Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Յունուար ամսուայ վերջին շաբաթուայ ընթացքին նշուեցաւ Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթ։
Քրիստոնեաներու Միասնականութեան աղօթքի շաբթուան այս տարուայ եզրափակիչ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հռոմի Սուրբ Պօղոս տաճարի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի նախագահութեամբ։
Տարբեր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու կարգին այս արարողութեան ներկայ էր նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Սուրբ Աթոռի մօտ ներկայացուցիչ Գերշ. Տ Խաժակ Արք. Պարսամեան։
Արարողութեան սկիզբը Խաժակ Սրբազան Քահանայապետին փոխանցեց Ամենայն Հայոց Վեհափառի եղբայրական ջերմ ողջիւնները ու լաւագոյն մաղթանքները։
Հայ Առաքելական Եկեղեցու Արևմտյան Եվրոպայի Պատրիարքական Պատգամավորության գրասենյակ