Լրահոս
COP29-ի հակառակ կողմը
Օրվա լրահոսը

Սփիւռքն ու համազգային օրակարգը` նախագահի հրաժարականի հիմնաւորումներուն մէջ. «Ազդակ»

Հունվար 26,2022 09:30

Նախագահ Սարգսեանի հրաժարականը յանկարծակիութեան գործօնով կը յատկանշուի: Հակառակ անոր որ օրեր առաջ հայաստանեան որոշ լրատուակայքեր շրջանառութեան մէջ դրին նախագահի հեռանալու մասին լուրեր` բժշկական քննութիւններու պատճառով արձակուրդի երթալու առիթով:

Հրաժարականի մասին իր հրապարակած յայտարարութիւնը ամէնէն շատ կը խօսի բացակայող լիազօրութիւններու մասին: Նախագահը չունի գործառոյթներ կարեւորագոյն գործընթացներու վրայ ազդելու առումով: Նախագահ Սարգսեան կանխած է հարցումը, թէ ինչո՞ւ հիմա է, որ կ՛երթայ այդ քայլին, հակառակ անոր որ պաշտօնը ստանձնելու համաձայնութիւն տուած օրէն, ան կը գիտակցէր գործիքակազմի բացակայութեան իրականութեան:

Չի բացառուիր անշուշտ առողջական պատճառը: Արմէն Սարգսեան նոյն պատճառով հրաժարած էր վարչապետի պաշտօնէն: Այդուհանդերձ իր հիմնաւորումները քաղաքական բնոյթ ունին եւ անուղղակի ակնարկութիւն կը կատարեն առողջական պատճառներու մասին. «Իմ անձի հանդէպ այդ «մտահոգուածութիւնը» դուրս է գալիս նաեւ բարոյականութեան սահմաններից` վերջնական արդիւնքում ուղղակիօրէն բացասաբար ազդելով առողջութեան վրայ»:

Անշուշտ խոցելի է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս նման յայտարարութեամբ հանդէս գալը: Երեւոյթը աւելի յարիր է պետական հարուածով իշխանափոխութիւններ ընդգրկող ոչ ժողովրդավար պետութիւններուն, որոնց կը հետեւին ապաստանելու դիմումները:

Ա.- Տարբեր փուլերուն փոխուած է նախագահին մասնակցութեան աշխուժութեան չափը, այդուհանդերձ «ես չէի դադարում հաւատալ մեր վերջնական համազգային յաջողութեանը»: Պարզ է ըսուածը. նախագահը չէ յաջողած ձեւաւորել համազգային յաջողութիւն: Չէ յաջողած համախմբել համահայկական ներկայացուածութիւն պետութեան շուրջ:

Բ.- Նախագահական հիմնարկը պիտի ունենար հնարաւորութիւններ եւ գործիքներ` ազդելու արտաքին քաղաքական եւ տնտեսական, ներդրումային քաղաքականութեան վրայ, սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ միջազգային ասպարէզին մէջ համազգային շահերը յառաջ մղելու եւ նոր գիտակրթական ու բարձր արհեստագիտական միջավայր ձեւաւորելու համար: Ուրեմն` սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու վերաիմաստաւորում` նախագահին կողմէ կատարուելիք ուղենշային հունաւորումներով, չէ կայացած:

Գ.- Գործող Սահմանադրութիւնը, ըստ նախագահին, սփիւռքի յայտնի մասնագէտներուն համար ստեղծած է խոչընդոտներ պետական կառոյցներու մէջ ներգրաւուելու առումով: Ուղղակի արգելք երկքաղաքացիներուն ստանձնելու պետական պաշտօններ թէ՛ օրէնսդիրին, թէ՛ գործադիրին եւ թէ՛ Սահմանադրութեամբ ճշդուած այլ պետական կառոյցներուն մէջ:

Դ.- «Երբ անհրաժեշտ է համազգային միասնութիւն, նախագահական հիմնարկը պէտք չէ դառնայ բամբասանքներու ու դաւադրութեան տեսութիւններու թիրախ` անով իսկ շեղելով հասարակութեան ուշադրութիւնը կարեւորագոյն խնդիրներէն»: Դարձեալ համազգային միասնութեան բացակայութեան մասին է, զոր նախագահը չէ յաջողած կայացնել:

Վերջապէս`

Ե.- «Կրկին կրնայ հարց յառաջանալ, թէ ինչո՞ւ նախագահը չկրցաւ ազդել այն քաղաքական իրադարձութիւններուն վրայ, որոնք մեզ հասցուցած են ներկայ համազգային ճգնաժամին»: Անկախ հարցումին հռետորական բնոյթէն, այստեղ կայ բանաձեւ` «համազգային ճգնաժամ»: Եւ կայ յստակ ուղերձ. համազգային ճգնաժամը չի վերաբերիր միայն պատերազմին եւ պատերազմով ստեղծուած իրավիճակին, որ համազգային է անպայման, քանի որ հայրենիքը համազգային յղացք է, եւ ճգնաժամը ամբողջ ազգին կը վերաբերի: Շեշտուած են քաղաքական իրադարձութիւնները, որոնք միայն ներքին չեն, այլ նաեւ արտաքին: Հայկական կողմը կը գտնուի թոյլ վիճակի մէջ բանակցելու` տարի մը առաջ պատերազմ յաղթած թուրքեւազրպէյճանական դաշինքին հետ: Այս եւս համազգային ճգնաժամ է, որովհետեւ բանակցութեան նիւթերը կը վերաբերին հայրենի տարածքներուն համակողմանիօրէն: Բանակցելի կէտերուն, կարմիր գիծերուն, նախապայմաններուն չընդառաջելու հայկական կողմի մօտեցումներուն ճշդումին մասնակից չեն ո՛չ սփիւռքեան կառոյցներու ներկայացուցիչները, ո՛չ ալ սփիւռքի մասնագէտները:

Այս բոլորի չկայացման պատասխանատուութիւնը հրաժարականի հիմնաւորումներուն մէջ կեդրոնացած է գործող Սահմանադրութեան վրայ: Սահմանադրութիւնը չէր արգիլեր սակայն, որ սկսելու համար խորհրդատուական եւ քննարկման համահայկական կամ համազգային ձեւաչափեր եւ հարթակներ ստեղծուէին նախագահին նախաձեռնութեամբ: Պիտի յառաջանար հարց` այդ քննարկումներու եզրակացութիւնները որքանո՞վ պիտի ազդէին իշխանութիւններու ներքին-արտաքին քաղաքականութեան վրայ:

Տարակուսանքը ունի իր տրամաբանութիւնը. այդուհանդերձ նախագահը պէտք էր նախաձեռնէր համահայկական մարդուժի պետականութեան շուրջ համախմբումին:

«Ազդակ» օրաթերթի խմբագրականը

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31