Հայկական մակարդակի վրայ արդէն իսկ սկսած են երեւան գալ կեցուածքներ եւ դիրքորոշումներ, որոնք «առաւելներ» են Ատրպէյճանի համար։ Նման չափազանց մտահոգիչ կեցուածք որդեգրեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ քանի մը օր առաջ առցանց ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ «Մատրիտեան սկզբունքները, երբ բանակցութիւններու հիմք դարձան, անոնցմէ մին հողային ամբողջականութեան սկզբունքն է, զոր երկու կողմերն ալ իբրեւ բանակցութիւններու հիմք ընդունած են։ Այստեղ նկատի պէտք է ունենալ, որ Հայաստանի հանրապետութիւնը եւ Ատրպէյճան 1992-ին Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան ծիրին մէջ իրարու սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը ճանչցած են»։
Հայաստանի վարչապետին կողմէ նման յայտարարութիւն մտահոգութիւններու դուռ կը բանայ, որովհետեւ թէ՛ Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան ստեղծման մասին համաձայնագիրը, թէ 2007 ներկայացուած Մատրիտեան Սկզբունքները կը յիշատակեն Հելսինքեան Աքթի երեք դրոյթները՝ ուժի գործածութենէ կամ ուժի սպառնալիքէ խուսափում, պետութիւններու հողային ամբողջականութիւն եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունք։ Իսկ ծագած հարցումը այն է, թէ Հայաստանի վարչապետը ինչու միայն կը յիշէ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանման դրոյթը՝ չնշելով Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը, որ ամրագրուած է Մատրիտեան Սկզբունքներուն դրոյթներուն հիմը կազմող Հելսինքեան Աքթով։
Ատրպէյճանի սահմաններուն մէջ արցախահայութեան ինքնութեան պահպանման մասին խօսակցութիւնները մտահոգութեան այլ պատճառ մըն են։ Այս տեսակէտն ալ սկսած է արմատաւորուիլ հայ քաղաքական որոշ շրջանակներու մէջ, որոնք այլեւս չեն խօսիր Արցախի պետութեան անկախութեան մասին, այլ հրապարակ նետած են արցախահայութեան ինքնութեան պահպանման խնդիրը։
Մինչդեռ երեսուն տարի առաջ՝ Յուլիս 8, 1992-ին Հայաստանի հանրապետութեան խորհրդարանը, Գերագոյն Խորհուրդը որդեգրեց «Լեռային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին» որոշում, որուն երկրորդ կէտին մէջ նշուած է, թէ «Հայաստանի Հանրապետութեան համար անընդունելի է միջազգային կամ ներքին պետական որեւէ փաստաթուղթ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը կը նշէ Ատրպէյճանի կազմին մէջ»։ Այս պարագային պէտք է շեշտել «ներքին պետական որեւէ փաստաթուղթ» եզրը, որովհետեւ երեսուն տարի առաջ ընդունուած այս որոշումը այս օրերուն քաղաքական շահարկումներու նիւթի վերածուած է՝ իրատեսական քաղաքականութեան պատճառաբանութիւններով։
Կարդացեք նաև
Ա.Ա.
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում