Կիրակի, Յունուար 23-ի երեկոյեան կատարած իր բաւական երկար եւ ամբողջական յայտարարութեամբ, Հ.Հ. նախագահ Արմէն Սարգսեան կը բացատրէր եւ կը բացայայտէր իր հրաժարականի որոշումին դրդապատճառները, որոնք ըստ բաւականին հասկնալի էին հայորդիին համար:
Անհասկնալին այն էր, որ գրեթէ չորս տարիէ ի վեր պաշտօնի վրայ ըլլալով՝ արդեօք չէ՞ր անդրադարձած, թէ ինք առաւելաբար պարզ, փրոթոքոլային ներկայութիւն մըն էր, գլխաւորաբար ստորագրելով եւ վաւերացնելով վարչապետարանէն եկած տասնեակներով հրամանագրերը: Անոնց շարքին կային թղթածրարներ, որոնք կրնար արդարօրէն եւ իրաւացիօրէն չստորագրել եւ կացութիւն ստեղծել՝ գահավիժումը արգելակող ճակատումի դուռ բանալով:
Հաւանաբար շատեր կրկնեցին բազմիցս գործածուած՝ «Աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք» խօսքը, աւելցնելով, որ ի վերջոյ նախագահ Սարգսեան տեղի տուած էր եւ որոշած՝ հրաժեշտ առնել:
Դժուար է նոյնիսկ այս յապաղումը վերլուծել: Նախագահը քաջատեղեակ էր, թէ կրնար շատ աւելի առաջ ընդհատել իր հլու կամակատարի գործը եւ դուրս գալ քառակուսի անիւի վերածուած միջավայրէն:
Կարդացեք նաև
Նախագահ Սարգսեան օրին յայտարարեց, թէ տեղեակ չէր Նոյեմբեր 9, 2020-ին ստորագրուած եւ 44-օրեայ պատերազմը պարտութեամբ կնքած տխրահռչակ համաձայնագրէն: Հաւանաբար, կիսատ-պռատ տեղեկութիւններ հասած էին, թէ կացութիւնը լաւ վիճակ չէր պարզեր: Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ստեղծուած ողբալի կացութենէն եւս հպանցիկ տեղեկութիւններ հասած էին նախագահին: Տակաւին, (ան)պաշտպանութեան նախարութեան եւ բանակի մէջ տեղի ունեցած հետեւողական եւ անտեղի փոփոխութիւններէն ալ քիչ թէ շատ տեղեակ էր: Ան այդ բոլորին դիմաց մնաց լուռ ու կրաւորական հանդիսատես:
Շատեր, նկատի ունենալով Հայաստան-Թուրքիա բանակցութեանց բացումը եւ Ուքրայինայի մէջ ստեղծուած պայթուցիկ կացութիւնը, այն եզրակացութեան հասան, թէ այս դժնդակ պայմաններուն մէջ, նախագահը հեռացած է իր պաշտօնէն յաւելեալ ճնշումի տակ չիյնալու եւ քանդիչ նոր փաստաթուղթեր չստորագրելու համար:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում