակշռել սփիւռքը, անոր կարելիութիւնները ծառայացնել Հանրապետութեան, միաժամանակ ըսելով՝ «դուք ձեր գլխուն ճարը նայեցէ՛ք»:
Այսպէս կ’ըլլայ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ սեպ խրելը:
Որպէս հետեւանք Հայ Դատի քաղաքականութիւն չվարելու, Հանրապետութեան վարչապետը մեխի գլուխը կրկին կը հարուածէ, երբ կ’ըսէ. «Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը գլխաւորապէս համարել է սփիւռքեան գործունէութեան արդիւնք»: Պարզ. գիտենք, որ Թուրքիոյ համար ցեղասպանութեան որպէս այդպիսին ճանաչումը մերժելի է, քանի որ չէ եղած: Հանրապետութիւնը կ’ընէ պիղատոսեան ճշդումը, որ ինք մասնակից չէ այդ ճանաչման փորձերուն, ուստի անոնք արգելք չեն դրացիական համագործակցութեան:
Միթէ՞ ցեղասպանուած մէկուկէս միլիոն ջարդուածները այլ մոլորակի հայ ազգի զաւակներ էին:
Այսպէս, Հանրապետութիւնը զօրակցողը կը դառնայ ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքականութեան, որ կը նշանակէ, թէ Հանրապետութեան եւ սփիւռքի հայերը նոյն պատմութեան զաւակները չեն: Հետաքրքրական պիտի ըլլար գիտնալ, թէ այս դիրքորոշման մասին ի՞նչ կը մտածեն Հայաստանի ժողովուրդը, անոր մտաւորականութիւնը եւ Հայաստան ապաստան գտած ցեղասպանութենէ ճողոպրած հայերն ու անոնց ժառանգները:
Կրկին կը հարցնեմ. ինչպէ՞ս կ’ըլլայ ազգի անդամներուն միջեւ սեպ խրելը:
Ինչո՞ւ չենք սիրեր պարզ եւ ողջախոհական քաղաքական խօսքը, նոյնիսկ երբ ան հայու խօսք չէ: Կ’ըսեն, թէ ճշմարտութիւնը եւ գեղեցկութիւնը կը յատկանշուին պարզութեամբ: Ռուս պատգամաւոր Վիտալի Միլիոնով քաղաքական անսեթեւեթ խօսք ըսած է հայեւթուրք յարաբերութիւններու կանոնաւորման մասին: Այդ խօսքը Թուրքիան պիտի չլսէ, բայց Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը լսէ՞, հայեւթուրք յարաբերութիւններուն մէջ տեղ տալով հիմնական խնդիրներու, զորս Վիտալի Միլիոնով ներկայացուցած է մեզի պակսող քաջութեամբ: Ըսած է.
«Եթէ Թուրքիան ցանկանում է կարգաւորել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, թող ճանաչի Ցեղասպանութիւնը եւ վերադարձնի Արարատը»…
Ռուս պատգամաւո՞րը պիտի խօսի ցեղասպանութեան ճանաչման մասին եւ Հայաստանի վարչապետը պիտի ըսէ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը սփիւռքի գործ է: Վերաբերում՝ զոր քաջութեամբ պէտք է որակել:
Հայաստան եւ Սփիւռք, մէ՞կ թէ երկու: Այդ դեռ երէկ էր, որ լիահագագ կը յայտարարուէր մէկ հայրենիք, մէկ ազգ, մէկ լեզու… Հիմա կէսերէն մին կ’ըսէ, թէ միւսին հետապնդած քաղաքականութեան հետ ինք առնչութիւն չէ ունեցած եւ չունի…
Այս կուսակցական ընթացիկ աթոռ-աթոռակի պառակտում չէ:
Մէկ կէսի միւս կէսի անգիտացում է:
Ազգի երկփեղկում, տկարացում, անձնատուութիւն:
Եւ երբ հասնի հաշուեկշիռի եւ հաշուետուութեան պահը, ո՞վ որմէ հաշիւ պիտի պահանջէ, ո՞վ որու հաշիւ պիտի տայ: Եթէ դեռ հաշիւ պահանջող եւ հաշիւ տուող մնացած ըլլայ:
Երկփեղկուելով ինչպէ՞ս մէկութիւն պիտի ստեղծուի:
Կա՞յ աւելի լաւ եղանակ թշնամիին առարկայական դաշնակիցը ըլլալու:
Հայաստանեան մամուլին մէջ կարդացի ուշագրաւ յիշեցում մը, անցեալի ընդդիմադիր Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւններէն, որոնք կը վերաբերին հիմնական որոշումներու կայացման իրաւունքի: Ըսուած է.
«Մինչդեռ ընդդիմադիր պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանը նախկինում գտնում էր, որ նման որոշումներ կայացնելու համար անգամ Հայաստանում բնակուող հայ ժողովրդին հարցնելն է քիչ, պէտք է համայն հայութեան, սփիւռքի տեսակէտն էլ հաշուի առնել, անգամ եթէ ամենալեգիտիմ ձեւով ընտրուել են, որովհետեւ ընտրութիւններին քիչ թուով մարդիկ են մասնակցում ու դա չի կարող լինել Հայաստանի, հայ ժողովրդի որոշումը»:
Կարդա՛լ ուշադրութեամբ երէկ ըսուածը:
Այս խօսքերը պէտք է բաղդատել այսօրուան ՀԱՅ ԴԱՏի եւ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ վերաբերող նոյն Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն:
Ըսուած է նաեւ, որ «Հայաստանի սահմանադրութեամբ ՀՀ-ն, որպէս անկախ պետութիւն, հիմնադրուել է եւ հաստատուել համայն հայ ժողովրդի անունից»:
Այդ «համայն»ին մէջ ո՞ւր է Սփիւռքը, ինչպէ՞ս ներկայ է:
Ֆրանսացի գրող, բանաստեղծ, գծագրիչ, դերասան Անթոնէն Արթօ (1896-1948), իմաստուն խօսք ըսած է պառակտուած ժողովուրդներու ճակատագրին մասին: Կ’ըսէ. «Պատմութիւնը ժողովուրդներու միութեան հանդէպ դաւաճանութեան պատմութիւնն է»:
Քանի մը անգամ կարդալ եւ մտածել: Եթէ միջոց ըլլայ, Հայաստանի գլխաւոր պողոտաներուն վրայ, Հայ Մեծերու նուիրուած պաստառներու կողքին ներկայացնել նաեւ Արթօ Անթոնէնի խօսքը:
Միութիւն ստեղծելու անկարողութիւն եւ միութեան հանդէպ դաւաճանութիւն:
Ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ:
Երէկ: Այսօր:
Ո՞ւր է եւ ո՞վ է թշնամին:
Կը յաղթահարուի՞ մէկուն եւ միւսին միութեան հանդէպ դաւաճանութեան ախտը:
Ո՞ւր գտնել ժողովուրդի յանձնառու ողջախոհութիւնը, որպէսզի յաւերժ շուարածի պէս քարափին չմնանք:
… եւ դիտենք գնացքները որոնք կ’անցնին ու կ’երթան:
Յ. Պալեան