1920-էն ի վեր, թրքական պետութեան մղձաւանջը եղաւ, եղած է ու պիտի մնայ ոչ թէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, այլ Հայ Դատի ԲՈՒՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ կազմող հողային հատուցումը: Այդ կը վկայեն հայ-թրքական հակամարտութեան այսպէս կոչուած «կարգաւորման» առ այսօր բացայայտուած երեք հանդիպում-բանակցութիւններու մասին մեզի ծանօթ տեղեկութիւններն ու անոնց վերլուծումը:
Ի տարբերութիւն հայութեան, միջազգային ու տարածաշրջանային խաղացող-պետութիւնները կ’ողջունեն վերջին օրերուն սկսուած բանակցութիւնները: Նոյնիսկ հակոտնեայ շահեր ունեցող ԱՄՆ-ն ու Իրանը համակարծիք են այս կապակցութեամբ, անշուշտ՝ իւրաքանչիւրը իր պետական շահերէն մեկնելով:
Չափազանց դժուար է, եթէ ոչ անհնարին, համաշխարհային այս ճնշման ու մեր ծանր պարտութեան պայմաններուն մէջ հրաժարիլ մեզի ՊԱՐՏԱԴՐՈՒԱԾ այս բանակցութիւններէն:
Մեր կարծիքով, հարկաւոր է մեր այս տկար կացութեան մէջ, դիւանագիտական հմուտ քայլերով անընդհատ ձգձգել այս բանակցութիւնները՝ մինչեւ տեսնենք, թէ ո՛ւր կրնան հասնիլ աշխարհաքաղաքական բուռն զարգացումները աշխարհի ու յատկապէս տարածաշրջանին մէջ՝ Ուքրանիա, Վրաստան, Սուրիա եւ այլուր: Ներկայ պայմաններուն մէջ հայկական կողմը հայկական կողմը ուրիշ ելք չունի բացի զիջումներու համաձայնելէ, որոնք անխուսափելիօրէն, ժխտական ճակատագրական հետեւանքներ պիտի ունենան մեզի համար: Բացառուած չէ, որ ռուս-թրքական ներկայի կիսասիրաբանութիւն-կիսահակադրութիւնը վերափոխուի երկուքին միջեւ բացայայտ եւ համընդհանուր հակամարտութեան՝ հայ-թրքական բանակցութիւններուն վրայ անոնց ձգելիք ուղղակի հետեւանքներով, ընդհուպ մինչեւ այդ բանակցութեանց սառեցումը կամ դադրեցումը:
Կարդացեք նաև
Իսկ եթէ ՀՀ-Թուրքիա բանակցութիւնները յանգին համաձայնագիրի ստորագրման, ուր էական-ճակատագրական զիջումներ պարտադրուած ըլլան հայութեան, հարկաւոր է այսօրուընէ պատրաստուիլ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ պատմութեան աղբանոցը նետելու այդ համաձայնութիւնը եւ զայն հաւանական ստորագրող հայ իշխանաւորները: Ասոր նախադէպը մենք տեսանք քառասնամեակ մը առաջ: 1982-ի ամռան Լիբանան ներխուժած եւ երկրին երկու երրորդը գրաւած Իսրայէլը Լիբանանին պարտադրեց 17 Մայիս 1983-ի պարտուողական համաձայնագիրը, սակայն լիբանանցի ժողովուրդին մեծ մասը մերժելով մերժեց զայն եւ անձնասպանական գործողութիւններով ու դիմադրական այլ ձեւերով պատառոտեց այդ համաձայնագիրը, որու մասին այսօր կը յիշեն միայն պատմաբաններն ու քաղաքականութեամբ զբաղուողները միայն:
Պատրա՞ստ ենք յանուն մեր հողի, պատուի եւ ապագայի՝ անգամ մը եւս մեռնելու՝ արժանապատիւ ապրելու համար: Ահա ա՛յս է այսօր բուն հարցը հայութեան համար: Բարեբախտաբար, ՀՀ-ի մէջ այսօր կը պատրաստուին այդ պայքարին նուիրուող հայորդիներ, որոնք կը թրծուին իրենց կեանքին իսկ գինով ամէն պարտուողական ծրագիր տապալելու գաղափարով՝ ռազմական եւ բժշկական համապատասխան գիտելիքներ ստանալով, մարզումներով ու գաղափարական դաստիարակութեամբ:
Իսկ այս ուղղութեամբ սփիւռքը, բացի խորհուրդներ տալէ, ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ի՞նչ կ’ընէ: Այս հարցումին պատասխանը չունինք եւ հորիզոնին վրայ իսկ բան չենք տեսներ…
Խմբագրական, Գէորգ ՆԱԹԱԼԻ (Եազըճեան)
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ Keghart կայքում: