ՀՅԴ Շուէտիոյ Կոմիտէութեան յայտարարութիւնը՝ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններու վերաբերեալ
Ականատես կ‘ըլլանք ՀՀ կառավարութեան ներքին և արտաքին պետականակործան քաղաքականութեան, եւ անկէ բխող Արցախի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան ու ապագային սպառնացող վտանգներուն եւ մարտահրաւէրներուն:
Նկատի ունենալով Հայաստանի հանրապետութեան իշխող ուժի ընթացքը, ցաւօք համոզուած ենք որ Հայաստան-Թուրքիա սկսող այս բանակցութիւնները պիտի հանգին հետեւեալին՝
1.ՀՀ իշխանութիւններու կողմէ հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացի հրաժարման:
Կարդացեք նաև
2.Արցախի Ազրպէյճանի յանձնումին:
3.Հայաստան-Թուրքիա առկայ միջպետական փաստացի սահմանի իրաւական ամրագրման:
4.եւ փանթուրանական ծրագրի մաս կազմող, այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի իրագործման:
ՀՀ իշխանութիւններէն կը պահանջուի շտապ երեւան հանել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ուղենիշերը, կարմիր գիծերը և իրողապէս չենթարկուիլ թուրքական նախապայմաններուն:
Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան մենաշնորհը չէ. այդ գործընթացին մէջ իր խօսքը պէտք է ունենայ աշխարհասփիւռ հայութիւնը: